ՂՈԻԿԱՍ
Գլուխ 10
Այս բանէն ետքը Տէրը ուրիշ եօթանասունըերկուք ալ որոշեց եւ զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար։
2 Եւ ըսաւ անոնց. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին։
3 Գացէք. ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ գառներ գայլերու մէջ։
4 Ձեզի հետ քսակ մի՛ առնէք, ո՛չ ալ պարկ եւ ո՛չ կօշիկներ ու ճամբան մարդու բարեւ մի՛ տաք։
5 Եւ ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։
6 Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ ձեզի պիտի դառնայ։
7 Այն տանը մէջ մնացէք ու անոնց քով կերէք ու խմեցէք, վասն զի մշակը իր վարձքին արժանի է։ Տունէ տուն մի՛ փոխուիք։
8 Ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ ընդունին, ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք.
9 Ու բժշկեցէք անոր մէջի հիւանդները եւ ըսէք անոնց. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։
10 Բայց ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ չընդունին, անոր հրապարակները ելլելով՝ ըսէք.
11 ‘Այն փոշին ալ որ ձեր քաղաքէն մեր ոտքերուն փակած է, ձեզի կը թօթուենք. միայն թէ այս գիտցէք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։
12 Ձեզի կ’ըսեմ թէ այն օրը Սոդոմին դատաստանը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ՝ քան թէ այն քաղաքին»։
13 «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները որոնք ձեր մէջ եղան, շատունց քուրձով ու մոխիրի մէջ նստելով ապաշխարած պիտի ըլլային։
14 Բայց դատաստանին օրը Տիւրոսին ու Սիդոնին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, քան թէ՝ ձեզի։
15 Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։
16 Ան որ ձեզի մտիկ կ’ընէ, ինծի մտիկ կ’ընէ եւ ան որ ձեզ կը մերժէ, զիս կը մերժէ. եւ ան որ զիս կը մերժէ, զիս ղրկողը կը մերժէ»։
17 Եօթանասունըերկու աշակերտները դարձան ուրախութեամբ ու ըսին. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։
18 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։
19 Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։
20 Բայց դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։
21 Նոյն ժամուն Յիսուս Հոգիով ուրախացաւ ու ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։
22 Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։
23 Աշակերտներուն դառնալով՝ առանձին ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն
24 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։
25 Ահա օրինական մը ելաւ ու զանիկա փորձելով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։
26 Անիկա ալ ըսաւ անոր. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։
27 Պատասխան տուաւ անիկա ու ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։
28 Ինք ըսաւ անոր. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։
29 Իսկ օրինականը, ուզելով ինքզինք արդարացնել, ըսաւ Յիսուսին. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է»։
30 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին։
31 Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։
32 Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։
33 Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց։
34 Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։
35 Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. «Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ»։
36 Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։
37 Անիկա ըսաւ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։
38 Երբ անոնք կ’երթային, ինք գիւղ մը մտաւ եւ կին մը, Մարթա անունով, զանիկա իր տունը ընդունեց։
39 Անիկա քոյր մը ունէր, որուն անունը Մարիամ էր, որ եկաւ Յիսուսին ոտքերուն քով նստաւ, անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէր։
40 Բայց Մարթա սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր։ Եկաւ անոր քով ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ»։
41 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս.
42 Բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։