ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 6
Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Տէրը զանոնք եօթը տարի Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց։
2 Մադիանացիներուն ձեռքը Իսրայէլին վրայ ուժովցաւ ու Իսրայէլին որդիները Մադիանացիներուն պատճառով իրենց համար լեռներու մէջ խոռոչներ, քարայրներ, պատնէշներ շինեցին։
3 Երբ Իսրայելացիները սերմ կը ցանէին, Մադիանացիները անոնց վրայ կ’ելլէին եւ Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչներն ալ կ’ելլէին
4 Եւ անոնց դէմ բանակ կազմելով գետնին բերքը կ’աւերէին մինչեւ Գազա ու Իսրայէլին ապրուստ մը չէին թողուր, ո՛չ ոչխար, ո՛չ արջառ եւ ո՛չ էշ.
5 Քանզի անոնք իրենց հօտերովն ու վրաններովը կ’ելլէին եւ մարախի պէս բազմութեամբ կու գային. թէ՛ անոնք եւ թէ՛ անոնց ուղտերը չէին համրուեր ու Իսրայէլի երկիրը կու գային զանիկա աւերելու համար։
6 Իսրայէլ Մադիանացիներուն պատճառով շատ աղքատացաւ։ Այն ատեն Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին։
7 Երբ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին Մադիանացիներուն պատճառով,
8 Տէրը Իսրայէլին որդիներուն մարգարէ մը ղրկեց ու անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ ծառայութեան տունէն դուրս բերի
9 Եւ ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու բոլոր ձեզի նեղութիւն տուողներուն ձեռքէն ազատեցի եւ զանոնք ձեր առջեւէն վռնտելով անոնց երկիրը ձեզի տուի
10 Ու ձեզի ըսի՝ ‘Ես եմ ձեր Եհովա Աստուածը. մի՛ վախնաք Ամօրհացիներուն աստուածներէն, որոնց երկրին մէջ կը բնակիք’։ Բայց դուք իմ խօսքիս մտիկ չըրիք’»։
11 Տէրոջը հրեշտակը եկաւ ու Աբիեզերեան Յովասին բեւեկնիին տակ նստաւ, որ Եփրայի մէջ էր ու Յովասին որդին Գեդէօն հնձանին մէջ ցորեն կը ծեծէր՝ Մադիանացիներուն երեսէն փախցնելու համար։
12 Տէրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։
13 Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, եթէ Տէրը մեզի հետ է, ինչո՞ւ համար այս բոլոր բաները մեր գլխուն եկան։ Ո՞ւր են անոր հրաշքները, որոնց մասին մեր հայրերը մեզի կը պատմեն՝ ըսելով թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն հանեց’. բայց հիմա Տէրը մեզ երեսէ ձգեց ու մեզ Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց»։
14 Տէրը անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Այդ քու զօրութիւնովդ գնա՛, որպէս զի Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն ազատես։ Չէ՞ որ ես քեզ ղրկեցի»։
15 Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, Տէր իմ, Իսրայէլը ինչո՞վ ազատեմ. ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ»։
16 Տէրը անոր ըսաւ. «Ես անշուշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ ու Մադիամը մէկ մարդու պէս պիտի զարնես»։
17 Եւ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ ես քու աչքիդ առջեւ շնորհք գտայ, ինծի նշան մը ցուցուր, որպէս զի գիտնամ թէ ինծի հետ խօսողը դուն ես։
18 Կ’աղաչեմ որ ասկէ չերթաս, մինչեւ ես քեզի գամ, իմ ընծաս բերեմ ու քու առջեւդ դնեմ»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Ես կ’սպասեմ մինչեւ որ դուն դառնաս»։
19 Գեդէօն ներս մտաւ, այծերէն ուլ մը եւ մէկ արդու ալիւրէ բաղարջ շօթեր պատրաստեց. միսը սակառի մը մէջ դրաւ ու արգանակն ալ պտուկի մը մէջ դրաւ եւ հրեշտակին առջեւ հանեց բեւեկնիին տակ ու անոր մատուցանեց։
20 Աստուծոյ հրեշտակը անոր ըսաւ. «Միսն ու բաղարջ շօթերը ա՛ռ այս վէմին վրայ դիր ու արգանակը թափէ՛»։ Անիկա այնպէս ըրաւ։
