ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 3

Ասոնք են այն ազգերը որոնք Տէրը թողուց, որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը, այսինքն Քանանացիներուն բոլոր պատերազմները չգիտցողները փորձէ.
2 (Միայն ասոր համար՝ որ Իսրայէլի որդիներուն սերունդը, մանաւանդ նախապէս չգիտցողները, պատերազմ սորվին ու գիտնան.)
3 Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները եւ բոլոր Քանանացիները ու Սիդոնացիները, Լիբանանի լեռը բնակող Խեւացիները, Բաաղհերմոն լեռնէն մինչեւ Եմաթի մուտքը։
4 Ասոնցմով պիտի փորձէր Իսրայէլը, որպէս զի գիտնայ թէ արդեօք պիտի հնազանդի՞ն Տէրոջը պատուիւանքներուն, որոնք Մովսէսին միջոցով անոնց հայրերուն տուեր էր։
5 Իսրայէլին որդիները Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն մէջ բնակեցան։
6 Անոնց աղջիկները իրենց կին առին ու իրենց աղջիկներն ալ անոնց տուին։ Անոնց աստուածները պաշտեցին։
7 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին եւ իրենց Տէր Աստուածը մոռնալով Բահաղիմը ու Աստարովթը պաշտեցին։
8 Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլին որդիները ութ տարի ծառայութիւն ըրին Քուսարսաթեմին։
9 Ետքը Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու Տէրը Իսրայէլի որդիներուն փրկիչ մը հանեց, Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզի որդին Գոթոնիէլը, որ զանոնք ազատեց։
10 Տէրոջը Հոգին անոր վրայ ըլլալով՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր ու երբ պատերազմի ելաւ, Տէրը Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորը անոր ձեռքը տուաւ եւ անոր ձեռքը Քուսարսաթեմի դէմ զօրացաւ։
11 Երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։ Կենեզեան Գոթոնիէլը մեռաւ։
12 Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելնուն համար Տէրը Մովաբի Էգղոն թագաւորը Իսրայէլին դէմ ուժովցուց։
13 Անիկա Ամմոնի ու Ամաղէկի որդիները իր քով հաւաքեց եւ գնաց Իսրայէլը զարկաւ ու Արմաւենիներուն քաղաքին տիրեց։
14 Եւ Իսրայէլին որդիները Մովաբի Էգղոն թագաւորին տասնըութը տարի ծառայուիթւն ըրին։
15 Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը անոնց փրկիչ մը հանեց, Բենիամինեան Գերային որդին Աւովդը, որ ահեկագործ էր ու Իսրայէլի որդիները անոր ձեռքով Մովաբի Էգղոն թագաւորին ընծայ ղրկեցին։
16 Աւովդ մէկ կանգնաչափ երկայնութեամբ երկսայրի սուր մը շինեց իրեն ու զանիկա լաթերուն տակէն իր աջ ազդրին վրայ կապեց։
17 Ընծան Մովաբի Էգղոն թագաւորին տարաւ. (Էգղոն խիստ գէր մարդ մըն էր.)
18 Երբ ընծան տուաւ լմնցուց, ընծան կրող մարդիկը ետ ղրկեց։
19 Ինք Գաղգաղայի մօտ եղած քարահանքէն ետ դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քեզի ծածուկ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա ըսաւ. «Լուռ կեցիր»։ Անոր քով եղողները դուրս ելան։
20 Աւովդ անոր մօտեցաւ։ Անիկա նստեր էր իրեն յատկացեալ ամառնային վերնատանը մէջ։ Աւովդ անոր ըսաւ. «Քեզի Աստուծոյ կողմանէ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա աթոռին վրայէն ելաւ։
21 Աւովդ իր ձախ ձեռքը երկնցնելով սուրը իր աջ ազդրին վրայէն քաշեց ու թագաւորին փորը խոթեց,
22 Այնպէս որ երկաթին ետեւէն կոթն ալ ներս մտաւ ու գիրուցը երկաթը բռնեց, այնպէս որ սուրը անոր փորէն չկրցաւ հանել ու աղբը դուրս ելաւ։
23 Աւովդ սրահը ելաւ ու վերնատանը դռները անոր վրայէն գոցեց ու փականքը զարկաւ։
24 Ինք ելաւ գնաց։ Էգղոնին ծառաները գացին նայեցան, որ ահա վերնատանը դռներուն փականքը գոցուած էր ու ըսին. «Անիկա անտարակոյս իր ամառնային սենեակին մէջ հարկաւորութեան գացած է՝ ՝»։
25 Բաւական սպասեցին՝ մինչեւ որ ամչցան, բայց ահա վերնատանը դռները չէին բացուեր։ Բանալին առին, բացին, ահա իրենց տէրը գետնին վրայ ինկած մեռած էր։
26 Քանի որ անոնք կը տընտընային՝ Աւովդ փախաւ եւ քարահանքէն անցնելով ողջ առողջ Սէիր հասաւ։
27 Երբ հասաւ, Եփրեմին լերանը վրայ փող հնչեցուց եւ Իսրայէլի որդիները անոր հետ այն լեռնէն վար իջան ու ինք անոնց առջեւէն կ’երթար։
28 Անոնց ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք, քանզի Տէրը ձեր թշնամիները, Մովաբացիները, ձեր ձեռքը տուաւ»։ Ուստի անոր ետեւէն իջան եւ Մովաբի առջեւէն՝ ՝ Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու չթողուցին, որ մարդ մը անցնի։
29 Այն ժամանակ Մովաբէն տասը հազարի չափ մարդ կոտորեցին, որոնց ամէնքն ալ յաղթանդամ ու զօրաւոր մարդիկ էին եւ մէ՛կը չկրցաւ փախչիլ։
30 Ու այն օրը Մովաբ Իսրայէլի ձեռքին տակ նուաճուեցաւ ու երկիրը ութսուն տարի հանգստացաւ։
31 Եւ անկէ յետոյ Անաթի որդին Սամեգար ելաւ ու եզներու խթանով մը Փղշտացիներէն վեց հարիւր մարդ կոտորեց եւ Իսրայէլը ազատեց։