ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 11

Տեղ մը աղօթք կ’ընէր։ Երբ դադրեցաւ, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց»։
2 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. «Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես՝ ՝, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ՝ ՝.
3 Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր
4 Եւ մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ՝ ՝»։
5 Եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. «Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր,
6 Վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու»։
7 Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. «Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ»։
8 Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’։
9 Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի.
10 Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’։
11 ‘Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր.
12 Կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։
13 Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։
14 Յիսուս դեւ մը կը հանէր մէկէն՝ որ համր էր։ Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ եւ ժողովուրդը զարմացաւ։
15 Բայց անոնցմէ մէկ քանիները ըսին. «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով դեւերը կը հանէ»։
16 Ուրիշներ ալ փորձելով՝ երկնքէն նշան մը կ’ուզէին անկէ։
17 Բայց Յիսուս գիտնալով անոնց խորհուրդները՝ ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն դէմ բաժնուած՝ կ’աւերի եւ տուն մը իրեն դէմ բաժնուած՝ կը կործանի.
18 Հապա եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ, որովհետեւ կ’ըսէք թէ Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ։
19 Իսկ եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդինե՞րը ինչով կը հանեն։ Ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։
20 Բայց եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։
21 Երբ զօրաւոր մարդ մը զէնքերը վրան առած՝ իր տանը բակը պահպանէ, անոր բաները խաղաղութեան մէջ կը մնան.
22 Բայց երբ անկէ աւելի զօրաւորը գալով յաղթէ անոր, անոր զէնքերը կ’առնէ՝ որոնց ինք յուսացեր էր եւ անկէ առած կողոպուտը կը բաժնէ։
23 Ան որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր՝ ցիրուցան կ’ընէ»։
24 «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղեր կը պտըտի, հանգստութիւն կը փնտռէ ու եթէ չգտնէ, կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս՝ ուրկէ ելայ’։
25 Եւ կու գայ, զանիկա մաքրուած ու յարդարուած կը գտնէ։
26 Այն ատեն կ’երթայ եւ իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ՝ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին եւ այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ»։
27 Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը ձայնը վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։
28 Իսկ ինք ըսաւ. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։
29 Երբ ժողովուրդը անոր վրայ կը դիզուէր, ինք ըսաւ. «Այս ազգը չար է. նշան կ’ուզէ, բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը։
30 Քանզի ինչպէս Յովնան Նինուէացիներուն նշան եղաւ, այնպէս Որդին մարդոյ այս ազգին՝ պիտի ըլլայ։
31 Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին մարդոցը դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասոնք, վասն զի երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս։
32 Նինուէի մարդիկը դատաստանի օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանին քարոզութիւնով զղջացին եւ ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս»։
33 «Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։
34 Մարմնին ճրագը աչքն է, ուստի երբ աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ ալ լուսաւոր կ’ըլլայ, բայց երբ աչքդ վատ է, մարմինդ ալ մութ կ’ըլլայ։
35 Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։
36 Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ»։
37 Երբ այս բաները կը խօսէր, փարիսեցի մը կ’աղաչէր անոր, որ իր քով ճաշ ուտէ։ Անիկա ալ մտաւ եւ սեղան նստաւ։
38 Փարիսեցին երբ տեսաւ, զարմացաւ, որ ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ։
39 Տէրը ըսաւ անոր. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։
40 Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ։
41 Սակայն անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի»։
42 «Բայց վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։
43 Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։
44 Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր»։
45 Օրինականներէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։
46 Անիկա ըսաւ. «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։
47 Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք։
48 Ուրեմն կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն ըրածներուն. վասն զի իրենք սպաննեցին զանոնք ու դուք անոնց գերեզմաններ կը շինէք։
49 Անոր համար ալ Աստուծոյ իմաստութիւնը ըսաւ. ‘Պիտի ղրկեմ անոնց մարգարէներ ու առաքեալներ։ Անոնցմէ ոմանքը պիտի սպաննեն ու ոմանքը հալածեն,
50 Որպէս զի աշխարհի սկիզբէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը այս ազգէն պահանջուի։
51 Աբէլին արիւնէն մինչեւ Զաքարիային արիւնը, որ սեղանին ու տաճարին մէջտեղ թափուեցաւ՝ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ազգէն պիտի պահանջուի’։
52 Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»։
53 Երբ այս բաները անոնց կ’ըսէր, դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խիստ նեղանալ եւ շատ բաներու վրայով անոր բերնէն խօսք փնտռել։
54 Անոր դարան պատրաստելով, կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս անոր բերնէն բան մը որսան, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։