ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ
Գլուխ 16
«Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք։
2 Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ։
3 Եւ այս բաները ձեզի պիտի ընեն՝ անոր համար որ ո՛չ Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ՝ զիս։
4 Բայց այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի երբ ժամանակը գայ, մտքերնիդ բերէք թէ ես ըսի ձեզի։ Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի»։
5 «Հիմա ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով եւ ձեզմէ մէ՛կն ալ չի հարցներ ինծի թէ ‘Ո՞ւր կ’երթաս’։
6 Բայց՝ որովհետեւ այս բաները ձեզի խօսեցայ, ձեր սրտերը տրտմութիւնով լեցուցան։
7 Բայց ես ճշմարիտը կ’ըսեմ ձեզի. ‘Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ’։
8 Եւ ինք երբ գայ, աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար։
9 Մեղքի համար՝ որ ինծի չեն հաւատար.
10 Արդարութեան համար՝ որ ես իմ Հօրս քով կ’երթամ եւ ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք.
11 Եւ դատաստանի համար՝ որ այս աշխարհին իշխանը դատապարտուած է։
12 Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ։
13 Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ, վասն զի ո՛չ թէ ինքնիրմէ պիտի խօսի, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի ու գալիքները ձեզի պիտի պատմէ։
14 Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, վասն զի իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ։
15 Այն ամէն բաները, որոնք Հայրը ունի՝ իմս են. անոր համար ձեզի ըսի թէ իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ»։
16 «Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ»։
17 Ասոր համար աշակերտներէն ոմանք իրարու կ’ըսէին. «Ի՞նչ է այս որ մեզի կ’ըսէ թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ’»։
18 Ու կ’ըսէին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն ‘Քիչ մըն ալ’ը՝ որ կ’ըսէ. չենք գիտեր ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։
19 Յիսուս իմանալով որ կ’ուզեն իրեն հարցնել, ըսաւ անոնց. «Ատո՞ր համար իրարու կը հարցնէք, որ ըսի թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք’։
20 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’։
21 Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։
22 Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ։
23 Այն օրը ինծի բան մը պիտի չհարցնէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։
24 Մինչեւ հիմա իմ անունովս բա՛ն մը չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։
25 «Այս բաները առակներով խօսեցայ ձեզի. բայց ժամանակ պիտի գայ, որ ա՛լ առակներով պիտի չխօսիմ, հապա յայտնապէս Հօրը վրայով պիտի պատմեմ ձեզի։
26 Այն օրը իմ անունովս պիտի խնդրէք։ Չեմ ըսեր ձեզի թէ ե՛ս ձեզի համար պիտի աղաչեմ Հօրը.
27 Քանզի ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ։
28 Հօրմէն ելայ ու աշխարհ եկայ. նորէն կը թողում աշխարհը եւ Հօրը կ’երթամ»։
29 Ըսին անոր իր աշակերտները. «Ահա հիմա յայտնապէս կը խօսիս եւ առակ մըն ալ չես ըսեր։
30 Հիմա իմացանք թէ ամէն բան գիտես եւ բա՛ն մըն ալ պէտք չէ որ մէկը քեզի հարցնէ. ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար»։
31 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Հիմա կը հաւատա՞ք.
32 Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք. բայց ես մինակ չեմ, վասն զի Հայրը ինծի հետ է։
33 Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։