ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 3

Փարիսեցիներէն մարդ մը կար Նիկոդէմոս անունով, որ Հրեայ իշխան մըն էր։
2 Ասիկա գիշերով Յիսուսին եկաւ եւ ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես, վասն զի մէկը չի կրնար ընել այն հրաշքները, որոնք դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ»։
3 Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել’»։
4 Նիկոդէմոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչպէս կրնայ մարդ մը նորէն ծնանիլ, որ ծերացած է։ Հնարաւո՞ր բան է, որ նորէն իր մօրը որովայնը մտնէ ու ծնանի»։
5 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել։
6 Մարմինէն ծնածը մարմին է ու Հոգիէն ծնածը հոգի է։
7 Դուն մի՛ զարմանար որ քեզի ըսի. ‘Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ’։
8 Հովը ուր որ ուզէ՝ կը փչէ։ Անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՞ կու գայ, կամ ո՞ւր կ’երթայ։ Այսպէս ալ է այն ամէնը, որ Հոգիէն կը ծնանի»։
9 Նիկոդէմոս հարցուց անոր. «Այդ ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ»։
10 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դուն Իսրայէլի մէջ վարդապետ մըն ես եւ այս բաները չե՞ս գիտեր։
11 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ կը վկայենք ու մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր։
12 Եթէ երկրաւոր բաները ձեզի ըսի ու չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք եթէ երկնաւոր բաները ձեզի պատմեմ։
13 Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ, որ երկնքէն է։
14 Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ,
15 Որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։
16 Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։
17 Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի։
18 Ան՝ որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր եւ ան որ չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասն զի Աստուծոյ միածին Որդիին անուանը չհաւատաց։
19 Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։
20 Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։
21 Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։
22 Այս բաներէն ետքը Յիսուս եւ իր աշակերտները Հրէաստանի երկիրը եկան։ Ինք կը կենար անոնց հետ մէկտեղ ու մկրտութիւն կ’ընէր։
23 Յովհաննէս ալ Այենոնի մէջ Սաղիմի մօտ մկրտութիւն կ’ընէր, որովհետեւ հոն շատ ջուր կար ու կու գային եւ կը մկրտուէին.
24 Վասն զի Յովհաննէս դեռ բանտը դրուած չէր։
25 Այն ատեն վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսին աշակերտներուն եւ Հրեաներուն միջեւ՝ մաքրութեան վրայով։
26 Աշակերտները գացին Յովհաննէսին եւ անոր ըսին. «Ռա՛բբի, անիկա որ քեզի հետ Յորդանանի անդիի կողմն էր, որուն համար դուն վկայութիւն տուիր, ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ’երթան»։
27 Պատասխան տուաւ Յովհաննէս եւ ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար բան մը առնել, եթէ երկնքէն տրուած չըլլայ անոր։
28 Դուք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար, որ ըսի թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ, հապա անոր առջեւէն ղրկուած եմ’։
29 Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է։
30 Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտկնամ»։
31 Ան որ վերէն կու գայ՝ ամենէն վեր է. ան որ երկրէն է՝ երկրաւոր է ու երկրէն կը խօսի. ան որ երկնքէն կու գայ՝ ամենէն վեր է։
32 Եւ ինչ որ տեսաւ ու լսեց, զայն կը վկայէ ու անոր վկայութիւնը մէ՛կը չընդունիր։
33 Ան որ անոր վկայութիւնը կ’ընդունի, կ’ապացուցանէ թէ Աստուած ճշմարիտ է։
34 Վասն զի ան որ Աստուած ղրկեց, Աստուծոյ խօսքերը կը խօսի, վասն զի Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին։
35 Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան անոր ձեռքը տրուած է։
36 Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ։