ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 8

Կուռքերուն զոհերուն վրայով՝ գիտենք թէ ամէնքս ալ գիտութիւն ունինք։ Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ։
2 Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բան մը գիտէ, իրապէս բան մը չի գիտեր՝ ինչպէս պէտք է գիտնար։
3 Իսկ եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է։
4 Ուստի կուռքերու զոհուածները ուտելու վրայով՝ գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ եւ թէ մէկէն զատ ուրիշ Աստուած չկայ։
5 Քանզի թէեւ ըլլան ալ անունով աստուածներ, թէ՛ երկինքը եւ թէ՛ երկրի վրայ, (ինչպէս կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր,)
6 Բայց մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ անով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով։
7 Բայց ամէնքը նոյն գիտութիւնը չունին։ Ոմանք կուռքին վրայ նոյն կարծիքը չունին։ Միսը կ’ուտեն կուռքերու զոհուածի պէս, որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, կը պղծուի։
8 Սակայն կերակուրը մեզ Աստուծոյ առջեւ չի կեցներ, քանզի եթէ ուտենք չենք աւելնար եւ եթէ չուտենք չենք պակսիր։
9 Բայց զգո՛յշ կեցէք, որ չըլլայ թէ ձեր ազատութիւնը տկարներուն գայթակղութիւն ըլլայ։
10 Քանզի եթէ մէկը տեսնէ քեզ, որ գիտութիւն ունիս եւ կռատունի մէջ սեղան նստած ես, չէ՞ որ այն տկար խղճմտանք ունեցող մարդն ալ համարձակութիւն պիտի ունենայ կուռքերու զոհուածը ուտելու
11 Եւ քու գիտութիւնովդ այդ տկար եղբայրը կրնայ կորսուիլ, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։
12 Այսպէս՝ եղբայրներուն դէմ մեղանչելով ու անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով՝ Քրիստոսին դէմ կը մեղանչէք։
13 Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ։