ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ
Գլուխ 11
Մարիամին եւ անոր քրոջ Մարթային գիւղէն, Բեթանիայէն, Ղազարոս անունով մէկը հիւանդ էր։
2 Ասիկա այն Մարիամն էր, որ Տէրը օծեց ու անոր ոտքերը իր մազերովը սրբեց, որուն եղբայրն էր հիւանդ Ղազարոսը։
3 Ուստի իր քոյրերը մարդ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է»։
4 Յիսուս, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։
5 Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը։
6 Երբ լսեց թէ հիւանդ է, եղած տեղը երկու օր ալ կեցաւ։
7 Անկէ ետքը ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։
8 Աշակերտները իրեն ըսին. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս»։
9 Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է։ Եթէ մէկը ցորեկը քալէ՝ չի սահիր, վասն զի այս աշխարհին լոյսը կը տեսնէ.
10 Բայց եթէ մէկը գիշերը քալէ՝ կը սահի, վասն զի իրեն հետ լոյս չկայ»։
11 Այս բաները ըսելէն յետոյ ըսաւ անոնց. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։
12 Իր աշակերտները ըսին. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի արթննայ»։
13 Յիսուս անոր մեռնելուն համար կ’ըսէր, բայց անոնք կը կարծէին թէ քնանալուն մասին կը խօսի։
14 Այն ատեն Յիսուս յայտնապէս ըսաւ անոնց. «Ղազարոս մեռաւ
15 Եւ ես ուրախ եմ ձեզի համար որ հոն չէի, որպէս զի դուք հաւատաք. բայց եկէ՛ք երթանք անոր»։
16 Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ըսաւ իր աշակերտակիցներուն. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք»։
17 Յիսուս երբ գնաց, գտաւ որ անիկա արդէն չորս օրուան գերեզմանը դրուած էր։
18 Բեթանիա Երուսաղէմի մօտ էր՝ տասնըհինգ ասպարէզի չափ։
19 Հրեաներէն շատեր Մարթային ու Մարիամին եկած էին, որպէս զի մխիթարեն զանոնք իրենց եղբօրը համար։
20 Արդ՝ երբ Մարթան լսեց թէ Յիսուս կու գայ, զանիկա դիմաւորելու գնաց, բայց Մարիամ տանը մէջ նստեր էր։
21 Մարթա ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ.
22 Բայց գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի»։
23 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։
24 Մարթա ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։
25 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի.
26 Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։
27 Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր»։
28 Ասիկա ըսելէ վերջ, գնաց իր քոյրը Մարիամը գաղտուկ մը կանչեց՝ ըսելով. «Վարդապետը եկեր է ու քեզ կը կանչէ»։
29 Անիկա լսածին պէս՝ շուտ մը ելաւ ու գնաց անոր։
30 Յիսուս դեռ գիւղը եկած չէր, հապա այն տեղն էր, ուր Մարթան զինք դիմաւորեց։
31 Հրեաները, որ անոր հետ տանը մէջ էին ու կը մխիթարէին զանիկա, երբ տեսան թէ Մարիամ շուտ մը ելաւ ու գնաց, իրենք ալ անոր ետեւէն գացին՝ խորհելով թէ գերեզմանը կ’երթայ որպէս զի հոն լայ։
32 Իսկ Մարիամ, երբ Յիսուսին եղած տեղը հասաւ, զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ»։
33 Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ,
34 Եւ ըսաւ. «Ո՞ւր դրած էք զանիկա»։ Ըսին իրեն. «Տէ՛ր, եկուր ու տես»։
35 Յիսուս լացաւ։
36 Ուստի Հրեաները կ’ըսէին. «Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր զանիկա»։
37 Անոնցմէ ոմանք ալ կ’ըսէին. «Ատիկա որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար ընել որ աս ալ չմեռնէր»։
38 Յիսուս նորէն իր սրտին մէջ հառաչելով գերեզման գնաց։ Անիկա քարայր մըն էր ու անոր վրայ քար մը դրուած էր։
39 Յիսուս ըսաւ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Մեռելին քոյրը՝ Մարթան՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, որդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։
40 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։
41 Այն ատեն մէկդի ըրին քարը։ Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։
42 Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես. բայց այս բոլորտիքս կայնող ժողովուրդին համար ըսի, որպէս զի հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս»։
43 Ասիկա ըսելէն ետքը՝ մեծ ձայնով մը կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։
44 Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ»։
45 Եւ Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամին հետն էին, Երբ Յիսուսին ըրածը տեսան, հաւատացին իրեն։
46 Անոնցմէ ոմանք ալ գացին Փարիսեցիներուն ու Յիսուսին ըրածը անոնց պատմեցին։
47 Ուստի քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։
48 Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը»։
49 Անոնցմէ մէկը՝ Կայիափա անունով՝ որ այն տարուան քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց.
50 «Դուք բան մը չէ՛ք գիտեր, չէ՛ք ալ խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի»։
51 Բայց այս բանը ո՛չ թէ ինքնիրմէ ըսաւ, հապա այն տարուան քահանայապետը ըլլալով, մարգարէացաւ թէ Յիսուս ազգին համար պիտի մեռնէր.
52 Եւ ո՛չ միայն ազգին համար, հապա որպէս զի Աստուծոյ ցիրուցան եղած որդիներն ալ մէկտեղ ժողվէ։
53 Այն օրէն յետոյ որոշեցին, որ սպաննեն զանիկա։
54 Ուստի Յիսուս ա՛լ համարձակ չէր պտըտեր Հրեաներուն մէջ, հապա անկէ անապատին մօտ տեղ մը գնաց, քաղաք մը, որուն անունը Եփրայիմ էր ու իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ հոն կեցաւ։
55 Երբ Հրեաներուն զատիկը մօտեցաւ, անկէ շատ մարդիկ զատկէն առաջ Երուսաղէմ գացին, որպէս զի ինքզինքնին մաքրեն։
56 Ու կը փնտռէին Յիսուսը ու տաճարին մէջ կեցած ատեննին իրարու կ’ըսէին. «Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, անշուշտ այս տօնին բնաւ պիտի չգայ»։
57 Իսկ քահանայապետներն ու փարիսեցիները պատուէր տուեր էին, որ եթէ մէկը գիտնայ անոր ո՛ւր ըլլալը՝ իմացնէ, որպէս զի զանիկա բռնեն։