ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 6

Ձեզմէ մէկը, եթէ բան մը ունենայ իր ընկերին հետ, կը համարձակի անիրաւներո՞ւն առջեւ դատուիլ, թէ սուրբերուն առջեւ։
2 Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբերը պիտի դատեն աշխարհը. եթէ աշխարհ ձեզմէ կը դատուի, ուրեմն արժանի չէ՞ք այդ չնչին դատերը որոշելու։
3 Չէ՞ք գիտեր թէ մենք հրեշտակներ պիտի դատենք. ո՞ւր կը մնան հապա աշխարհայինները։
4 Ուրեմն եթէ ձեր մէջ աշխարհային դատեր ունիք, եկեղեցիին անարգները ձեզի դատաւոր դրէք։
5 Ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ. իրա՞ւ ձեր մէջ իմաստուն մը չկայ, որ կարող ըլլայ իրաւունքը որոշել իր եղբայրներուն մէջ։
6 Պէ՞տք է եղբօր հետ դատի մտնել, այն ալ անհաւատներուն առջեւ։
7 Արդարեւ բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք. ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր։
8 Բայց դուք անիրաւութիւն ու զրկանք կ’ընէք եւ այն ալ եղբայրներո՞ւն։
9 Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները,
10 Ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։
11 Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը։
12 Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ։
13 Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ կերակուրներուն. բայց Աստուած աս ալ, անոնք ալ պիտի խափանէ։ Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջը ու Տէրը՝ մարմնին համար։
14 Եւ Աստուած որ Տէրը յարուցանեց, մեզ ալ պիտի յարուցանէ իր զօրութիւնովը։
15 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսին անդամներն են։ Քրիստոսին անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ։ Քա՛ւ լիցի։
16 Չէ՞ք գիտեր թէ ան որ պոռնիկի կը մօտենայ, անոր հետ մէկ մարմին կ’ըլլայ. քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։
17 Իսկ ան որ Տէրոջը կը մօտենայ, անոր հետ մէկ հոգի կ’ըլլայ։
18 Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։
19 Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք.
20 Քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ կը պատկանին։