ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 10

Աբիմելէքէն յետոյ Իսաքարեան Դովդայի որդիին Փուայի որդին Թովղա ելաւ Իսրայէլը ազատելու համար։ Անիկա Եփրեմին լեռը Սամիրի մէջ կը բնակէր։
2 Իսրայէլի մէջ քսանըերեք տարի դատաւորութիւն ըրաւ ու մեռաւ եւ Սամիրի մէջ թաղուեցաւ։
3 Անկէ յետոյ Գաղաադացի Յայիր ելաւ եւ Իսրայէլի մէջ քսանըերկու տարի դատաւորութիւն ըրաւ։
4 Անիկա երեսուն որդի ունէր, որոնք երեսուն աւանակի վրայ կը հեծնէին եւ անոնք Գաղաադի երկրին մէջ երեսուն քաղաք ունէին, որոնք մինչեւ այսօր Յայիրի գիւղաքաղաքները կը կոչուին։
5 Յայիր մեռաւ ու Կամօնի մէջ թաղուեցաւ։
6 Եւ Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը եւ Աստարովթը ու Ասորիներու աստուածները եւ Սիդոնի աստուածները ու Մովաբի աստուածները եւ Ամմոնի որդիներուն աստուածները ու Փղշտացիներու աստուածները պաշտեցին եւ Տէրը թողուցին ու անոր ծառայութիւն չըրին։
7 Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Փղշտացիներուն ձեռքն ու Ամմոնի որդիներուն ձեռքը մատնեց։
8 Անոնք տասնըութը տարի Իսրայէլին որդիները նեղեցին ու հարստահարեցին, այսինքն բոլոր Իսրայէլի որդիները, որոնք Յորդանանի անդիի կողմը, Գաղաադի մէջ, Ամօրհացիներուն երկրին մէջ կը բնակէին։
9 Նաեւ Ամմոնի որդիները Յորդանանէն անցան, որպէս զի Յուդային հետ, Բենիամինի հետ ու Եփրեմին տանը հետ ալ պատերազմին։ Իսրայէլ խիստ մեծ նեղութեան մէջ էր։
10 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու ըսին. «Քեզի դէմ մեղք գործեցինք, քանզի մեր Աստուածը թողուցինք ու Բահաղիմը պաշտեցինք»։
11 Եւ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Չէ՞ որ ձեզ ազատեցի Եգիպտացիներէն, Ամօրհացիներէն, Ամմոնի որդիներէն ու Փղշտացիներէն.
12 Նաեւ երբ Սիդոնացիները, Ամաղեկացիներն ու Մաոնացիները ձեզ նեղեցին ու դուք ինծի աղաղակեցիք, ես ձեզ անոնց ձեռքէն ազատեցի։
13 Բայց դուք զիս թողուցիք եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ըրիք. անոր համար ես անգամ մըն ալ ձեզ պիտի չազատեմ։
14 Գացէ՛ք ձեր ընտրած աստուածներուն աղաղակեցէք. ձեր նեղութեանը ատեն թող անոնք ձեզ ազատեն»։
15 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ըսին. «Մեղք գործեցինք. քու աչքիդ առջեւ ինչ որ հաճելի է, ըրէ մեզի. բայց միայն կ’աղաչենք, ազատէ մեզ այսօր»։
16 Ուստի իրենց մէջէն օտար աստուածները վերցուցին ու Տէրոջը ծառայութիւն ըրին եւ Անոր սիրտը վշտացաւ Իսրայէլի նեղութեանը համար։
17 Ամմոնի որդիները հաւաքուեցան ու Գաղաադի մէջ բանակեցան։ Իսրայէլի որդիներն ալ հաւաքուեցան ու Մասփայի մէջ բանակեցան։
18 Ժողովուրդն ու Գաղաադի իշխանները իրարու ըսին. «Ով որ Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմ ընելու սկսի, անիկա Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն գլուխը թող ըլլայ»։