ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 14

Սիրոյ ետեւէն գացէ՛ք ու հոգեւոր պարգեւներուն նախանձախնդիր եղէ՛ք, մանաւանդ մարգարէութիւն ընելու։
2 Վասն զի ան որ օտար լեզուով կը խօսի, ո՛չ թէ մարդոց կը խօսի, հապա Աստուծոյ. վասն զի մէկը չկայ որ իմանայ, բայց անիկա հոգիով խորհուրդները կը յայտնէ։
3 Սակայն ան որ կը մարգարէանայ, մարդոց կը խօսի՝ շինութիւն ու յորդորանք եւ մխիթարութիւն տալու։
4 Ան որ օտար լեզուով կը խօսի՝ իր անձին շինութիւն կ’ընէ ու ան որ կը մարգարէանայ՝ եկեղեցիին շինութիւն կ’ընէ։
5 Կ’ուզեմ որ դուք ամէնքդ լեզուներ խօսիք, բայց մանաւա՛նդ մարգարէութիւն ընէք, վասն զի աւելի աղէկ է ան՝ որ կը մարգարէանայ, քան թէ ան՝ որ լեզուներ կը խօսի. բայց պէտք է թարգմանէ, որպէս զի եկեղեցին օգտուի։
6 Հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ես ձեզի գամ լեզուներ խօսելով, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ չխօսիմ ձեզի կա՛մ յայտնութիւնով, կա՛մ գիտութիւնով, կա՛մ մարգարէութիւնով, կա՛մ վարդապետութիւնով։
7 Ձայն տուող անկենդան գործիքներն անգամ, թէ՛ սրինգ եւ թէ՛ քնար, եթէ ձայներու զանազանութիւն չունենան, ի՞նչպէս պիտի ճանչցուի սրինգով կամ քնարով հնչուածը։
8 Վասն զի եթէ փողն ալ անորոշ ձայն հանէ, ո՞վ պիտի պատրաստուի պատերազմի։
9 Նոյնպէս դուք ալ եթէ լեզուով բացայայտ խօսք չխօսիք, խօսուածը ի՞նչպէս պիտի հասկցուի. վասն զի օդին խօսողներ պիտի ըլլաք։
10 Ահա աշխարհի մէջ շատ տեսակ ձայներ կան, որոնցմէ ոեւէ մէկը առանց նշանակութեան չէ։
11 Ուստի եթէ այն ձայնին իմաստը չգիտնամ, ես խօսողին օտարական մը պիտի ըլլամ, խօսողն ալ ինծի օտարական մը պիտի ըլլայ։
12 Նոյնպէս դուք ալ, որովհետեւ հոգեւոր պարգեւներու նախանձախնդիր էք, եկեղեցիին շինութեանը համար խնդրեցէք որ աւելնաք նոյն պարգեւներովը։
13 Անոր համար ան որ օտար լեզուով կը խօսի, աղօթք թող ընէ որ թարգմանէ ալ։
14 Քանզի եթէ ես աղօթք ընեմ օտար լեզուով, իմ հոգիս աղօթք կ’ընէ, բայց միտքս անպտուղ է։
15 Ուրեմն ի՞նչ ընելու եմ։ Աղօթք ընեմ հոգիով, աղօթք ընեմ մտառութեամբ ալ. սաղմոս երգեմ հոգիով, սաղմոս երգեմ մտառութեամբ ալ։
16 Եթէ դուն հոգիով օրհնութիւն ընես, անիկա որ տգէտի պէս կայներ է, ի՞նչպէս «Ամէն» պիտի ըսէ քու գոհութիւն տալու ատենդ, վասն զի ան քու ըսածդ չի հասկնար։
17 Թէպէտ դուն աղէկ գոհութիւն կ’ընես, բայց միւսը չօգտուիր։
18 Աստուծմէ կը գոհանամ որ բոլորէդ աւելի լեզուներով կը խօսիմ,
19 Բայց եկեղեցիին մէջ կ’ուզեմ հինգ խօսք մտառութեամբ խօսիլ, որպէս զի ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ, քան թէ բիւրաւոր խօսքեր՝ օտար լեզուով։
20 Եղբայրնե՛ր, մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ եղէք ու մտքով՝ չափահաս։
