ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 19
Այն օրերը երբ Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար, Եփրեմի լերանը կողմերը բնակող պանդուխտ Ղեւտացի մը կար, որ Յուդայի Բեթլեհէմէն հարճ մը առաւ իրեն։
2 Անոր հարճը անոր դէմ շնութիւն ընելով՝ անկէ իր հօրը տունը, Յուդայի Բեթլեհէմը գնաց ու չորս ամիսի չափ հոն կեցաւ։
3 Այրը անոր ետեւէն գնաց, որպէս զի քաղցրութեամբ խօսի անոր հետ ու զանիկա ետ բերէ։ Իրեն հետ առեր էր իր ծառան ու երկու էշ։ Կինը զանիկա իր հօրը տունը տարաւ եւ աղջկան հայրը երբ զանիկա տեսաւ, ուրախութեամբ զանիկա դիմաւորեց։
4 Աղջկան հայրը՝ անոր աները՝ զանիկա ներս առաւ եւ երեք օր անոր հետ նստաւ. կերան, խմեցին ու գիշերները հոն մնացին։
5 Չորրորդ օրը, երբ առաւօտուն կանուխ ելան, Ղեւտացին ոտքի ելաւ որպէս զի երթայ. բայց աղջկան հայրը իր փեսային ըսաւ. «Կտոր մը հաց կեր, որպէս զի սիրտդ ուժովնայ ու ետքը գացէք»։
6 Նստան ու երկուքը մէկտեղ կերան եւ խմեցին ու աղջկան հայրը այն մարդուն ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս գիշեր ալ հոս կեցիր, որ սիրտդ զուարճանայ»։
7 Այն մարդը ելաւ որ երթայ, բայց քանի որ աները բռնադատեց, այդ գիշեր ալ հոն մնաց։
8 Հինգերորդ օրը առաւօտուն կանուխ ելաւ որ երթայ։ Աղջկան հայրը ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, սիրտդ ուժովցուր» եւ ուշացուց մինչեւ կէսօրուան անցնիլը ու երկուքը մէկտեղ կերան։
9 Այն մարդը ելաւ՝ ինք, իր հարճն ու իր ծառան՝ ճամբայ երթալու համար. բայց անոր աները՝ աղջկան հայրը՝ ըսաւ անոր. «Ահա օրը իրիկուն ըլլալու վրայ է. կ’աղաչեմ, գիշեր հոս մնացէք։ Ահա օրը կ’իջնէ, գիշերը հոս կեցիր ու սիրտդ զուարճանայ եւ վաղը կանուխ ճամբայ ելէք ու ձեր վրանը գացէք»։
10 Սակայն Ղեւտացին գիշերը մնալ չուզեց ու ելաւ գնաց ու մինչեւ Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի մօտը եկաւ։ Իրեն հետ երկու համետած էշ ունէր ու իր հարճն ալ իրեն հետ էր։
11 Երբ Յեբուսի մօտեցան, օրը շատ անցած ըլլալուն համար, ծառան իր տիրոջը ըսաւ. «Եկուր այս Յեբուսացիներու քաղաքը երթանք ու գիշերը հոն մնանք»։
12 Բայց տէրը անոր ըսաւ. «Իսրայէլի որդիներէն չեղող օտարազգիներուն քաղաքը չերթանք, հապա մինչեւ Գաբաա անցնինք»։
13 Եւ իր ծառային ըսաւ. «Եկո՛ւր, այն տեղերէն մէկուն մօտենանք ու գիշերը Գաբաայի կամ Ռամայի մէջ մնանք»։
14 Ուստի անցան գացին ու երբ Բենիամինի Գաբաային մօտեցան՝ արեւը մարը մտաւ։
15 Հոն դարձան, որպէս զի Գաբաա մտնեն ու գիշերը հոն մնան։ Գացին քաղաքին հրապարակին մէջ նստան ու մարդ մը չկար, որ զանոնք իր տունը տանէր՝ գիշերը անցընելու համար։
