ՂՈԻԿԱՍ
Գլուխ 12
Այն միջոցին երբ բիւրաւոր ժողովուրդներ վրան ժողվուեցան՝ գրեթէ մէկզմէկ կը կոխէին՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ամենէն առաջ ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն։
2 Վասն զի բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի։
3 Ուստի ինչ որ մութ տեղը ըսիք, անիկա լոյս տեղը պիտի լսուի եւ այն որ ներքին սենեակներու մէջ ականջի խօսեցաք, տանիքներու վրայ պիտի քարոզուի»։
4 «Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս, կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին։
5 Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք. Անկէ վախցէք՝ որ սպաննելէ յետոյ իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք’։
6 Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։
7 Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»։
8 «Եւ ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն ով որ զիս կը դաւանի մարդոց առջեւ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։
9 Բայց ան որ զիս մարդոց առջեւ կ’ուրանայ, ինքն ալ պիտի ուրացուի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ’։
10 ‘Ամէն ով որ Որդին մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ան որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն ընէ, պիտի չներուի անոր’։
11 Երբ ձեզ ժողովարանները եւ իշխանութիւններու ու պետութիւններու առջեւ տանելու ըլլան, հոգ մի՛ ընէք թէ ի՞նչպէս կամ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք, կամ ի՞նչ պիտի ըսէք,
12 Վասն զի Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։
13 Ժողովուրդին մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։
14 Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ»։
15 Եւ աւելցուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։
16 Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։
17 Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ.
18 ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս’.
19 Եւ իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’։
20 Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Անմի՛տ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’։
21 Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։
22 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք.
23 Վասն զի կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը՝ հագուստէն։
24 Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։
25 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։
26 Հապա եթէ ամենափոքր բանին կարող չէք, ուրիշ բաներու համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք։
27 Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։
28 Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։
29 Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք.
30 Վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։
31 Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։
32 «Մի՛ վախնար, պզտկ հօտ, վասն զի ձեր հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ։
33 Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք. ու ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ։
34 Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
35 «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։
36 Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։
37 Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց։
38 Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները։
39 Բայց այս գիտցէք, թէ՝ եթէ տանտէրը գիտնար թէ ո՞ր ատեն գողը կու գայ, արթուն կը կենար ու թող չէր տար որ իր տունը ծակէ։
40 Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։
41 Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, այդ առակը մե՞զի կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։
42 Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։
43 Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։
44 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։
45 Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։
46 Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամ մը, որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ։
47 Այն ծառան որ իր տիրոջը կամքը գիտէ ու չի պատրաստուիր, ո՛չ ալ անոր կամքը ի գործ կը դնէ, շատ ծեծ պիտի ուտէ։
48 Բայց ան որ չի գիտեր ու ծեծի արժանի բան մը ընէ, քիչ ծեծ պիտի ուտէ։ Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։
49 «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ ու ի՞նչ կ’ուզեմ եթէ արդէն բորբոքած է։
50 Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու եւ ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի։
51 Կը կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն ընելու եկայ. ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ո՛չ, հապա բաժանում’։
52 Վասն զի ասկէ ետք մէկ տան մէջ հինգը իրարմէ բաժնուած պիտի ըլլան, երեքը՝ երկուքէն ու երկուքը՝ երեքէն։
53 Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն եւ որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն ու աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ իր հարսէն ու հարսը՝ իր կեսուրէն»։
54 Ըսաւ ժողովուրդին. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։
55 Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։
56 Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ»։
57 «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը։
58 Երբ դուն քու ոսոխիդ հետ իշխանին երթալու ըլլաս, ճամբուն մէջ անկէ ազատուելու ջանք ըրէ, որ չըլլայ թէ քեզ դատաւորին առջեւ քաշէ ու դատաւորը դահիճին ձեռքը տայ քեզ ու դահիճն ալ բանտը դնէ։
59 Քեզի կ’ըսեմ, բնաւ պիտի չելլես անկէ, մինչեւ վերջին լուման չվճարես»։