ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ
Գլուխ 5
Ասկէ յետոյ Հրէից տօնն էր։ Յիսուս Երուսաղէմ ելաւ։
2 Երուսաղէմի մէջ Ոչխարներու դրանը քով աւազան մը կար, որ Եբրայեցերէն Բեթհեզդա կը կոչուէր, որ հինգ սրահ ունէր։
3 Ասոնց մէջ խիստ շատ հիւանդներ պառկած էին՝ կոյրեր, կաղեր, չորցածներ՝ որոնք կը սպասէին ջուրին խառնուելուն,
4 Վասն զի հրեշտակ մը ժամանակ ժամանակ աւազանը կ’իջնէր ու ջուրերը կը խառնէր եւ ո՛վ որ ջուրին խառնուելէն յետոյ ամենէն առաջ անոր մէջ մտնէր, կը բժշկուէր ի՛նչ հիւանդութիւն ալ որ ունենար։
5 Հոն մարդ մը կար, որ երեսունըութը տարիէ ի վեր հիւանդութիւն մը ունէր։
6 Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա, որ ինկած պառկած էր, գիտցաւ թէ շատ ժամանակէ ի վեր է, ըսաւ անոր. «Կ’ուզե՞ս առողջանալ»
7 Հիւանդը պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, մարդ մը չունիմ որ երբ ջուրերը խառնուին՝ զիս աւազանը ձգէ ու քանի որ ես ծանր կը շարժիմ, ինծմէ առաջ ուրիշ մը կ’իջնէ»։
8 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, մահիճդ առ ու քալէ»։
9 Իսկոյն մարդը առողջացաւ ու իր մահիճը վերցնելով կը քալէր։ Այն օրը շաբաթ էր։
10 Այն ատեն Հրեաները ըսին բժշկուած մարդուն. «Շաբաթ է եւ ներելի չէ որ մահիճդ վերցնես»։
11 Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ան որ զիս բժշկեց՝ ի՛նք ինծի ըսաւ՝ ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։
12 Ուստի հարցուցին անոր. «Ո՞վ է այն մարդը, որ քեզի ըսաւ, ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։
13 Եւ բժշկուողը չէր գիտեր թէ ո՛վ է ան, վասն զի Յիսուս մէկդի քաշուեցաւ՝ այնտեղ բազմութիւն ըլլալուն համար։
14 Անկէ ետքը Յիսուս զանիկա տաճարին մէջ գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Ահա բժշկուեցար, ալ մեղք մի՛ գործեր, որ ա՛լ աւելի չար բան չպատահի քեզի»։
15 Գնաց մարդը ու Հրեաներուն պատմեց թէ՝ Յիսուս էր, որ զինք բժշկեց։
16 Ասոր համար Հրեաները կը հալածէին Յիսուսը եւ կը մտածէին զանիկա սպաննել, քանի որ այս բաները շաբաթ օրը կ’ընէր։
17 Եւ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։
18 Ասոր համար ա՛լ աւելի կը մտածէին Հրեաները զանիկա սպաննել, վասն զի ո՛չ միայն շաբաթ օրը չէր պահեր, հապա նաեւ Աստուած իր Հայրը կ’անուանէր ու այսպէս ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր։
19 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ’. վասն զի ինչ որ անիկա կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ։
20 Քանզի Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ անոր՝ ինչ որ ինք կ’ընէ եւ ասոնցմէ ա՛լ աւելի մեծ գործեր պիտի ցուցնէ անոր, որպէս զի դուք զարմանաք։
21 Վասն զի ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ ու կը կենդանացնէ, այնպէս ալ Որդին որոնք կ’ուզէ կը կենդանացնէ։
22 Քանզի Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ.
23 Որպէս զի ամէնքը պատուեն Որդին, ինչպէս Հայրը կը պատուեն։ Ան որ Որդին չի պատուեր, զանիկա ղրկող Հայրը չի պատուեր։
24 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է’։
25 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ Ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին։
26 Վասն զի ինչպէս Հայրը իր անձին մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ, որ իր անձին մէջ կեանք ունենայ,
27 Եւ դատաստան ընելու իշխանութիւն ալ տուաւ անոր, քանզի անիկա Որդի մարդոյ է։
28 Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն,
29 Ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։
30 Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. ինչպէս կը լսեմ, այնպէս կը դատեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, վասն զի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց։
31 Եթէ ես ինծի համար վկայեմ, իմ վկայութիւնս ճշմարիտ չէ։
32 Ուրիշ մըն է, որ ինծի համար կը վկայէ եւ ես գիտեմ թէ ճշմարիտ է այն վկայութիւնը՝ որ ինք ինծի համար վկայեց։
33 Դուք Յովհաննէսին ղրկեցիք եւ ինք ճշմարտութեանը վկայ եղաւ։
34 Բայց ես պէտք չունիմ մարդոց վկայութեան։ Այս բաները կ’ըսեմ, որպէս զի դուք փրկուիք։
35 Անիկա ճրագ մըն էր, որ կը վառէր ու լոյս կու տար եւ դուք քիչ մը ատեն ուզեցիք անոր լոյսովը ուրախանալ։
36 Բայց ես Յովհաննէսին վկայութենէն ալ մեծ վկայութիւն մը ունի, քանզի այն գործերը որոնք Հայրը ինծի տուաւ որ կատարեմ, այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’։
37 Հայրը, որ զիս ղրկեց, ինք վկայեց ինծի համար։ Դուք անոր ձայնը չլսեցիք, ո՛չ ալ անոր կերպարանքը տեսաք
38 Ո՛չ ալ անոր խօսքը ձեր մէջ բնակած է, քանզի զայն որ ինք ղրկեց, դուք անոր չէք հաւատար։
39 Գրքերը քննեցէք, վասն զի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն.
40 Եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք։
41 Ես մարդոցմէ փառք չեմ սպասեր։
42 Բայց գիտեմ թէ Աստուծոյ սէրը ձեր մէջ չունիք։
43 Ես իմ Հօրս անունովը եկայ ու զիս չէք ընդունիր եթէ ուրիշ մէկը իր անունովը գայ, զանիկա պիտի ընդունիք։
44 Դուք ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, երբ իրարմէ փառք կ’ակնկալէք եւ այն փառքը որ Աստուծմէն է՝ չէք փնտռեր։
45 Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզի համար ամբաստանութիւն պիտի ընեմ Հօրը։ Կայ մէկը՝ որ ձեզի համար ամբաստանութիւն կ’ընէ։ Մովսէսը՝ որուն դուք յուսացած էք։
46 Վասն զի եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, ինծի ալ պիտի հաւատայիք, քանզի անիկա ինծի համար գրեց։
47 Բայց եթէ անոր գրածներուն չէք հաւատար, իմ խօսքերուս ի՞նչպէս պիտի հաւատաք։