ՂՈԻԿԱՍ
Գլուխ 16
Իր աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր։ Անոր վրայ գանգատ եղաւ իրեն՝ որպէս թէ իր ունեցածը կը փճացնէ։
2 Ուստի կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս որ քեզի համար կը լսեմ։ Քու տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, վասն զի ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ’։
3 Տնտեսը իր մտքին մէջ ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ իմ տէրս տնտեսութիւնը ինծմէ կ’առնէ. հողագործութիւն չեմ կրնար ընել՝ ՝ մուրալու կ’ամչնամ։
4 Գիտեմ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ իմ տնտեսութենէս հանուիմ, զիս իրենց տունը ընդունին։
5 Իր տիրոջը պարտականները մէկիկ մէկիկ իրեն կանչելով՝ ըսաւ առաջինին. ‘Դուն իմ տիրոջս ո՞րչափ պարտք ունիս’։
6 Ան ալ ըսաւ. ‘Հարիւր մար ձէթ’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ ու շուտով նստէ յիսուն գրէ’։
7 Ետքը միւսին ըսաւ. ‘Դո՞ւն որչափ պարտք ունիս’։ Անիկա ըսաւ. ‘Հարիւր քոռ ցորեն’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ եւ ութսուն գրէ’։
8 Տէրը անիրաւ տնտեսը գովեց, որ խելացութիւնով ըրաւ. վասն զի այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են»։
9 Ես ալ ձեզի կ’ըսեմ. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի՝ ՝ ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։
10 «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ։
11 Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։
12 Եթէ օտարին բանին մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ձերը ո՞վ պիտի տայ ձեզի։
13 Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ ՝ եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։
14 Փարիսեցիներն ալ, որոնք արծաթասէր էին, այս ամէնը լսելով կը քամահրէին զանիկա։
15 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է։
16 Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։
17 Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ։
18 Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։
19 «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։
20 Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։
21 Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին։
22 Աղքատը մեռաւ ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկա։ Հարուստն ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ։
23 Երբ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր հարուստը՝ իր աչքերը վերցնելով հեռուէն տեսաւ Աբրահամը ու Ղազարոսը անոր գոգը հանգիստ նստած։
24 Այն ատեն աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ ինծի ու ղրկէ Ղազարոսը, որպէս զի իր մատին ծայրը ջուրը թաթխէ ու զովացնէ իմ լեզուս, վասն զի այս բոցին մէջ կը տանջուիմ’։
25 Աբրահամ ըսաւ. ‘Ո՛րդեակ, միտքդ բեր, որ դուն քու կեանքիդ մէջ քու բարիքներդ առիր, նոյնպէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա անիկա [հոս] կը մխիթարուի ու դուն կը տանջուիս։
26 Այս ամէն բաներէն զատ՝ մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ հաստատուած, որպէս զի ձեզի անցնիլ ուզողները չկրնան, ոչ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները՝ անցնին’։
27 Ան ալ ըսաւ. ‘Ուրեմն կ’աղաչեմ քեզի, հա՛յր, որ զանիկա իմ հօրս տունը ղրկես,
28 Քանզի հինգ եղբայր ունիմ, որպէս զի երթայ անոնց վկայութիւն տայ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ այս չարչարանքին տեղը գան’։
29 Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Անոնք Մովսէսն ու մարգարէները ունին, թող անոնց մտիկ ընեն’։
30 Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ, հապա եթէ մեռելներէն մէկը անոնց երթայ, պիտի ապաշխարեն’։
31 Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Եթէ Մովսէսին ու մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, ուրեմն մեռելներէն մէկը յարութիւն առնելու ալ ըլլայ, պիտի չհամոզուին’»։