ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 1

Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու կանչուած ու Սոսթենէս եղբայրը,
2 Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին, Քրիստոս Յիսուսով սրբուածներուն, սուրբեր ըլլալու կանչուածներուն, այն ամենուն հետ որ ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը կը կանչեն, իրենցը ու մերը.
3 Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
4 Ամէն ատեն իմ Աստուծմէս ձեզի համար կը գոհանամ Իր շնորհքին համար, որ ձեզի տրուած է Քրիստոս Յիսուսով.
5 Որ դուք անով ամէն բանի մէջ հարստացաք ամէն խօսքով ու ամէն գիտութիւնով
6 Ինչպէս Քրիստոսին վկայութիւնը ձեր մէջ հաստատուեցաւ.
7 Որպէս զի ձեզի ոեւէ շնորհք չպակսի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելուն սպասելով.
8 Որ նաեւ ձեզ պիտի հաստատէ մինչեւ վերջը՝ որ անարատ ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին օրը։
9 Հաւատարիմ է Աստուած, որով կանչուեցաք հաղորդակից ըլլալու իր Որդիին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին։
10 Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք։
11 Վասն զի ձեզի համար ինծի լուր հասաւ, եղբայրնե՛ր, Քղուէի տունէն եղողներէն, թէ ձեր մէջ հակառակութիւններ կան։
12 Հիմա այս կ’ըսեմ ձեզի, որպէս թէ ձեզմէ մէկը կ’ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» ու միւսը՝ թէ «Ես Ապօղոսեան եմ» եւ ուրիշը՝ թէ «Ես՝ Կեփասեան», ու միւսը՝ թէ «Ես՝ Քրիստոսեան»։
13 Միթէ Քրիստոս բաժնուա՞ծ է. միթէ Պօղո՞ս խաչը ելաւ ձեզի համար, կամ թէ Պօղոսի՞ն անունով մկրտուեցաք։
14 Կը գոհանամ Աստուծմէն, որ ձեզմէ մէ՛կը չմկրտեցի, միայն Կրիսպոսը եւ Գայիոսը. որպէս զի ոչ ոք ըսէ՝
15 Թէ իմ անունովս մկրտուած է։
16 Ստեփանէսին ընտանիքն ալ մկրտեցի։ Ա՛լ ուրիշ մէկը չեմ յիշեր ամենեւին թէ մկրտեցի։
17 Վասն զի Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, հապա աւետարանը քարոզելու. բայց ոչ խօսքերու ճարտարութիւնով, որպէս զի Քրիստոսին խաչը ոչինչ չըլլայ։
18 Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյ զօրութիւնն է
19 Վասն զի գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ»։
20 Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը։
21 Քանզի Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութիւնով ապրելցնել, ուստի աստուածային իմաստութեամբ չթուլատրեց որ աշխարհային իմաստութեամբ մարդ Աստուած ճանչնայ։
22 Վասն զի Հրեաները նշան կ’ուզեն եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն.
23 Իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն ու յոյներուն յիմարութիւն է։
24 Բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեայ եւ թէ՛ Յոյն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է։
25 Վասն զի Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է։
26 Արդարեւ, դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան.
27 Բայց Աստուած աշխահիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները.
28 Եւ աշխարհիս ցածազգիներն ու անարգները ընտրեց եւ ոչինչները, որպէս զի անոնք որ բան մը ըլլալ կը կարծեն, խափանէ.
29 Որ մարմին մը չպարծի Աստուծոյ առջեւ։
30 Դուք անկէ էք Քրիստոս Յիսուսով, որ մեզի Աստուծմէ իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն եղաւ.
31 Որպէս զի, ինչպէս գրուած է. «Ան որ կը պարծենայ Տէրոջմով թող պարծենայ»։