ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 6

Տէր Յիսուս շաբաթ օր մը արտերուն մէջէն կ’անցնէր։ Իր աշակերտները ցորենի հասկեր փրցնելով՝ ձեռքերնուն մէջ կը շփէին ու կ’ուտէին։
2 Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչ կ’ընէք, չէ՞ որ արգիլուած է գործել շաբաթ օրը»։
3 Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը, երբ անօթեցան ինք եւ անոնք որ իրեն հետ էին։
4 Ի՛նչպէս անիկա Աստուծոյ տունը մտաւ եւ առաջաւորութեան հացերը առաւ ու կերաւ եւ տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին. որոնք ուրիշ մարդո՛ւ օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։
5 Եւ ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։
6 Ուրիշ շաբաթ օր մըն ալ ինք ժողովարանը մտաւ ու կը սորվեցնէր։ Հոն մարդ մը կար, որուն աջ ձեռքը չորցած էր։
7 Դպիրներն ու փարիսեցիները անոր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի ամբաստանութեան առիթ մը գտնեն անոր դէմ։
8 Իսկ ինք գիտնալով անոնց խորհուրդները, ըսաւ այն մարդուն, որուն ձեռքը չորցած էր. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ Ան ալ ելաւ կայնեցաւ։
9 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի բան մը հարցնեմ. ‘Շաբաթ օրը ո՞րը յարմար է. բարի՞ք թէ չարիք ընելը, հոգի մը ապրեցնե՞լը թէ մեռցնելը’»։
10 Եւ շուրջանակի ամենուն վրայ նայելով՝ ըսաւ անոր. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ այնպէս ըրաւ ու անոր ձեռքը ողջնցաւ միւսին պէս։
11 Անոնք կատաղութեամբ լեցուեցան ու իրարու հետ կը խօսէին թէ՝ ի՞նչ ընեն Յիսուսին։
12 Յիսուս լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց։
13 Առտուն կանչեց իր աշակերտները ու անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց ու զանոնք առաքեալ անուանեց.
14 Սիմոնը՝ որ Պետրոս ալ անուանեց եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը,
15 Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսը, Մատթէոսը եւ Թովմասը, Ալփէոսեան Յակոբոսը եւ Նախանձայոյզ ըսուած Սիմոնը,
16 Յակոբոսին եղբայրը Յուդան եւ Իսկարիովտացի Յուդան, որը մատնիչ եղաւ։
17 Անոնց հետ իջնելով՝ տափարակ տեղ մը կայնեցաւ, նաեւ իր աշակերտներուն ժողովը՝ ու մեծ բազմութիւն մը ժողովուրդներու՝ բոլոր Հրէաստանէն ու Երուսաղէմէն եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերքէն.
18 Որոնք եկան անոր խօսքերը մտիկ ընելու ու իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու եւ պիղծ ոգիներէն նեղութիւն կրողներն ալ եկան ու բժշկուեցան։
19 Եւ բոլոր ժողովուրդը կ’ուզէր իրեն դպչիլ, վասն զի զօրութիւն կ’ելլէր իրմէ ու ամէնքը կը բժշկէր։
20 Ինք իր աչքերը դէպի իր աշակերտները վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը։
21 Երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, վասն զի պիտի կշտանաք։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, վասն զի պիտի խնդաք։
22 Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով»։
23 «Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, քանզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին մարգարէներուն։
24 Բայց վա՜յ ձեզի հարուստներուդ, վասն զի ձեր մխիթարութիւնը առած էք։
25 Վա՜յ ձեզի որ կուշտ էք, վասն զի պիտի անօթենաք. վա՜յ ձեզի որ հիմա կը ծիծաղիք, վասն զի սուգ պիտի ընէք ու լաք։
26 Վա՜յ ձեզի երբ մարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն»։
27 Բայց կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք,
28 Ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք։
29 Թէ որ մէկը քու ծնօտիդ զարնէ, միւսն ալ մօտեցուր անոր. եթէ ան քու վերարկուդ քեզմէ հանէ, մի՛ արգիլեր անկէ շապիկդ ալ։
30 Ամէն ինչ, որ քեզմէ կ’ուզէ՝ տուր ու քու բաներդ առնողէն զանոնք մի՛ պահանջեր։
31 Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք։
32 Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները։
33 Եթէ դուք ձեզի բարիք ընողներուն բարիք ընէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ նոյն բանը կ’ընեն։
34 Եթէ այնպիսի մարդոց փոխ տաք՝ որոնցմէ յոյս ունիք ետ առնելու. ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան, որպէս զի նոյն չափով ետ առնեն։
35 Այլ սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։
36 Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։
37 «Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզ պիտի ներուի։
38 Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։
39 Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Միթէ կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդութիւն ընել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան։
40 Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, իսկ ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ»։
41 «Ինչո՞ւ քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։
42 Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ. ‘Եղբա՛յր, թող տուր որ աչքիդ մէջի շիւղը հանեմ’ եւ դուն քու աչքիդ մէջի գերանը չես տեսներ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը»։
43 «Չկայ բարի ծառ մը, որ չար պտուղ բերէ, ո՛չ ալ չար ծառ մը, որ բարի պտուղ բերէ.
44 Վասն զի ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ Քանզի փուշերէն թուզ չեն քաղեր ու մորենիէն խաղող չեն ժողվեր։
45 Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։
46 «Ինչո՞ւ զիս Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը կոչէք ու ըսած բաներս չէք կատարեր։
47 Այն, որ ինծի կու գայ եւ իմ խօսքերս կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ, ձեզի ցուցնե՞մ թէ որու կը նմանի։
48 Անիկա տուն շինող մարդու մը կը նմանի, որ փորեց ու խորունկցուց ու հիմը վէմի վրայ դրաւ եւ ջուրերուն յորդած ատենը գետը զարկաւ այն տանը ու չկրցաւ զանիկա շարժել, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ 49Բայց ան որ իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն շինեց, որուն զարկաւ գետը եւ շուտ մը փլաւ։ Այն տանը կործանումը մեծ էր»։