ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 3
Ե՛ղբայրներ, չկրցայ խօսիլ ձեզի՝ որպէս հոգեւորներու, հապա որպէս մարմնաւորներու,
2 Որպէս Քրիստոսով տղայոց. ձեզի կաթ կերցուցի եւ ո՛չ թէ կերակուր, վասն զի դեռ կարող չէիք ու հիմա ալ տակաւին կարող չէք, վասն զի դեռ մարմնաւոր էք։
3 Որովհետեւ տակաւին ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան. Չէ՞ որ մարմնաւոր էք ու մարդկօրէն կը քալէք։
4 Քանզի երբ ձեզմէ մէկը ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» եւ միւսը՝ թէ «Ես Ապօղոսեան», չէ՞ որ մարմանւոր էք։
5 Բայց ո՞վ է Պօղոս կամ ո՞վ է Ապօղոս։ Պաշտօնեաներ են, որոնցմով հաւատացիք եւ ինչպէս Տէրը տուաւ անոնց ամէն մէկուն։
6 Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։
7 Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։
8 Տնկողը ու ջուր տուողը մէկ են եւ ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը։
9 Վասն զի մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք։
10 Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի, բայց անոր վրայ շինողը ուրիշ է. միայն թէ ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ։
11 Վասն զի մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը։
12 Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինելու գործածէ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, փայտ, խոտ, եղէգ,
13 Ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ։
14 Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ.
15 Եւ եթէ մէկուն շինածը այրի, անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի, սակայն այնպէս՝ իբր թէ կրակի մէջէն ելած է։
16 Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։
17 Եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը ապականէ, Աստուած ալ զանիկա պիտի ապականէ, վասն զի Աստուծոյ տաճարը սուրբ է եւ դուք էք այդ տաճարը։
18 Չըլլայ որ մէկը ինքզինք խաբէ։ Եթէ ձեզմէ մէկը զինք իմաստուն սեպէ այս աշխարհի մէջ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէս զի իմաստուն ըլլայ։
19 Վասն զի այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիկա իմաստունները իրենց խորամանկութեան մէջ կը բռնէ»։
20 Եւ դարձեալ՝ թէ «Տէրը գիտէ իմաստուններուն խորհուրդները, որոնք ունայն են»։
21 Ուրեմն մէ՛կը թող չպարծենայ մարդոցմով.
22 Վասն զի ամէն բան ձերն է. թէ՛ Պօղոս, թէ՛ Ապօղոս, թէ՛ Կեփաս, թէ՛ աշխարհ, թէ՛ կեանք, թէ՛ մահ, թէ՛ ներկայ բաները եւ թէ՛ գալիքները. ամէն բան ձերն է.
23 Դուք ալ Քրիստոսինն էք եւ Քրիստոս՝ Աստուծոյ։