ՂՈԻԿԱՍ
Գլուխ 13
Ոմանք այն ատեն ներկայ գտնուելով՝ պատմեցին անոր Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ խառնեց։
2 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին»։
3 Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։
4 Կամ թէ այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին։
5 Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։
6 Այս առակն ալ ըսաւ. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։
7 Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։
8 Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ
9 Եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’»։
10 Շաբաթ օրը ժողովարաններէն մէկուն մէջ կը սորվեցնէր։
11 Հոն կին մը կար, որ հիւանդութեան ոգի մը ունէր տասնըութ տարիէ ի վեր ու կծկտած էր եւ ամենեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ։
12 Յիսուս զանիկա տեսնելով՝ իրեն կանչեց եւ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։
13 Ու ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ իսկոյն շտկուեցաւ ու փառք կու տար Աստուծոյ։
14 Ժողովարանին իշխանը բարկացաւ, որ Յիսուս շաբաթ օրը բժշկեց եւ ըսաւ ժողովուրդին. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը»։
15 Այն ատեն Տէրը պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։
16 Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի»։
17 Երբ այս բանը ըսաւ, իրեն հակառակ կեցողները ամօթով մնացին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ուրախանար այն ամէն փառաւոր գործերուն համար՝ որոնք ան կը կատարէր։
18 Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի կը նմանի, կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ անիկա։
19 Մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ իր պարտէզը ձգեց եւ աճեցաւ ու մեծ ծառ մը եղաւ ու երկնքի թռչունները անոր ճիւղերուն վրայ բնակեցան»։
20 Դարձեալ ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնեմ։
21 Խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց, մինչեւ ամբողջը խմորուեցաւ»։
22 Յիսուս քաղաքները ու գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։ Երբ դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելաւ,
23 Մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։
24 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։
25 Անկէ յետոյ երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’։ Ան ալ պատասխան տալով՝ պիտի ըսէ ձեզի. ‘Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք’։
26 Այն ատեն պիտի սկսիք ըսել. ‘Մենք քու առջեւդ կերանք ու խմեցինք եւ դուն մեր փողոցներուն մէջ սորվեցուցիր’։
27 Բայց անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինծմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’։
28 Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել, երբ տեսնէք Աբրահամը ու Իսահակը եւ Յակոբը ու բոլոր մարգարէները Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ու դուք դուրս մնացած։
29 Այնտեղ պիտի գան արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ։
30 Եւ պիտի գտնուին յետիններ՝ որոնք առաջիներ պիտի ըլլան ու առաջիններ՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան»։
31 Նոյն օրը մէկ քանի փարիսեցիներ եկան ու ըսին անոր. «Ելիր ու գնա ասկէ, վասն զի Հերովդէս քեզ սպաննել կ’ուզէ»։
32 Ինք ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ։
33 Միայն թէ պէտք է որ այսօր ու վաղը եւ միւս օրը պտըտիմ, վասն զի կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի։
34 ‘Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կ’սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։
35 Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ’։ Սակայն ձեզի կ’ըսեմ, թէ ‘Ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք’, մինչեւ գայ այն ժամանակը, որ պիտի ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։