ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 10
Չեմ ուզեր որ չգիտցողի պէս ըլլաք, եղբա՛յրներ, որ մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին տակ էին ու ամէնքն ալ ծովէն անցան
2 Եւ ամէնքն ալ Մովսէսով մկրտուեցան ամպին ու ծովին մէջ
3 Եւ ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր կերակուրը կերան
4 Ու ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր խմելիքը խմեցին, վասն զի կը խմէին այն հոգեւոր վէմէն, որ անոնց հետ կ’երթար ու այն վէմը Քրիստոսն էր։
5 Բայց անոնցմէ շատերուն չհաւնեցաւ Աստուած, ատոր համար անապատին մէջ փռուած ինկան։
6 Ու այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։
7 Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. «Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու»։
8 Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան։
9 Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։
10 Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան։
11 Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։
12 Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։
13 Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։
14 Անոր համար, իմ սիրելիներս, կռապաշտութենէ փախէք։
15 Որպէս թէ իմաստուններու հետ կը խօսիմ. դուք դատեցէք ինչ որ կ’ըսեմ։
16 Օրհնութեան գաւաթը՝ որ մենք կ’օրհնենք չէ՞ որ Քրիստոսին արեան հաղորդութիւնն է. հացը որ մենք կը կտրենք, չէ՞ որ Քրիստոսին մարմնին հաղորդութիւնն է։
17 Քանզի մենք շատերս մէկ հաց մէկ մարմին ենք, վասն զի ամէնքս ալ այդ մէկ հացէն կը վայելենք։
18 Նայեցէք մարմնաւոր Իսրայէլին։ Չէ՞ որ զոհուածներ ուտողները անոնց սեղանին հաղորդակից կ’ըլլան։
19 Ուրեմն ի՞նչ ըսեմ. կուռքը բա՞ն մըն է, կամ կուռքերու զոհուածը բա՞ն մըն է։
20 Բայց այս կ’ըսեմ թէ՝ այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ ու չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը.
21 Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն։
22 Նախանձի՞ գրգռնեք Տէրը. միթէ մենք անկէ զօրաւո՞ր ենք։
23 Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ։
24 Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ։
25 Ամէն ինչ որ սպանդանոցին մէջ կը ծախուի՝ կերէք ու քննութիւն մի՛ ընէք խղճմտանքի համար.
26 Վասն զի երկիրը իր լիութիւնովը Տէրոջն է։
27 Եւ եթէ անհաւատներէն մէկը ձեզ կերակուրի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ամէն ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք առանց խղճահարուելու։
28 Բայց եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ՝ ‘Ատիկա կուռքի զոհուած է’, այն ատեն անոր համար որ ձեզի իմացուց ու անոր խղճմտանքին համար մի՛ ուտէք.
29 Սակայն խղճմտանք կ’ըսեմ՝ ո՛չ թէ ձերը, հապա ընկերինը։ Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդուի ուրիշին խղճմտանքին համար։
30 Եթէ ես շնորհակալութեամբ կը վայելեմ՝ ինչո՞ւ համար հայհոյեն ինծի, քանի որ կը գոհանամ։
31 Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։
32 Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին։
33 Ինչպէս ես ալ ամէն կերպով ամենուն հաճոյ կ’ըլլամ ու չեմ փնտռեր իմ անձիս օգուտը, հապա շատերունը՝ որպէս զի փրկուին։