ՂՈԻԿԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 5

Օր մը, երբ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը դիզուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար, ինք Գեննեսարէթի ծովակին քով կեցեր էր,
2 Տեսաւ երկու նաւեր, որոնք ծովակին քով կեցեր էին եւ ձկնորսները անոնց մէջէն ելած՝ ուռկանները կը լուային։
3 Ինք այն նաւերէն մէկուն մէջ մտաւ, որ Սիմոնինն էր եւ աղաչեց անոր որ քիչ մը ցամաքէն ծովուն մէջ տանի եւ նստելով՝ նաւուն մէջէն ժողովուրդին կը սորվեցնէր։
4 Երբ խօսելէն դադրեցաւ, ըսաւ Սիմոնին. «Յառաջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։
5 Սիմոն պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք. բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։
6 Երբ ըսուածը ըրին, խիստ շատ ձուկեր ժողվեցին, անանկ որ իրենց ուռկանը կը պատռտէր։
7 Աչք կ’ընէին միւս նաւուն մէջ եղող իրենց ընկերներուն՝ որ գան օգնեն իրենց։ Եկան ու երկու նաւերն ալ լեցուցին, գրեթէ ընկղմելու մօտ էին։
8 Սիմոն Պետրոս երբ տեսաւ, Յիսուսին ծունկերուն ինկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։
9 Վասն զի ապշութիւնը պատեց զանիկա եւ անոր հետ եղող ամէնքը՝ իրենց բռնած ձուկերուն շատութեան համար։
10 Նոյնպէս ալ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ որոնք Սիմոնին ընկերներն էին։ Յիսուս ըսաւ Սիմոնին. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։
11 Նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։
12 Օր մը, ինք քաղաքի մը մէջ էր, ահա մարդ մը բորոտութիւնով լեցուն՝ երբ Յիսուսը տեսաւ, երեսի վրայ իյնալով աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել»։
13 Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛» եւ շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց։
14 Ու ինք պատուիրեց անոր, որ մարդու չըսէ, հապա, ըսաւ. «Գնա քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրածին պէս քու մաքրուելուդ ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։
15 Անոր լուրը աւելի կը տարածուէր ու շատ ժողովուրդ կը ժողվուէին մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու։
16 Բայց ինք անապատ տեղեր կը քաշուէր եւ աղօթք կ’ընէր։
17 Օր մը երբ ինք կը սորվեցնէր, փարիսեցիներ եւ օրինաց վարդապետներ նստած էին, որոնք Գալիլիայի ու Հրէաստանի ու Երուսաղէմի բոլոր գիւղաքաղաքներէն ժողվուած էին ու Տէրոջը զօրութիւնը ներկայ էր զանոնք բժշկելու։
18 Ահա քանի մը մարդիկ անդամալոյծ մարդ մը մահիճովը բերին եւ հնարը կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս զանիկա ներս մտցնեն ու դնեն անոր առջեւ։
19 Ու երբ բազմութենէն ճամբայ չկրցան գտնել, որ անկէ ներս խոթեն զանիկա, տանիքին վրայ ելան եւ զանիկա կղմինտրներուն մէջէն մահիճովը՝ մէջտեղը Յիսուսին առջեւ իջեցուցին։
20 Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ մարդ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։
21 Դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խորհիլ ու ըսել. «Ո՞վ է ասիկա, որ հայհոյութիւններ կ’ընէ։ Ո՞վ կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։
22 Յիսուս իմանալով անոնց խորհուրդները՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Սրտերնուդ մէջ ի՞նչ կը խորհիք։
23 Ո՞րը աւելի դիւրին է, ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են՝ ըսե՞լը, թէ Ելի՛ր ու քալէ՛՝ ըսելը’։
24 Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին,) «Քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։
25 Ան ալ իսկոյն անոնց առջեւ ելաւ ու վրան առաւ ինչ բանի վրայ որ պառկած էր եւ գնաց իր տունը ու Աստուծոյ փառք կու տար։
26 Ամէնքը ապշած մնացին ու Աստուծոյ փառք կու տային եւ վախով լեցուած՝ կ’ըսէին. «Այսօր նորանշան բաներ տեսանք»։
27 Այս բաներէն յետոյ ելաւ անկէ ու տեսաւ մաքսաւոր մը, որուն անունը Ղեւի էր, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։
28 Ան ալ թողուց ամէնքը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն։
29 Ու Ղեւի մեծ կոչունք մը տուաւ իր տանը մէջ։ Շատ բազմութիւն կար մաքսաւորներու եւ ուրիշներու, որ անոնց հետ սեղան նստեր էին։
30 Դպիրներն ու փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք»։
31 Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն.
32 Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»։
33 Անոնք ալ ըսին. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին աշակերտները շատ անգամ ծոմ կը պահեն եւ աղօթքներ կ’ընեն, նոյնպէս ալ փարիսեցիներուն աշակերտները. բայց քուկիններդ կ’ուտեն ու կը խմեն»։
34 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կրնա՞ք հարսանիքին տղոցը ծոմ պահել տալ՝ որքան ատեն որ փեսան իրենց հետ է։
35 Բայց օրեր պիտի գան՝ երբ փեսան իրենցմէ պիտի վերցուի, այն օրերուն ծոմ պիտի պահեն»։
36 Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Մէկը նոր լաթի կտոր մը չի ձգեր հին հանդերձի վրայ. եթէ ոչ՝ այն նորը պատռուածք ալ կ’ընէ ու հինցածին հետ չի յարմարիր այն նոր լաթէն եղած կտորը։
37 Եւ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ չի դներ. եթէ ոչ՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ, ինք կը թափի ու տիկերը կը կորսուին.
38 Հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է, որպէս զի երկուքն ալ պահուին։
39 Եւ մէկը հին գինին խմելէն յետոյ անմիջապէս նորը չ’ուզեր, քանզի կ’ըսէ թէ՝ Հինը աւելի ախորժելի է»։