ՂՈԻԿԱՍ
Գլուխ 9
Իր տասներկու աշակերտները իրեն կանչելով՝ անոնց զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ բոլոր դեւերուն վրայ եւ ախտերը բժշկելու։
2 Ու զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն ու հիւանդները բժշկեն։
3 Ըսաւ անոնց. «Ճամբու համար բան մի՛ առնէք, ո՛չ գաւազան եւ ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց եւ ո՛չ ստակ, ո՛չ ալ կրկին հանդերձ ունենաք։
4 Եւ որո՛ւ տուն որ մտնէք, հոն մնացէք ու անկէ ելէք։
5 Եթէ անոնք ձեզ չընդունին, երբ այն քաղաքէն ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին անգամ թօթուեցէք՝ իրենց դէմ վկայութիւն ըլլալու համար»։
6 Աշակերտները ելան ու գիւղէ գիւղ կը պտըտէին եւ ամէն տեղ աւետարանը կը քարոզէին ու բժշկութիւն կ’ընէին։
7 Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսին գործերը լսելով՝ տարակուսանքի մէջ էր, որովհետեւ ոմանք ըսած էին
8 Թէ ‘Յովհաննէս յարութիւն առաւ մեռելներէն՝ եւ ոմանք՝ թէ ‘Եղիա յայտնուեցաւ’ եւ ուրիշներ ալ՝ թէ ‘Առաջուան մարգարէներէն մէկը յարութիւն առաւ’։
9 Հերովդէս ըսաւ. «Յովհաննէսը ես գլխատեցի, հապա ասիկա ո՞վ պիտի ըլլայ, որուն մասին այսպիսի բաներ կը լսեմ»։ Ու կ’ուզէր որ տեսնէ զանիկա։
10 Առաքեալները դարձան ու պատմեցին անոր ինչ որ ըրին։ Յիսուս առաւ զանոնք, առանձին անապատ տեղ մը քաշուեցաւ քաղաքի մը քով՝ որուն անունը Բեթսայիդա էր։
11 Ժողովուրդը երբ իմացաւ՝ անոր ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կարօտ էին՝ կը բժշկէր։
12 Իրիկունը, տասներկուքը եկան ու ըսին անոր. «Արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի շրջակայ գիւղերը ու ագարակները երթան իջեւանին ու կերակուր գտնեն, վասն զի հոս անապատի մէջ ենք»։
13 Ըսաւ անոնց. «Դուք անոնց ուտելիք տուէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Մենք հինգ նկանակէն ու երկու ձուկէն աւելի բան չունինք, եթէ չերթանք այդ բոլոր ժողովուրդին համար կերակուր չգնենք»
14 (Քանզի հինգ հազարի չափ այր մարդիկ կային։) Ան ալ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ատոնք դաս դաս, յիսուն յիսուն, նստեցուցէք»։
15 Այնպէս ըրին ու ամէնքն ալ նստեցուցին։
16 Յիսուս հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ՝ դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց զանոնք ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն։
17 Եւ կերան ու կշտացան ամէնքն ալ ու աւելցած կտորուանքները՝ տասներկու կողով՝ վերցուցին։
18 Օր մը, երբ ինք առանձին աղօթք կ’ընէր, աշակերտներն ալ իրեն հետ էին, հարցուց անոնց. «Ժողովուրդը ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ»։
19 Անոնք ալ պատասխան տալով՝ ըսին. «Ոմանք՝ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ առաջուան մարգարէներէն մէկը, որ յարութիւն առեր է»։
20 Ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ով կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ. «Աստուծոյ Քրիստոսը»։
21 Յիսուս խիստ կերպով պատուիրեց անոնց, որ այս բանը մարդո՛ւ չըսեն։
22 Ու ըսաւ. «Պէտք է Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ, ծերերէն ու քահանայապետներէն եւ դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։
23 Եւ ամենուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
24 Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։
25 Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ։
26 Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։
27 Բայց ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս կայնողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։
28 Այս խօսքերէն գրեթէ ութ օր ետքը՝ Պետրոսը ու Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը առնելով, լեռը ելաւ աղօթք ընելու։
29 Երբ ինք աղօթք կ’ընէր, իր երեսին տեսքը ուրիշ կերպ մը եղաւ եւ իր հագուստը ճերմակ ու փայլուն եղաւ։
30 Ահա երկու մարդիկ իրեն հետ կը խօսէին, որոնք Մովսէսն ու Եղիան էին,