21 Այն ատեն Տէրոջը հրեշտակը իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց ու միսին եւ բաղարջ շօթերուն դպաւ ու վէմէն կրակ ելլելով միսը եւ բաղարջ շօթերը այրեց։ Տէրոջը հրեշտակը անոր աչքերուն առջեւէն գնաց։
22 Գեդէօն հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն էր։ Գեդէօն ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա Տէրոջը հրեշտակը երես առ երես տեսայ»։
23 Բայց Տէրը անոր ըսաւ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, մի՛ վախնար. պիտի չմեռնիս»։
24 Գեդէօն հոն Տէրոջը սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովա-Շալօմ կոչեց, որ մինչեւ այսօր Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ կեցած է։
25 Այն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Քու հօրդ զուարակը՝ եօթը տարեկան երկրորդ զուարակը՝ ա՛ռ եւ քու հօրդ ունեցած Բահաղին սեղանը փլցուր ու քովի Աստարովթը կոտրէ։
26 Եւ այս ապառաժ քարին գլուխը օրինաւոր կերպով՝ ՝ քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ ու երկրորդ զուարակը ա՛ռ եւ քու կոտրած Աստարովթիդ փայտերովը ողջակէզ ըրէ»։
27 Գեդէօն իր ծառաներէն տասը մարդ առաւ եւ Տէրոջը իրեն ըսածին պէս ըրաւ ու իր հօրը տունէն եւ քաղաքին մարդոցմէն վախնալով այս բանը ցորեկը ընելու տեղ՝ գիշերը ըրաւ։
28 Երբ քաղաքին մարդիկը առաւօտուն կանուխ ելան, տեսան որ Բահաղին սեղանը փլած եւ անոր քովի Աստարովթը կոտրած ու երկրորդ զուարակը շինուած սեղանին վրայ ողջակէզ եղած էր։
29 Ուստի իրարու ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ» եւ փնտռեցին ու քննեցին ու ըսուեցաւ թէ այս բանը Յովասին որդին Գեդէօնը ըրաւ։
30 Քաղաքին մարդիկը Յովասին ըսին. «Որդիդ դուրս հանէ, որպէս զի մեռցնենք, քանզի Բահաղին սեղանը փլցուցեր ու անոր քովի Աստարովթը կոտրեր է»։
31 Յովաս իր վրայ եկող բոլոր մարդոցը ըսաւ. «Միթէ Բահաղի իրաւունքը դո՞ւք պիտի պաշտպանէք, կամ թէ զանիկա դո՞ւք պիտի ազատէք. ով որ անոր իրաւունքը պաշտպանէ, թող մեռցուի մինչեւ առտու։ Եթէ անիկա աստուած է, թող ինք իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։
32 Եւ նոյն օրը զանիկա Յերոբաաղ անուանեց, քանզի ըսաւ. «Թող Բահաղ իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։
33 Եւ բոլոր Մադիանացիները, Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչները մէկտեղ հաւաքուեցան ու Յորդանանէն անցնելով՝ Յեզրայէլի հովտին մէջ բանակեցան։
34 Տէրոջը Հոգին Գեդէօնին վրայ հանգչեցաւ ու անիկա փող հնչեցուց եւ Աբիեզերեանները անոր քով հաւաքուեցան։
35 Մանասէին պատգամաւորներ ղրկեց, ան ալ անոր քով հաւաքուեցաւ եւ Ասերին, Զաբուղոնին ու Նեփթաղիմին ալ պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնք գացին զանոնք դիմաւորելու։
36 Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Եթէ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս ազատելու ես,
37 Ահա ես կալին մէջ բուրդի գզաթ մը կը դնեմ. եթէ միայն գզաթին վրայ ցօղ իջնէ, իսկ գետինը չոր ըլլայ, այն ատեն պիտի գիտնամ որ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես»։
38 Եւ այնպէս եղաւ, վասն զի առաւօտուն կանուխ ելաւ ու գզաթը քամեց։ Գզաթէն ցօղը քամեց, որ կոնք մը լեցուն ջուր եղաւ։
39 Այն ատեն Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Քու բարկութիւնդ իմ վրաս չբորբոքի ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ։ Այս անգամ գզաթովը փորձեմ. հիմա միայն գզաթը թող չորնայ ու բոլոր գետնին վրայ ցօղ ըլլայ»։
40 Այն գիշերը Աստուած այնպէս ըրաւ։ Միայն գզաթը չոր էր, բայց բոլոր գետնին վրայ ցօղ իջած էր։