ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 24

Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին ու տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ։
2 Ու քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան։
3 Ներս մտնելով՝ Տէր Յիսուսին մարմինը չգտան։
4 Երբ դեռ անոնք այս բանին համար տարակուսանքի մէջ էին, ահա երկու մարդիկ լուսափայլ հանդերձներով հասան անոնց։
5 Երբ վախով լեցուած՝ երեսնին դէպի գետինը ծռեցին, այն մարդիկը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք.
6 Հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր.
7 ‘Որդին մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ’»։
8 Մտքերնին բերին անոր խօսքերը։
9 Ու գերեզմանէն դառնալով՝ այս բոլոր պատմեցին տասնըմէկին եւ ուրիշներու։
10 Այս կիներն էին Մարիամ Մագդաղինացին ու Յովհաննան եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ, որոնք այս բաները առաքեալներուն պատմեցին։
11 Բայց անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը ու չէին հաւատար անոնց։
12 Բայց Պետրոս ելաւ վազեց դէպի գերեզմանը ու ծռելով նայեցաւ եւ տեսաւ որ միայն կտաւները կը կենային ու գնաց՝ իր մտքին մէջ զարմանալով այն եղածին վրայ։
13 Աշակերտներէն երկուքը նոյն օրը գիւղ մը կ’երթային, որ Երուսաղէմէն վաթսուն ասպարէզ հեռու էր, անոր անունը Էմմաուս էր։
14 Անոնք կը խօսէին իրարու հետ այս բոլոր եղած անցքերուն վրայով։
15 Երբ անոնք կը խօսակցէին ու խորհրդածութիւն կ’ընէին, Յիսուս՝ ինքն ալ մօտենալով՝ անոնց հետ կ’երթար։
16 Բայց անոնց աչքերը բռնուած էին, որպէս զի զինք չճանչնան։
17 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք ու տրտմած ալ էք»։
18 Պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կղէովպաս էր ու ըսաւ անոր. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։
19 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար, որ Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ գործով ու խօսքով զօրաւոր մարգարէ մը եղաւ.
20 Ի՛նչպէս քահանայապետները ու մեր իշխանները մահուան մատնեցին զանիկա եւ խաչը հանեցին։
21 Իսկ մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր։ Այս ամենուն վրայ այս երրորդ օրն է, որ այս բաները եղան։
22 Բայց մեր մէջէն մէկ քանի կիներ ալ մեզ զարմացուցին։ Անոնք առտու կանուխ գերեզմանը գացին
23 Բայց անոր մարմինը չգտնելով՝ եկան ու ըսին թէ հրեշտակներու տեսիլք ալ տեսան, որոնք ըսեր են թէ՝ ‘Անիկա ողջ է’։
24 Մերիններէն մէկ քանիներն ալ գերեզմանը գացին ու այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին, միայն թէ զինք չտեսան»։
25 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան.
26 Չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր»։
27 Ու սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր։
28 Երբ մօտեցան այն գիւղին՝ ուր կ’երթային, ինք ալ ցուցուց որպէս թէ աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։
29 Բայց ստիպեցին ու ըսին. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած։ Ան մտաւ անոնց հետ։
30 Երբ ինք անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց։
31 Այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու զինք ճանչցան եւ ինք անոնցմէ աներեւոյթ եղաւ։
32 Իրարու կ’ըսէին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր»։
33 Նոյն ժամուն Երուսաղէմ դարձան ու մէկտեղ ժողվուած գտան տասնըմէկը ու անոնց հետ եղողները,
34 Որոնք կ’ըսէին թէ ‘Իրաւցընէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ’։
35 Եւ իրենք պատմեցին ինչ որ ճամբան պատահեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս ինքզինք իրենց ճանչցուց հացը կտրած ատենը։
36 Քանի որ այս բաները կը խօսէին, Յիսուս ինք կայնեցաւ անոնց մէջտեղը ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։
37 Բայց անոնք զարհուրելով կը վախնային ու կը կարծէին թէ ոգի մը կը տեսնեն։
38 Եւ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։
39 Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ»։
40 Այս ըսելով՝ ձեռքերը ու ոտքերը ցուցուց անոնց։
41 Երբ տակաւին իրենց ուրախութենէն չէին հաւատար եւ զարմանքի մէջ էին, ըսաւ անոնց. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։
42 Անոնք ալ կտոր մը խորոված ձուկ ու մեղրախորիսխ տուին իրեն։
43 Առաւ կերաւ անոնց առջեւ։
44 Եւ ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի, թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են»։
45 Այն ատեն անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան.
46 Եւ ըսաւ անոնց. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր,
47 Անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։
48 Ու դուք էք այս բաներուն վկաները։
49 Եւ ահա՛ ես իմ Հօրս խոստումը ձեզի կը ղրկեմ. բայց դուք Երուսաղէմ քաղաքիս մէջ նստեցէք, մինչեւ վերէն զօրութիւն առնէք ձեր վրայ»։
50 Եւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա հանեց ու իր ձեռքերը վեր վերցնելով՝ օրհնեց զանոնք։
51 Երբ զանոնք կ’օրհնէր, զատուեցաւ անոնցմէ ու վեր կ’ելլէր երկինք։
52 Անոնք ալ երկրպագութիւն ընելով անոր՝ մեծ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան.
53 Եւ ամէն ատեն տաճարին մէջ էին ու կը գովաբանէին եւ Աստուած կ’օրհնէին։ Ամէն։