ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 23

Բոլոր բազմութիւնը ոտքի ելլելով՝ տարին զանիկա Պիղատոսին
2 Ու սկսան անոր վրայով ամբաստանութիւն ընել եւ ըսել. «Ասիկա գտանք, որ մեր ազգը կը մոլորեցնէր ու Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր եւ իրեն համար կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է»։
3 Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։
4 Այն ատեն Պիղատոս քահանայապետներուն ու ժողովուրդին ըսաւ. «Ես այս մարդուն վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։
5 Բայց անոնք ոտք կը կոխէին ու կ’ըսէին թէ՝ «Ժողովուրդը իրար կ’անցնէ ու բոլոր Հրէաստանի մէջ կը սորվեցնէ՝ Գալիլիայէն սկսած մինչեւ այստեղ»։
6 Պիղատոս երբ լսեց Գալիլիայի համար, հարցուց թէ այդ մարդը Գալիլիացի՞ է։
7 Երբ իմացաւ թէ Հերովդէսին իշխանութեան տակէն է, զանիկա Հերովդէսին ղրկեց, քանզի ան ալ այն օրերը Երուսաղէմ էր։
8 Հերովդէս երբ Յիսուսը տեսաւ շատ ուրախացաւ, վասն զի ինք շատոնց կը փափաքէր զանիկա տեսնել. քանզի անոր վրայով շատ բաներ լսած էր եւ կը յուսար անկէ նշան մը տեսնել։
9 Ու շատ խօսքերով հարցուփորձ ըրաւ, բայց անիկա բնաւ պատասխան մը չտուաւ։
10 Քահանայապետներն ու դպիրներն ալ կեցեր էին եւ սաստիկ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայ։
11 Հերովդէս անարգեց զանիկա իր զօրականներուն հետ ու ծաղր ընելէն յետոյ փառաւոր հանդերձներ հագցուց անոր եւ նորէն Պիղատոսին ղրկեց։
12 Այն օրը Պիղատոս եւ Հերովդէս իրարու հետ բարեկամ եղան, որովհետեւ առաջ իրենց մէջտեղ թշնամութիւն կար։
13 Պիղատոս քահանայապետներն ու իշխանները եւ ժողովուրդը մէկտեղ կանչեց
14 Եւ ըսաւ անոնց. «Այս մարդը առջեւս բերիք ժողովուրդը մոլորեցնողի մը պէս, բայց ես ձեր առջեւ քննութիւն ընելով՝ ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ.
15 Ո՛չ ալ Հերովդէս, վասն զի ձեզ անոր ղրկեցի եւ ահա ատիկա մահու արժանի գործ մը ըրած չէ։
16 Ուրեմն պատիժ մը տամ անոր ու արձակեմ»։
17 (Իսկ տօնին ատենը պէտք էր որ մէկը արձակէր անոնց.)
18 Բոլոր բազմութիւնը մէկտեղ աղաղակեցին՝ ըսելով. «Վերցուր ատիկա ու Բարաբբան արձակէ մեզի»,
19 (Որ քաղաքին մէջ եղած խռովութեան մը եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր։)
20 Պիղատոս՝ Յիսուսը արձակել ուզելով՝ նորէն խօսեցաւ անոնց։
21 Բայց անոնք կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա, խաչը հանէ»։
22 Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա. ես ատոր վրայ մահու արժանի յանցանք մը չգտայ. ուրեմն պատիժ մը տամ ատոր ու արձակեմ»։
23 Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակներով ոտք կը կոխէին ու կ’ուզէին որ անիկա խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները զօրաւոր եղան։
24 Ու Պիղատոս վճռեց որ անոնց խնդիրքը գործադրուի։
25 Եւ անոնց ուզած մարդը, որ խռովութեան եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր, արձակեց անոնց եւ Յիսուսը իրենց կամքին յանձնեց։
26 Երբ զանիկա կը տանէին, Սիմոն Կիւրենացի ըսուած մէկը բռնեցին, որ արտէն կու գար եւ խաչը անոր վրայ դրին, որպէս զի Յիսուսին ետեւէն տանի։
27 Անոր ետեւէն կ’երթար ժողովուրդը մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ, որոնք կ’ողբային ու կու լային անոր ետեւէն։
28 Յիսուս դարձաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, իմ վրաս մի՛ լաք, հապա ձեր անձերուն վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ լացէք։
29 Վասն զի ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’։
30 Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. ‘Մեր վրայ ինկէք’ ու բլուրներուն՝ ‘Մեզ ծածկեցէք’։
31 Վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն»։
32 Ուրիշ երկու հոգի ալ՝ չարագործներ՝ բերուեցան անոր հետ սպաննուելու։
33 Երբ Գագաթ ըսուած տեղը հասան, հոն խաչը հանեցին զանիկա եւ այն չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը խաչեցին։
34 Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։
35 Եւ ժողովուրդը կայներ կը նայէր. իշխաններն ալ անոնց հետ կը նախատէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ ատիկա է Քրիստոսը, Աստուծոյ ընտրեալը»։
36 Զինուորներն ալ կը ծաղրէին. առջեւը կու գային, քացախ կը մատուցանէին անոր,
37 Ու կ’ըսէին. «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ»։
38 Ուր գիր մը գրուած էր Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայեցերէն գրերով, թէ ‘Ասիկա է Հրէից թագաւորը’։
39 Այն կախուած չարագործներէն մէկը հայհոյութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Եթէ դուն Քրիստոսն ես, ազատէ քու անձդ ու մեզ ալ»։
40 Իսկ միւսը զանիկա յանդիմանելով՝ ըսաւ. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։
41 Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։
42 Եւ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։
43 Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։
44 Ժամը վեցին ատեններն էր ու բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Արեւը խաւարեցաւ
45 Ու տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։
46 Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Ու երբ այս ըսաւ, հոգին տուաւ։
47 Հարիւրապետը եղածը տեսնելով՝ Աստուծոյ փառք տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցընէ այս մարդը արդար էր»։
48 Այս տեսարանը դիտելու համար ժողվուած բազմութիւնը եղած բաները տեսնելով կուրծքերնուն կը զարնէին ու ետ կը դառնային։
49 Իր բոլոր ճանչուորներն ալ հեռուն կայներ էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որոնք իր ետեւէն եկեր էին Գալիլիայէն ու կը տեսնէին այս բաները։
50 Մարդ մը՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի ու արդար մարդ մը,
51 (Ասիկա անոնց խորհուրդին ու գործին հաւանութիւն տուած չէր,) Հրեաներուն Արիմաթիա քաղաքէն, որ ինք ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կ’սպասէր։
52 Ասիկա Պիղատոսին գնաց ու Յիսուսին մարմինը խնդրեց։
53 Եւ զանիկա խաչէն իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու քարէ փորուած գերեզմանի մը մէջ դրաւ, ուր բնաւ մէկը դրուած չէր։
54 Այն օրը ուրբաթ էր ու շաբաթը պիտի սկսէր։
55 Անոր ետեւէն գացին այն կիները, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն եկած էին ու տեսան գերեզմանը, թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։
56 Եւ դառնալով՝ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին եւ շաբաթ օրը հանգստացան պատուիրանքին համեմատ։