ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ
Գլուխ 10
«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։
2 Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։
3 Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։
4 Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։
5 Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։
6 Յիսուս այս առակը ըսաւ անոնց, բայց անոնք չէին իմանար թէ ի՞նչ էր որ իրենց կը խօսէր։
7 Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։
8 Ամէն անոնք որ ինծմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։
9 ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։
10 Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։
11 ‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ։
12 Բայց վարձկանը, որ հովիւ չէ ու ոչխարները իրը չեն, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ, կը թողու ոչխարները ու կը փախչի եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու զանոնք կը ցրուէ։
13 Եւ վարձկանը կը փախչի, վասն զի վարձկան է ու ինք հոգ չ’ըներ ոչխարներուն համար։
14 Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։
15 Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ, ես ալ Հայրը կը ճանչնամ ու իմ կեանքս ոչխարներուն համար կը դնեմ։
16 Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։
17 Անոր համար իմ Հայրս զիս կը սիրէ, որովհետեւ ես իմ կեանքս կը դնեմ, որպէս զի նորէն առնեմ զանիկա։
18 Մէ՛կը չի հաներ զանիկա ինծմէ, հապա ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս։ Իշխանութիւն ունիմ զանիկա դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս առի»։
19 Նորէն պառակտում եղաւ Հրեաներուն մէջ այս խօսքերուն համար։
20 Անոնցմէ շատեր կ’ըսէին. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենդեցած է. ինչո՞ւ ատոր մտիկ կ’ընէք»։
21 Ուրիշներ կ’ըսէին. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ»։
22 Այն ատեն Երուսաղէմ նաւակատիքի տօն էր։ Ձմեռ էր։
23 Եւ Յիսուս կը պտըտէր տաճարին մէջ, Սողոմոնին Սրահը։
24 Հրեաները անոր չորս կողմը առին ու ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ»։
25 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք։ Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։
26 Բայց դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի՝ ՝։
27 Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։
28 Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։
29 Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ մէ՛կը չի կրնար իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել։
30 Ես ու Հայրը մէկ ենք»։
31 Այն ատեն Հրեաները նորէն քարեր վերցուցին, որպէս զի զանիկա քարկոծեն։
32 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Շատ բարի գործեր ցուցուցի ձեզի իմ Հօրմէս, անոնցմէ ո՞ր գործին համար զիս կը քարկոծէք»։
33 Հրեաները պատասխան տուին անոր՝ ըսելով. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ’ընես»։
34 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Չէ՞ որ ձեր օրէնքին մէջ գրուած է. ‘Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք’։
35 Եթէ աստուածներ կ’անուանէ զանոնք, որոնց Աստուծոյ խօսքը տրուեցաւ, (ու կարելի չէ որ այն գրուածը աւրուի,)
36 Հապա զայն որ Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ինչպէ՞ս անոր կ’ըսէք թէ՝ ‘Հայհոյութիւն կ’ընես’, ‘Աստուծոյ Որդի եմ’ ըսելուս համար։
37 Եթէ իմ Հօրս գործերը չեմ գործեր, ինծի մի՛ հաւատաք։
38 Բայց քանի որ կը գործեմ, թէեւ ինծի չէք հաւատար, գոնէ գործերուս հաւատացէք, որպէս զի գիտնաք ու հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես անոր մէջ»։
39 Նորէն կ’ուզէին զայն բռնել, բայց ան՝ անոնց ձեռքէն խուսափեցաւ։
40 Նորէն գնաց Յորդանանի անդիի կողմը, այն տեղը, ուր Յովհաննէս առաջ կը մկրտէր ու հոն կեցաւ։
41 Շատեր գացին անոր ու ըսին. «Իրաւ Յովհաննէս հրաշք մը չըրաւ,
42 Բայց ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր»։ Եւ շատ մարդիկ հոն անոր հաւատացին։