31 Փառքով երեւցած եւ անոր այս կեանքէն ելլելուն վրայով կը խօսէին, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր։
32 Պետրոս եւ անոր հետ եղողները քունով ծանրացած էին, երբ արթնցան, տեսան անոր փառքը եւ այն երկու մարդիկը, որոնք անոր քով կեցեր էին։
33 Երբ անոնք զատուեցան Յիսուսին քովէն, Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի եւ մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային, վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսէր։
34 Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ամպ մը եկաւ ու անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպին տակ մտած ատեննին վախցան։
35 Ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։
36 Երբ այն ձայնը լսեցին, Յիսուս մինակ մնաց։ Իրենք ալ լուռ կեցան եւ իրենց տեսածներէն այն օրերը մարդո՛ւ բան մը չպատմեցին։
37 Հետեւեալ օրը, երբ անոնք լեռնէն վար իջան, շատ ժողովուրդ անոր դէմը ելաւ։
38 Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, կ’աղաչեմ քեզի, նայէ իմ որդիիս, քանզի իմ մէկ հատիկս է.
39 Ոգի մը կը բռնէ զանիկա. տղաս ալ յանկարծ կը կանչուըռտէ եւ ոգին զանիկա ցնցելով կը փրփրցնէ ու հազիւ կը զատուի անկէ՝ ջարդուբուրդ ընելով զանիկա։
40 Քու աշակերտներուդ աղաչեցի որ հանեն զանիկա, բայց չկրցան»։
41 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի հանբերեմ։ Հո՛ս բեր քու որդիդ»։
42 Երբ կը մօտենար, դեւը զանիկա գետինը զարկաւ ու սաստիկ ցնցեց։
43 Իսկ Յիսուս սաստեց պիղծ ոգիին եւ բժշկեց տղան ու զանիկա իր հօրը տուաւ։
44 Ամէնքը կը զարմանային Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն վրայ։ Քանի որ ամէնքը կը զարմանային Յիսուսի ըրած բոլոր գործերուն վրայ, անիկա ըսաւ իր աշակերտներուն. «Դուք այս խօսքերը մի՛ մոռնաք, վասն զի Որդի մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը»։
45 Բայց անոնք չէին իմանար այս խօսքը եւ անոնցմէ ծածկուած էր որպէս զի չհասկնան ու կը վախնային որ այն խօսքին համար իրեն հարցնեն։
46 Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ։
47 Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց
48 Եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ՛ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։
49 Եւ խօսեցաւ Յովհաննէս ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր եւ զանիկա արգիլեցինք, վասն զի մեզի հետ չի պտըտիր»։
50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ արգիլէք, քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր՝ ՝ կողմէն է»։
51 Երբ իր աշխարհէն վերնալու օրերը մօտեցան, ինք ալ հաստատ որոշեց՝ ՝ Երուսաղէմ երթալ։
52 Եւ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին, Սամարացիներուն մէկ գիւղը մտան որպէս զի իրեն համար պատրաստութիւն տեսնեն։
53 Բայց չընդունեցին զանիկա, վասն զի անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ շտկուած էր։
54 Երբ իր աշակերտները, Յակոբոս ու Յովհաննէս, իմացան, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք, ինչպէս Եղիան ալ ըրաւ»։
55 Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք դուք.
56 Վասն զի Որդին մարդոյ չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, հապա փրկելու՝ ՝»։ Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։
57 Երբ անոնք ճամբան կ’երթային, մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քու ետեւէդ գամ՝ ուր որ երթաս»։
58 Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։
59 Ուրիշի մըն ալ ըսաւ. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ»։
60 Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները, բայց դուն գնա Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ»։
61 Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ»։
62 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։