21 Օրէնքին մէջ գրուած է թէ՝ ‘Օտար լեզուներով ու օտար շրթունքներով այդ ժողովուրդին հետ պիտի խօսիմ, սակայն եւ այնպէս ինծի մտիկ պիտի չընեն’, կ’ըսէ Տէրը։
22 Ուրեմն լեզուները նշանի համար են ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, հապա անհաւատներուն, բայց մարգարէութիւնը՝ ո՛չ թէ անհաւատներուն, հապա՝ հաւատացեալներուն։
23 Արդ՝ եթէ բոլոր եկեղեցին մէկտեղ գայ ու ամէնքն ալ օտար լեզուներով խօսելու ըլլան եւ հոն մտնեն տգէտներ կամ անհաւատներ, պիտի չըսե՞ն թէ դուք խենդեցեր էք։
24 Իսկ եթէ բոլորն ալ մարգարէանան ու հոն անհաւատ մը կամ տգէտ մը մտնէ, ամենէն ալ կը յանդիմանուի, ամենէն ալ կը դատուի
25 Ու անոր սրտին ծածուկ բաները կը յայտնուին եւ երեսի վրայ ինկած՝ Աստուծոյ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու խոստովանի թէ իրաւցընէ Աստուած ձեր մէջ է։
26 Ուրեմն, եղբա՛յրներ, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ ամէն մէկը սաղմոս ունի, վարդապետութիւն ունի, լեզու ունի, յայտնութիւն ունի, թարգմանութիւն ունի. ամէնքն ալ շինութեան համար թող ըլլան։
27 Եթէ մէկը օտար լեզու կը խօսի, կամ երկու հոգի, կամ՝ երեք հոգի ըլլան, այն ատեն մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու մէկը թող թարգմանէ։
28 Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, եկեղեցիին մէջ լուռ թող կենան եւ Աստուծոյ հետ խօսին։
29 Իսկ եթէ մարգարէները երկու կամ երեք հոգի ըլլան, մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու միւսները քննեն։
30 Իսկ եթէ նստողներէն ուրիշ մէկուն ալ բան մը յայտնուելու ըլլայ, առաջինը թող լռէ։
31 Վասն զի ամէնքդ ալ կրնաք մէկիկ մէկիկ մարգարէանալ, որպէս զի ամէնքն ալ սորվին ու ամէնքն ալ մխիթարուին։
32 Եւ մարգարէներուն հոգիները մարգարէներուն հսկողութեան տակ ըլլան։
33 Վասն զի Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
34 Ձեր կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան, վասն զի անոնց հրաման չկայ խօսելու, հապա հնազանդ ըլլալու, ինչպէս օրէնքն ալ կ’ըսէ։
35 Բայց եթէ բան սորվիլ կ’ուզեն, տունը իրենց այրերուն թող հարցնեն. քանզի կիներուն անվայել է եկեղեցիին մէջ խօսիլ։
36 Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ կամ թէ միայն ձեզի՞ հասաւ։
37 Եթէ մէկը կը կարծէ թէ ինք մարգարէ է, կամ հոգեւոր, թող հաստատ գիտնայ թէ ինչ որ ձեզի գրեցի՝ Տէրոջը պատուէրներն են.
38 Բայց եթէ մէկը տգէտ է՝ թող տգէտ ըլլայ։
39 Ուստի, եղբա՛յրներ, մարգարէութիւն ընելու նախանձախնդիր եղէք ու լեզուներ խօսիլն ալ մի՛ արգիլէք։
40 Միայն թէ ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ։