ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 9

Երբ կ’անցնէր, մարդ մը տեսաւ կոյր ծնած։
2 Իր աշակերտները հարցուցին իրեն ու ըսին. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ»։
3 Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան։
4 Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել,
5 Քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։
6 Երբ այս ըսաւ, թքաւ գետինը եւ թուքով կաւ շինեց, այն կաւը կոյրին աչքերուն վրայ ծեփեց
7 Եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ»։ (որ «ղրկուած» կը թարգմանուի։) Ան ալ գնաց ու լուացուեցաւ, եկաւ ու կը տեսնէր։
8 Դրացիները եւ անոնք որ առաջուընէ տեսած էին զանիկա որ կոյր էր, կ’ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Ոմանք կ’ըսէին. «Անիկա է»։
9 Ուրիշներ կ’ըսէին. «Անոր նման մէկն է», իսկ ինք կ’ըսէր. «Ես եմ»։
10 Ուստի հարցուցին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ»։
11 Ինք պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։
12 Ըսին իրեն. «Ո՞ւր է անիկա»։ Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»։
13 Փարիսեցիներուն տարին զանիկա, որ ատենով կոյր էր։
14 Շաբաթ օր էր, երբ Յիսուս կաւը շինեց ու անոր աչքերը բացաւ։
15 Փարիսեցիներն ալ կը հարցնէին իրեն թէ՝ «Ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։
16 Ասոր վրայ փարիսեցիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել»։ Անոնց մէջ երկպառակութիւն կար։
17 Նորէն ըսին կոյրին. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։ Ան ալ ըսաւ թէ՝ ‘Մարգարէ մըն է’։
18 Իսկ Հրեաները չէին հաւատար՝ թէ կոյր էր ու բացուեցաւ, մինչեւ որ անոր ծնողքը կանչեցին,
19 Եւ անոնց հարցուցին. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ»։
20 Անոր ծնողքը պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ։
21 Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր, ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար»։
22 Այսպէս ըսին անոր ծնողքը Հրեաներէն վախնալնուն համար, քանզի Հրեաները միաբան հաւանութեամբ որոշեր էին, որ եթէ մէկը զանիկա Քրիստոս դաւանի, ժողովարանէն դուրս ձգուի։
23 Ասոր համար անոր ծնողքը ըսին թէ «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք»։
24 Ետքը նորէն կանչեցին այն մարդը որ կոյր էր ու ըսին անոր. «Աստուծոյ փառք տուր, մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է»։
25 Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ»։
26 Նորէն ըսին անոր. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։
27 Պատասխան տուաւ անոնց. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։
28 Անոնք նախատելով զանիկա, ըսին. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։
29 Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է»։
30 Պատասխան տուաւ մարդը եւ ըսաւ անոնց. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ։
31 Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։
32 Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ։
33 Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։
34 Պատասխան տուին եւ ըսին անոր. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Եւ դուրս ըրին զանիկա։
35 Յիսուս լսեց թէ զանիկա դուրս ըրին, երբ գտաւ զանիկա, ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։
36 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։
37 Յիսուս ըսաւ անոր. «Տեսար զանիկա, քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է»։
38 Անիկա ալ ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր» ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։
39 Յիսուս ըսաւ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան»։
40 Փարիսեցիներէն ոմանք, որոնք իրեն հետ էին, այս բաները լսելով՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։
41 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ»։