ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ
Գլուխ 18
Յիսուս այս բաները ըսելէն յետոյ, իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Կեդրոն հեղեղատին անդիի կողմը գնաց, ուր պարտէզ մը կար, որուն մէջ մտան ինք ու իր աշակերտները։
2 Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր, գիտէր այն տեղը, վասն զի Յիսուս շատ անգամ իր աշակերտներուն հետ հոն կը հաւաքուէին
3 Յուդա զինուորներու գունդ մը ու քահանայապետներէն եւ փարիսեցիներէն սպասաւորներ իրեն հետ առնելով՝ այն տեղը գնաց ջահերով ու լապտերներով ու զէնքերով։
4 Յիսուս իրեն պատահելիք բոլոր բաները գիտնալով՝ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։
5 Պատասխան տուին անոր. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Ե՜ս եմ»։ Յուդան ալ, որ զանիկա պիտի մատնէր, անոնց հետ կայներ էր։
6 Երբ ըսաւ թէ «Ես եմ», ետ ետ գացին ու գետինը ինկան։
7 Նորէն հարցուց անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Նազովրեցի Յիսուսը»։
8 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։
9 Անով կատարուեցաւ այն խօսքը, որ ինք ըսեր էր թէ՝ «Զանոնք որ ինծի տուիր, անոնցմէ մէ՛կն ալ չկորսնցուցի»։
10 Այն ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց զանիկա ու քահանայապետին ծառային զարնելով՝ անոր աջ ականջը կտրեց։ Այն ծառային անունը Մաղքոս էր։
11 Յիսուս ըսաւ Պետրոսին. «Սուրդ իր պատեա՛նը դիր. այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ»։
12 Զինուորներուն գունդը ու հազարապետը եւ Հրեայ սպասաւորները բռնեցին Յիսուսը ու կապեցին
13 Եւ առաջ Աննային տարին, քանզի ինք այն տարուան քահանայապետին՝ Կայիափային՝ աներն էր։
14 Ասիկա ա՛յն Կայիափան էր, որ Հրէից խրատ տուաւ թէ՝ ‘Աղէկ է որ մարդ մը կորսուի ժողովուրդին համար’։ ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
15 Յիսուսին ետեւէն կ’երթային Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը։ Այն աշակերտը քահանայապետին ծանօթ ըլլալով՝ Յիսուսին հետ քահանայապետին գաւիթը մտաւ։
16 Բայց Պետրոս դուրսը գաւիթը կը կենար. ուստի եկաւ միւս աշակերտը, որ քահանայապետին ծանօթն էր եւ խօսեցաւ դռնապանին հետ ու ներս մտցուց Պետրոսը։
17 Այն ատեն դռնապան աղջիկը ըսաւ Պետրոսին. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Չեմ»։
18 Իսկ ծառաներն ու սպասաւորները հոն կայներ էին եւ կրակ վառած կը տաքնային, քանզի ցուրտ էր։ Պետրոս ալ անոնց հետ կայներ էր ու կը տաքնար։
19 Քահանայապետը Յիսուսին հարցուց իրեն աշակերտներուն ու վարդապետութեանը վրայով։
20 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։
21 Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց. ահա ինչ որ խօսեցայ՝ գիտեն իրենք»։
22 Երբ ասիկա ըսաւ, սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կայներ էր, Յիսուսին ապտակ մը զարկաւ՝ ըսելով. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։
23 Յիսուս անոր պատասխանեց. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի»։
24 Աննան զանիկա կապած՝ Կայիափա քահանայապետին ղրկեց։
25 Սիմոն Պետրոս ալ հոն կայներ էր ու կը տաքնար եւ ըսին իրեն. «Միթէ դո՞ւն ալ անոր աշակերտներէն ես»։ Անիկա ուրացաւ ու ըսաւ թէ «Չեմ»։
26 Քահանայապետին ծառաներէն մէկն ալ, այն մարդուն ազգականը, որուն ականջը Պետրոս կտրեր էր, ըսաւ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։
27 Այն ատեն Պետրոս նորէն ուրացաւ։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։
28 Յիսուսը Կայիափային տունէն կուսակալին պալատը տարին։ Ալ առտու էր։ Իրենք պալատը չմտան, որպէս զի չպղծուին, հապա որպէս զի զատիկը ուտեն։
29 Ուստի Պիղատոս դուրս ելաւ անոնց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»։
30 Պատասխան տուին ու ըսին իրեն. «Եթէ ատիկա չարագործ մը չըլլար, քեզի չէինք մատներ զանիկա»։
31 Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դուք առէք զանիկա ու ձեր օրէնքին համեմատ անոր դատաստանը տեսէք»։ Հրեաները իրեն ըսին. «Մեզի օրինաւոր չէ մարդ մը մեռցնել»։
32 Որպէս զի կատարուի Յիսուսին խօսքը, որ ըսաւ՝ իմացնելով թէ ի՛նչ մահով ինք պիտի մեռնէր։
33 Իսկ Պիղատոս նորէն պալատը մտաւ, կանչեց Յիսուս ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»։
34 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ատիկա դուն քեզմէ՞ կ’ըսես, թէ ինծի համար ուրիշներ քեզի ըսին»։
35 Պատասխան տուաւ Պիղատոս. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ. քու ազգդ եւ քահանայապետները քեզ ինծի մատնեցին. ի՞նչ ըրած ես դուն»։
36 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։
37 Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։
38 Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Ասիկա ըսելով՝ նորէն դուրս ելաւ Հրեաներուն եւ ըսաւ անոնց. «Ես յանցանք մը չեմ գտներ անոր վրայ։
39 Բայց սովորութիւն ունիք որ մարդ մը արձակեմ ձեզի զատկին։ Հիմա կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։
40 Այն ատեն ամէնքն ալ նորէն աղաղակեցին՝ ըսելով. «Մի՛ արձակեր ատիկա, հապա Բարաբբան»։ Բարաբբա աւազակ մըն էր։