ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ
Գլուխ 1
Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։
2 Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։
3 Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։
4 Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր
5 Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ։
6 Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար, որուն անունը Յովհաննէս էր։
7 Ասիկա վկայութեան համար եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ, որպէս զի ամէնքը անոր միջոցով հաւատան։
8 Ինք չէր այն Լոյսը, հապա եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ։
9 Ճշմարիտ Լոյսը ան է, որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ։
10 Ինք աշխարհի մէջ էր եւ աշխարհ անով եղաւ, բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ։
11 Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին։
12 Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը.
13 Որոնք ո՛չ արիւնէ եւ ո՛չ մարմնի կամքէ, ո՛չ ալ մարդու կամքէ, հապա Աստուծմէ ծնան։
14 Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն։
15 Յովհաննէս վկայեց անոր համար եւ աղաղակեց ըսելով. «Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։
16 Եւ անոր լեցունութենէն մենք ամէնքս շնորհք առինք շնորհքի տեղ։
17 Վասն զի օրէնքը Մովսէսին ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եղան։
18 Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց»։
19 Յովհաննէսին վկայութիւնը այս է երբ Հրեաները Երուսաղէմէն քահանաներ ու Ղեւտացիներ ղրկեցին, որպէս զի հարցնեն անոր թէ ‘Դուն ո՞վ ես’։
20 Եւ անիկա խոստովանեցաւ ու չուրացաւ. խոստովանեցաւ թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ’։
21 Ու հարցուցին անոր. «Հապա ո՞վ. Եղիա՞ն ես»։ Ըսաւ. «Չեմ»։ «Այն մարգարէ՞ն ես»։ Պատասխան տուաւ թէ՝ «Ո՛չ»։
22 Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես. ըսէ՛ մեզի, որպէս զի պատասխան տանինք մեզի ղրկողներուն. դուն ի՞նչ կ’ըսես քեզի համար»։
23 Ըսաւ. «Ես անոր ձայնն եմ, որ անապատին մէջ կը կանչէ. ‘Շտկեցէք Տէրոջը ճամբան’, ինչպէս Եսայի մարգարէն ըսաւ»։
24 Այն ղրկուածները փարիսեցիներէն էին.
25 Հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Հապա ինչո՞ւ մկրտութիւն կ’ընես, եթէ դուն Քրիստոսը չես ու ո՛չ Եղիան եւ ո՛չ մարգարէն»։
26 Պատասխան տուաւ անոնց Յովհաննէս ու ըսաւ. «Ես ջրով կը մկրտեմ, բայց ձեր մէջ մէկը կայ, որ դուք չէք ճանչնար.
27 Անիկա է իմ ետեւէս եկողը, որ ինծմէ առաջ եղաւ, որուն կօշիկին կապը քակելու արժանի չեմ ես»։
28 Այս բաները Բեթաբարայի մէջ եղան Յորդանանի անդիի կողմը, ուր Յովհաննէս կը կենար ու կը մկրտէր։
29 Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։
30 Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Իմ ետեւէս մարդ մը կու գայ, որ ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։
31 Ու ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց անոր համար ես եկայ ջրով մկրտելու, որպէս զի անիկա Իսրայէլին յայտնուի»։
32 Եւ Յովհաննէս վկայութիւն տուաւ ըսելով՝ թէ ‘Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր’։
33 Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։
34 Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։
35 Հետեւեալ օրը Յովհաննէս դարձեալ կայներ էր երկու աշակերտներու հետ։
36 Նայելով Յիսուսին կողմը, որ կը պտըտէր, ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։
37 Այս լսելով երկու աշակերտները գացին Յիսուսին ետեւէն։
38 Յիսուս երբ դարձաւ ու տեսաւ զանոնք որ իր ետեւէն կու գային, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Ռա՛բբի, (որ թարգմանուելով վարդապետ ըսել է,) ո՞ւր է քու օթեւանդ»։
39 Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք»։ Գացին ու տեսան, ուր որ էր իր օթեւանը։ Այն օրը անոր քով կեցան. վասն զի ժամը տասնի ատեններն էր։
40 Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս այն երկուքէն մէկն էր, որոնք լսեցին Յովհաննէսէն եւ անոր ետեւէն գացին։
41 Անիկա նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. «Գտանք Մեսիան», (որ Քրիստոս կը թարգմանուի.)
42 Ու տարաւ զանիկա Յիսուսին քով։ Յիսուս անոր նայելով՝ ըսաւ. «Դուն ես Յովնանի որդին Սիմոնը, դուն Կեփաս պիտի կոչուիս, որ Պետրոս կը թարգմանուի»։
43 Հետեւեալ օրը Յիսուս Գալիլիա երթալ ուզեց եւ Փիլիպպոսը գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։
44 Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր. Անդրէասին ու Պետրոսին քաղաքէն։
45 Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը եւ կ’ըսէ անոր. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։
46 Ու Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Ըսաւ անոր Փիլիպպոս. «Եկուր ու տես»։
47 Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար. «Ահա իրաւցընէ Իսրայէլացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։
48 Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ»։
49 Պատասխան տուաւ Նաթանայէլ ու ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։
50 Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոր. «Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս։ Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»։
51 Ու ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ’ելլեն ու կ’իջնեն Որդի մարդոյ վրայ’»։