ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ
Գլուխ 7
Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը պտըտէր, քանզի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ պտըտիլ, վասն զի Հրեաները զինք սպաննել կ’ուզէին։
2 Հրեաներուն տաղաւարահարաց տօնը մօտ էր,
3 Ուստի իր եղբայրները ըսին իրեն. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա, որպէս զի քու աշակերտներդ ալ տեսնեն քու գործերդ որոնք կ’ընես.
4 Վասն զի մէկը չկայ որ ծածկաբար բան մը ընէ եւ ինք յայտնի ըլլալ ուզէ. եթէ դուն այդ բաները կ’ընես, ինքզինքդ աշխարհի յայտնէ»։
5 Քանզի իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն։
6 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ժամանակս դեռ հասած չէ, բայց ձեր ժամանակը միշտ պատրաստ է։
7 Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են։
8 Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։
9 Այս ըսելով անոնց՝ ինք Գալիլիա մնաց։
10 Բայց երբ իր եղբայրները գացին, ետքը ինք ալ գնաց տօնին, ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը։
11 Հրեաները տօնին ատենը կը փնտռէին զինք ու կ’ըսէին. «Ո՞ւր է անիկա»։
12 Եւ ժողովուրդին մէջ շատ շշնջիւն կար անոր վրայով։ Ոմանք կ’ըսէին թէ ‘Աղէկ մարդ է’. ուրիշներ կ’ըսէին. ‘Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ’։
13 Սակայն մէ՛կը անոր վրայով համարձակ չէր խօսեր Հրեաներուն վախէն։
14 Երբ տօնը կէս եղաւ, Յիսուս տաճարը գնաց ու կը սորվեցնէր։
15 Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։
16 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։
17 Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ։
18 Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։
19 Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը ու ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը։
20 Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել»։ Պատասխան տուաւ ժողովուրդը ու ըսաւ. «Դեւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել»։
21 Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Գործ մը գործեցի ու ամէնքդ ալ զարմացեր էք։
22 Արդ՝ Մովսէս ձեզի թլփատութիւնը տուաւ, (որ ոչ թէ Մովսէսէն էր, հապա նախնիքներէն,) ու շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք։
23 Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէս զի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։
24 Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։
25 Այն ատեն Երուսաղէմացիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ կը փնտռեն սպաննելու համար։
26 Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է։
27 Սակայն մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։
28 Եւ Յիսուս տաճարին մէջ աղաղակեց՝ սորվեցնելու ատեն. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։
29 Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։
30 Ուստի կը մտածէին զինք բռնել, բայց մէ՛կն ալ իրեն ձեռք չզարկաւ, վասն զի իր ժամանակը դեռ հասած չէր։
31 Ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ’ըսէին. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ’ընէ»։
32 Փարիսեցիները լսեցին ժողովուրդին այս շշնջիւնը անոր վրայով։ Անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ ղրկեցին, որպէս զի զանիկա բռնեն։
33 Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։
34 Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։
35 Այն ատեն Հրեաները ըսին իրարու. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։
36 Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։
37 Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։
38 Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։
39 Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին, վասն զի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր։
40 Ժողովուրդէն շատ մարդիկ երբ այս խօսքը լսեցին՝ ըսին. «Իրաւցընէ ասիկա է մարգարէն»։
41 Ուրիշներ ըսին. «Ասիկա է Քրիստոսը». ուրիշներ ալ. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։
42 Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ»։
43 Ուստի ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն եղաւ անոր համար։
44 Անոնցմէ ոմանք ուզեցին բռնել զանիկա, բայց մէ՛կը անոր ձեռք չզարկաւ։
45 Սպասաւորները նորէն գացին քահանայապետներուն եւ փարիսեցիներուն, որոնք հարցուցին. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։
46 Պատասխան տուին սպասաւորները. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։
47 Այն ատեն փարիսեցիները հարցուցին անոնց եւ ըսին. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։
48 Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր.
49 Բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։
50 Նիկոդէմոս ըսաւ անոնց, (որ գիշեր ատեն իրեն գացեր էր եւ անոնցմէ մէկն էր,)
51 «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։
52 Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարդ չելլեր»։
53 Եւ ամէն մէկը իր տունը գնաց։