16 Իրիկունը արտէն ծեր մարդ մը կու գար՝ իր գործէն դառնալով ու անիկա Եփրեմի լեռնէն էր եւ Գաբաայի մէջ պանդխտացեր էր, իսկ այն տեղին բնակիչները Բենիամինեաններ էին։
17 Երբ անիկա աչքերը վերցուց եւ ճամբորդները քաղաքին հրապարակին վրայ տեսաւ, ծեր մարդը ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաք եւ ո՞ւր կ’երթաք»։
18 Ու Ղեւտացին ըսաւ. «Մենք Յուդայի Բեթլեհէմէն մինչեւ Եփրեմի լերան կողմերը կ’անցնինք։ Ես այն տեղացի եմ ու մինչեւ Յուդայի Բեթլեհէմը գացի եւ հիմա Տէրոջը տունը կ’երթամ, բայց հոս զիս իր տունը ընդունող մարդ մը չկայ։
19 Մեր էշերուն համար յարդ ու ճարակ կայ եւ ինծի համար, քու աղախինիդ ու քու ծառաներուդ հետ եղող մանչուն համար հաց ու գինի ունիմ, բնաւ բան մը պակաս չէ»։
20 Այն ծեր մարդը ըսաւ. «Խաղաղութիւն քեզի. քու ամէն պակասութեանդ հոգը իմ վրայ ըլլայ. ուրեմն գիշերը հրապարակին մէջ մի՛ մնար»։
21 Ու զանիկա իր տունը տարաւ, էշերուն կեր տուաւ։ Անոնք ոտքերնին լուալէն ետքը կերան եւ խմեցին։
22 Երբ անոնց սիրտը կը զուարճանար, ահա քաղաքին բնակիչներէն չար մարդիկ տանը չորս կողմը պաշարեցին ու դուռը ձեռք առին եւ տանը տիրոջը, այն ծեր մարդուն հետ խօսեցան ու ըսին. «Տունդ եկող մարդը հանէ՛, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։
23 Այն տանտէրը անոնց ըսաւ. «Ո՛չ, եղբայրներս. կ’աղաչեմ, գէշութիւն մի՛ ընէք. այս մարդուն իմ տունս մտնելէն ետքը այս անզգամութիւնը մի՛ ընէք։
24 Ահա իմ կոյս աղջիկս ու այն մարդուն հարճը հիմա ձեզի հանեմ եւ զանոնք լլկեցէք ու ձեր ուզածը ըրէք անոնց, բայց այս մարդուն այս անզգամութեան գործը մի՛ ընէք»։
25 Բայց այն մարդիկը չուզեցին անոր խօսքին մտիկ ընել։ Այն մարդը իր հարճը բռնեց դուրս հանեց եւ անոնք զանիկա գիտցան ու բոլոր գիշերը զանիկա լլկեցին մինչեւ առաւօտ։ Երբ արշալոյսը ծագեցաւ, զանիկա թող տուին որ երթայ։
26 Այն կինը առտուան դէմ գնաց ու ինկաւ այն մարդուն տանը դրանը առջեւ, ուր իր տէրը կը կենար ու մինչեւ որ լուսցաւ հոն մնաց։
27 Անոր տէրը առաւօտուն ելաւ, տանը դռները բացաւ, որպէս զի ելլէ իր ճամբան երթայ եւ ահա իր հարճը, տանը դրանը առջեւ ինկեր էր եւ ձեռքերը սեմին վրայ էին
28 Ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, երթանք»։ Բայց պատասխան տուող չկար։ Այն ատեն զանիկա իր իշուն վրայ դրաւ ու իր տեղը գնաց։
29 Երբ իր տունը հասաւ, դանակ մը առաւ ու իր հարճը բռնեց եւ զանիկա ոսկորներովը տասներկու կտորի բաժնեց ու Իսրայէլի բոլոր սահմանները ղրկեց։
30 Եւ ամէն տեսնողները կ’ըսէին թէ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր այսպիսի բան մը ո՛չ եղեր է, ո՛չ ալ տեսնուեր է։ Ասոր վրայ մտածեցէ՛ք, խորհուրդ ըրէ՛ք ու խօսեցէք։