ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 19

Օր մը Յիսուս Երիքովի մէջէն կ’անցնէր։
2 Ահա մարդ մը, Զաքէոս անունով, որ մաքսապետ ու հարուստ էր,
3 Կ’ուզէր տեսնել թէ ո՞վ է Յիսուսը։ Բազմութենէն չէր կրնար, վասն զի հասակով կարճ էր։
4 Ուստի յառաջ վազեց ու ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէս զի զանիկա տեսնէ, քանի որ անկէ պիտի անցնէր։
5 Երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ ու ըսաւ անոր. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։
6 Ան ալ արտորալով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա։
7 Երբ ամէնքն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ’ըսէին թէ՝ ‘Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու’։
8 Զաքէոս կայնեցաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։
9 Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։
10 Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։
11 Երբ անոնք այս բաները կը լսէին, առակ մըն ալ ըսաւ իր Երուսաղէմ մօտենալուն եւ անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ՝ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի։
12 Ուստի ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւնը առնելու եւ դառնալու։
13 Իր տասը ծառաները կանչելով՝ իւրաքանչիւրին տասը մնաս տուաւ ու ըսաւ անոնց. ‘Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ’։
14 Անոր քաղաքացիները զանիկա կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’։
15 Բայց երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։
16 Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ»։
17 Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր»։
18 Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ»։
19 Եւ ըսաւ անոր. «Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր»։
20 Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի.
21 Քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես»։
22 Անիկա ըսաւ անոր. «Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ,
23 Ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա»։
24 Հոն կայնողներուն ըսաւ. «Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի».
25 (Եւ ըսին իրեն, Տէ՛ր, անիկա տասը մնաս ունի.)
26 «Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։
27 Բայց իմ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք ու իմ առջեւս սպաննեցէք»։
28 Այս բաները խօսելէն յետոյ՝ յառաջ գնաց Երուսաղէմ երթալու։
29 Երբ Բեթփագէի ու Բեթանիայի մօտեցաւ՝ դէպի այն լեռը որ Ձիթենեաց լեռ կը կոչուի, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց
30 Եւ ըսաւ. «Գացէք մեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ բնաւ մարդ նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։
31 Եթէ մէկը ձեզի հարցնէ թէ ‘Ինչո՞ւ կ’արձակէք’, ըսէք անոր թէ ‘Տէրոջը պէտք է’»։
32 Գացին անոնք որ ղրկուեցան, ինչպէս իրենց ըսած էր՝ գտան։
33 Երբ աւանակը կ’արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը»։
34 Անոնք ալ ըսին. «Տէրոջը պէտք է»։
35 Զանիկա Յիսուսին բերին ու իրենց հանդերձները աւանակին վրայ ձգելով՝ Յիսուսը հեծցուցին։
36 Երբ կ’երթար, իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին։
37 Երբ աւելի մօտեցաւ եւ Ձիթենեաց լերան զառիվարէն կ’իջնէր, աշակերտներուն բոլոր բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ Աստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին.
38 Ու կ’ըսէին. «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ»։
39 Բազմութեանը մէջէն փարիսեցիներէն մէկ քանիները ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։
40 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։
41 Երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ.
42 «Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ։
43 Վասն զի օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն
44 Եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ, քանի որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը»։
45 Եւ տաճարը մտնելով՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները եւ գնողները
46 Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ՝ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն է’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
47 Ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ քահանայապետներն ու դպիրները եւ ժողովուրդին գլխաւորները կ’ուզէին կորսնցնել զանիկա։
48 Բայց բան չէին կրնար ընել, վասն զի բոլոր ժողովուրդը անոր կապուեր էր մտիկ ընելու։