ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 7

Արդ՝ այն բաներուն համար, որ դուք ինծի գրեցիք, աղէկ է մարդուս որ կնոջ չմօտենայ։
2 Բայց պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը։
3 Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։
4 Կինը իր մարմնին չիշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմնին չիշխեր, հապա՝ կինը։
5 Մէկզմէկ մի՜ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը, աղօթքի պարապելու համար ու նորէն իրարո՛ւ դարձէք, որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար։
6 Աս կ’ըսեմ խրատելով, ո՛չ թէ հրամայելով։
7 Քանզի կ’ուզէի, որ բոլոր մարդիկ ինծի պէս ըլլային. բայց ամէն մէկը իր պարգեւը ունի Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս ու միւսը՝ այնպէս։
8 Բայց չամուսնացածներուն ու որբեւարիներուն կ’ըսեմ. «Աղէկ է անոնց՝ եթէ ինծի պէս կենան»։
9 Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ։
10 Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ. ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։
11 (Իսկ եթէ զատուիլ ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ։
12 Բայց միւսներուն ալ ե՛ս կ’ըսեմ, ոչ թէ Տէրը. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։
13 Եւ կին մը որ անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։
14 Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են։
15 Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ։
16 Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես։
17 Միայն թէ ամէն մէկուն ինչպէս Տէրը բաժնեց, ամէն մէկը ինչպէս Աստուած կանչեց, այնպէս թող երթայ։ Բոլոր եկեղեցիներուն ես այսպէս պատուէր կու տամ։
18 Եթէ թլփատուած մէկը հաւատքի կանչուեցաւ, թող թլփատութեան նշանները չփոխէ։ Եթէ չթլփատուածներէն մէկը կանչուեցաւ, թող չթլփատուի։
19 Վասն զի թլփատութիւնը բան մը չէ ու անթլփատութիւնն ալ բան մը չէ. հապա Աստուծոյ պատուիրանքները պահելն է էականը։
20 Բայց ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ։
21 Ծառա՞յ էիր երբ կանչուեցար, հոգ մի՛ ըներ. բայց եթէ կրնաս ազատ ըլլալ, զայն ընտրէ։
22 Վասն զի այն ծառան որ Տէրոջմով կանչուած է, Տէրոջմէ ազատագրուած է անիկա. նոյնպէս այն ազատը որ կանչուած է, Քրիստոսին ծառան է։
23 Դուք գնով ծախու առնուեցաք, մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։
24 Ե՛ղբայրներ, ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ Աստուծոյ առջեւ։
25 Բայց կոյսերուն համար Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ, միայն թէ Տէրոջը շնորհքով խրատ կու տամ, որ վստահելի է։
26 Ուրեմն ես կը խորհիմ թէ ասիկա աղէկ է հիմակուան նեղութեանը համար, այսինքն՝ աղէկ է մարդուս որ մնայ այնպէս, ինչպէս որ է։
27 Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի՛ փնտռեր արձակուիլ։ Արձակուա՞ծ ես կնոջմէ, կին մի՛ փնտռեր։
28 Իսկ եթէ ամուսնանաս՝ չես մեղանչեր եւ եթէ կոյսը ամուսնանայ՝ չի մեղանչեր։ Բայց այնպիսիները մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան. սակայն ես ձեզի կը խնայեմ։
29 Բայց ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին
30 Եւ անոնք որ կու լան՝ որպէս թէ չեն լար ու անոնք որ կը խնդան՝ որպէս թէ չեն խնդար եւ անոնք որ ծախու կ’առնեն՝ որպէս թէ բան մը չունին
31 Եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի։
32 Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։
33 Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաներով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ։
34 Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգիով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը՝ աշխարհիս բաներով կը մտահոգուի, թէ ի՞նչպէս իր էրկանը հաճելի ըլլայ։
35 Բայց այս բանը ձեր օգտին համար կ’ըսեմ, ո՛չ թէ ձեր վրայ ճնշում կը բանեցնեմ, հապա պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար։
36 Իսկ եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ (այս է բնականը), թող ամուսնացնէ, մեղք չի գործեր։
37 Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ։
38 Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ ու ան որ չամուսնացներ աւելի աղէկ կ’ընէ։
39 Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։
40 Բայց իմ կարծիքովս՝ աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ։ Կարծեմ թէ ե՛ս ալ Աստուծոյ Հոգին ունիմ։