ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 5

Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ։
2 Ու դուք հպարտացեր էք, փոխանակ սուգ ընելու, որ ձեր մէջէն վերցուի այս բանը։
3 Վասն զի թէպէտ ես մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ներկայ եմ. ուստի հիմա որպէս թէ ներկայ ըլլալով՝ որոշեցի որ այս բանը ընողը,
4 Երբ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը մէկտեղ հաւաքուիք դուք ու իմ հոգիս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնովը,
5 Այնպիսին Սատանային մատնէք, մարմնին կորսուելուն համար, որպէս զի հոգին փրկուի Տէր Յիսուսին օրը։
6 Այդ ձեր պարծենալը աղէկ չէ։ Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։
7 Հեռացուցէ՛ք հին խմորը մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ։
8 Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը։
9 Գրեցի ձեզի թուղթին մէջ, որ պոռնիկներուն հետ չխառնուիք։
10 Եւ գրածս՝ ոչ թէ աշխարհի պոռնիկներուն, ագահներուն, յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն հետ. ապա թէ ոչ՝ պէտք էր որ դուք աշխարհէ դուրս ելլէիք։
11 Բայց հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։
12 Վասն զի ի՞նչպէս դուրսինները դատեմ։ Չէ՞ որ դուք ներսինները կը դատէք.
13 Իսկ դուրսինները Աստուած պիտի դատէ. ուստի չարը ձեր մէջէն վերցուցէք։