ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 15
Եղբա՛յրներ, ձեզի կ’իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք.
2 Որով կը փրկուիք ալ, եթէ ամուր բռնէք այն խօսքը որ ես ձեզի քարոզեցի, այնպէս որ պարապ տեղը հաւատացած չըլլաք։
3 Վասն զի ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ
4 Եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ
5 Եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին.
6 Ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։
7 Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։
8 Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը՝ ինծի ալ երեւցաւ։
9 Վասն զի ես առաքեալներուն ամենէն ետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։
10 Միայն թէ Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ եւ անոր շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ։ Ես անոնց վրայ ամենէն աւելի աշխատեցայ. ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը, որ ինծի հետ էր։
11 Ուստի թէ՛ ես եւ թէ՛ անոնք այսպէս կը քարոզենք ու դուք այսպէս հաւատացիք։
12 Ուրեմն եթէ Քրիստոս կը քարոզուի, որ մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ մէկ քանիները կ’ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներուն յարութիւն չկայ’։
13 Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։
14 Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է
15 Եւ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ’ըլլանք. որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայութիւն տուինք, թէ ինք մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը։ Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ուրեմն զանիկա չէ յարուցած։
16 Քանզի եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ
17 Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք.
18 Նոյնպէս Քրիստոսով ննջողներն ալ կորսուած են։
19 Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք։
20 Բայց ճշմարիտ է թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը։
21 Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։
22 Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան.
23 Բայց ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը.
24 Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։
25 Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։
26 Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է։ Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց».
27 Երբ կ’ըսէ թէ «Ամէն բան հնազանդած է», յայտնի կ’ըլլայ թէ բացի անկէ՝ որ բոլորը իրեն հնազանդեցուց։
28 Ու երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ։
29 Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն համար կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց համար կը մկրտուին.
30 Ինչո՞ւ համար մենք ալ վտանգի մէջ կը մտնենք ամէն ժամ։
31 Վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ձեր վրայ ունիմ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով, որ ես ամէն օր կը մեռնիմ։
32 Եթէ Եփեսոսի մէջ մարդոց նման գազաններու հետ մարտնչեցայ, ի՞նչ օգուտ ունի ինծի։ Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք։
33 Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։
34 Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին. ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ։
35 Բայց պիտի ըսէ մէկը. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն», կամ «Ի՞նչ մարմնով կու գան»։
36 Ա՛նմիտ, անիկա որ դուն կը սերմանես, եթէ չմեռնի՝ չի կենդանանար։
37 Զայն որ կը սերմանես, ոչ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատը՝ ցորենի վրայ եւ թէ՛ ուրիշ սերմի՝
38 Ու Աստուած անոր մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ եւ ամէն մէկ սերմին իր յատուկ մարմինը։
39 Ամէն մարմին մէկ մարմին չէ. հապա մարդոց մարմինը ուրիշ է ու անասուններուն մարմինը՝ ուրիշ, ձուկերունն ալ՝ ուրիշ եւ թռչուններունը՝ ուրիշ։
40 Երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ, բայց երկնաւորներուն փառքը ուրիշ է ու երկրաւորներունը՝ ուրիշ։
41 Արեւուն փառքը ուրիշ է ու լուսնին փառքը՝ ուրիշ եւ աստղերուն փառքը՝ ուրիշ ու մէկ աստղը միւս աստղէն տարբեր է փառքով։
42 Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ։ Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ.
43 Անարգութիւնով կը սերմանուի ու փառքով յարութիւն կ’առնէ. տկարութիւնով կը սերմանուի ու զօրութիւնով յարութիւն կ’առնէ։
44 Կը սերմանուի շնչաւոր մարմին եւ յարութիւն կ’առնէ հոգեւոր մարմին։ Շնչաւոր մարմին կայ, հոգեւոր մարմին ալ կայ։
45 Եւ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կենդանի շունչ եղաւ, վերջին Ադամը՝ կենդանարար հոգի»։
46 Բայց ո՛չ թէ առաջ հոգեւորը, հապա շնչաւորը ու ետքը հոգեւորը։
47 Առաջին մարդը երկրէն էր՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէր է՝ երկնքէն։
48 Ինչպէս էր հողեղէնը՝ նոյնպէս ալ հողեղէնները ու ինչպէս երկնաւորը՝ նոյնպէս ալ երկնաւորները
49 Եւ ինչպէս հողեղէնին կերպարանքը հագեր ենք, երկնաւորին կերպարանքն ալ պիտի հագնինք։
50 Բայց այս կ’ըսեմ, եղբա՛յրներ, որ մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել. ո՛չ ալ ապականութիւնը կը ժառանգէ անապականութիւն։
51 Ահա ձեզի խորհուրդ մը կ’ըսեմ. «Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք,
52 Յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք»։
53 Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի։
54 Բայց երբ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի եւ այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի, այն ատեն պիտի կատարուի այն խօսքը, որ գրուեցաւ. «Մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ»։
55 «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։
56 Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ոյժը՝ օրէնքը։
57 Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։
58 Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։