ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 12

Յիսուս զատկէն վեց օր առաջ Բեթանիա գնաց, ուր էր Ղազարոսը, որ Յիսուս մեռելներէն յարուցանեց։
2 Հոն՝ անոր ընթրիք մը պատրաստեցին ու Մարթա սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անոր հետ սեղան նստողներէն մէկն էր։
3 Իսկ Մարիամ մէկ լիտր նարդոսի պատուական մեծագին իւղ առնելով, Յիսուսին ոտքերը օծեց ու իր մազերովը անոր ոտքերը սրբեց եւ տունը իւղին անուշահոտութիւնովը լեցուեցաւ։
4 Այն ատեն աշակերտներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդան, որ զանիկա պիտի մատնէր, ըսաւ.
5 «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։
6 Ասիկա ըսաւ, թ՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա որ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր։
7 Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուր ատոր, այդ բանը իմ թաղմանս օրուանը համար պահեց։
8 Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ են, բայց ես ամէն ատեն ձեզի հետ պիտի չըլլամ»։
9 Հրեաներէն շատ ժողովուրդ անոր հոն ըլլալը իմացան ու եկան ո՛չ միայն Յիսուսին համար, հապա որպէս զի Ղազարոսն ալ տեսնեն, որ մեռելներէն յարուցանած էր։
10 Իսկ քահանայապետները խորհուրդ ըրին, որ Ղազարոսն ալ մեռցնեն.
11 Վասն զի Հրեաներէն շատեր անոր պատճառաւ կ’երթային ու կը հաւատային Յիսուսին։
12 Հետեւեալ օրը շատ ժողովուրդ, որ տօնին եկած էին, երբ լսեցին թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ,
13 Արմաւենիի ոստեր առին ու ելան զանիկա դիմաւորելու եւ կ’աղաղակէին. «Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։
14 Յիսուս աւանակ մը գտնելով՝ անոր վրայ նստաւ, ինչպէս գրուած է.
15 «Մի՛ վախնար, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ահա քու Թագաւորդ կու գայ իշու աւանակի վրայ նստած»։
16 Անոր աշակերտները առաջ չիմացան այն բաները, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն մտքերնին բերին թէ այս բաները անոր համար գրուած էին եւ թէ իրենք այս բաները ըրին անոր։
17 Իրեն հետ եղող ժողովուրդը կը վկայէր թէ ա՛ն Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս կանչեց ու մեռելներէն յարուցանեց զանիկա։
18 Ասոր համար ալ ժողովուրդը զանիկա դիմաւորեց, վասն զի լսեցին թէ անիկա այս հրաշքը ըրած էր։
19 Իսկ փարիսեցիները իրարու կ’ըսէին. «Կը տեսնէ՞ք որ օգուտ մը չենք կրնար ընել. ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։
20 Քանի մը Յոյներ կային տօնին երկրպագութիւն ընելու ելլողներուն մէջ։
21 Ասոնք Փիլիպպոսին եկան, որ Գալիլիայի Բեթսայիդայէն էր եւ կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել»։
22 Փիլիպպոս եկաւ ու Անդրէասին ըսաւ եւ յետոյ Անդրէաս ու Փիլիպպոս մէկտեղ Յիսուսին ըսին։
23 Յիսուս ալ պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։
24 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’։
25 Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա։
26 Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա»։
27 «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’. բայց ես եկայ այս ժամուան համար։
28 ‘Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ’»։ Այն ատեն ձայն մը եկաւ երկնքէն. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։
29 Ժողովուրդը, որ կայներ էր ու կը լսէր, կ’ըսէին. «Որոտում կ’ըլլայ»։ Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Հրեշտակ խօսեցաւ իրեն հետ»։
30 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այս ձայնը ինծի համար չեկաւ, հապա ձեզի համար։
31 Հիմա է այս աշխարհին դատաստանը, հիմա այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի։
32 Ես ալ երբ երկրէն բարձրանամ, ամէնքդ ալ ինծի պիտի քաշեմ»։
33 Այս բանը կ’ըսէր՝ իմացնելով թէ ի՛նչ կերպ մահով պիտի մեռնէր։
34 Ժողովուրդը անոր պատասխանեց. «Մենք օրէնքէն լսեցինք թէ Քրիստոս յաւիտեան կը մնայ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ պէտք է Որդին մարդոյ բարձրանայ. ո՞վ է այդ Որդին մարդոյ»։
35 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք, որ չըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի. վասն զի խաւարի մէջ քալողը չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։
36 Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք»։ Յիսուս այս բաները խօսեցաւ ու գնաց պահուեցաւ անոնցմէ։
37 Թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր անոնց առջեւ, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն.
38 Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին խօսքը, որ ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին եւ Տէրոջը բազուկը որո՞ւ յայտնուեցաւ»։
39 Անոր համար չէին կրնար հաւատալ, քանի որ դարձեալ կ’ըսէ Եսայի.
40 «Անոնց աչքերը կուրցուց եւ անոնց սրտերը թմրեցուց, որ չըլլայ թէ աչքովնին տեսնեն ու սրտովնին իմանան եւ դարձի գան ու ես զանոնք բժշկեմ»։
41 Այս խօսքը ըսաւ Եսային՝ երբ տեսաւ անոր փառքը ու խօսեցաւ անոր վրայով։
42 Ամէն պարագայի իշխաններէն ալ շատեր իրեն հաւատացին, բայց փարիսեցիներէն վախնալով զայն չէին դաւանիր, որպէս զի ժողովարանէն դուրս չձգուին.
43 Վասն զի մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին։
44 Յիսուս կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին.
45 Եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ։
46 Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ։
47 Եթէ մէկը իմ խօսքերս լսէ ու չհաւատայ, ես զանիկա պիտի չդատեմ, քանզի ես չեկայ որպէս զի աշխարհը դատեմ, հապա որպէս զի աշխարհը փրկեմ։
48 Ան, որ զիս կ’անարգէ եւ իմ խօսքերս չընդունիր, կայ մէկը որ զանիկա պիտի դատէ. այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը։
49 Վանս զի ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ։
50 Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը յաւիտենական կեանք է. ուստի ինչ որ ես կը խօսիմ, ինչպէս Հայրը ինծի ըսաւ, այնպէս կը խօսիմ»։