ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 4
Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները։
2 Ուստի տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ։
3 Բայց ինծի ասիկա ոչինչ բան մըն է, որ ձեզմէ դատուիմ, կամ մարդոց դատաստանէն, մանաւանդ որ ես ալ իմ անձս չեմ դատեր.
4 (Վասն զի ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ.) հապա զիս դատողը Տէրն է։
5 Ուրեմն ժամանակէն առաջ դատաստան մի՛ ընէք, մինչեւ գայ Տէրը՝ որ խաւարին գաղտնիքը լոյսի պիտի հանէ ու սրտերուն խորհուրդները յայտնի պիտի ընէ եւ այն ատեն ամէն մէկուն գնահատութիւնը Աստուծմէ պիտի ըլլայ։
6 Ասոնք օրինակ բերի, ե՛ղբայրներ, իմ վրաս ու Ապօղոսին վրայ ձեզի համար, որպէս զի դուք մեզմէ սորվիք մարդոց վրայով գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը հպարտանայ մէկուն համար ուրիշի մը դէմ։
7 Քանզի ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս։
8 Արդէն կշտացաք, արդէն հարստացաք, առանց մեզի թագաւորեցիք եւ երանի՜ թէ թագաւորէիք, որպէս զի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք,
9 Քանզի Աստուած յետիններ ըրաւ մեզ առաքեալներս՝ մահապարտներուն նման. վասն զի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։
10 Մենք յիմարներ ենք Քրիստոսին համար։ Իսկ դուք իմաստուններ՝ Քրիստոսով։ Մենք՝ տկար, դուք՝ զօրաւոր։ Դուք՝ փառաւորեալ, իսկ մենք՝ անարգեալ։
11 Մինչեւ այսօր կ’անօթենանք ալ, կը ծարաւինք ալ, մերկ ալ կը մնանք, կը ծեծուինք ալ, աստանդական ալ կը պտըտինք
12 Եւ մեր ձեռքերով կ’աշխատինք. երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք.
13 Երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք։ Իբրեւ աշխարհի աղտեղութիւնը՝ ամենէն անարգը եղանք մինչեւ հիմա։
14 Այս բաները կը գրեմ՝ ո՜չ թէ ձեզ ամչցնելու համար, հապա կը խրատեմ ձեզ սիրելի որդիներուս պէս։
15 Վասն զի թէեւ դուք տասը հազար վարժապետներ ունենաք Քրիստոսով, բայց ո՛չ թէ շատ հայրեր կ’ունենաք, քանզի Քրիստոս Յիսուսին աւետարանով ես ձեզ ծնայ։
16 Ուրեմն կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք։
17 Ասոր համար ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ. որ ձեր միտքը պիտի ձգէ Քրիստոսով իմ բռնած ճամբաներս, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։
18 Մէկ քանիները հպարտացան, խորհելով թէ ես պիտի չգամ ձեզի։
19 Բայց շուտով պիտի գամ ձեզի, եթէ Տէրը կամենայ եւ պիտի հասկնամ ո՛չ թէ հպարտացողներուն խօսքերը, հապա զօրութիւնը։
20 Վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ո՛չ թէ խօսքով է, հապա զօրութիւնով։
21 Ի՞նչպէս կ’ուզէք. գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ սիրով եւ հեզութեան հոգիով։