ՈՎՍԵԱՅ
Գլուխ 1
Տէրոջը խօսքը, որ Բէերիի որդիին Ովսէէին եղաւ, Յուդայի թագաւորներուն, Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային եւ Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը։
2 Ովսէէի միջոցով եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ ա՛ռ, քանզի երկիրը Տէրոջմէ խոտորելով՝ խիստ շատ պոռնկացաւ»։
3 Անիկա գնաց ու Դաբելայիմին աղջիկը՝ Գոմերը՝ առաւ եւ անիկա յղացաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։
4 Տէրը անոր ըսաւ. «Անոր անունը Յեզրայէլ դի՛ր, քանզի քիչ ատենէն Յեզրայէլի մէջ թափուած արիւնները Յէուին տունէն պիտի պահանջեմ ու Իսրայէլին տանը թագաւորութիւնը պիտի վերջացնեմ։
5 Այն օրը Յեզրայէլի հովիտին մէջ Իսրայէլին աղեղը պիտի կոտրեմ»։
6 Գոմեր դարձեալ յղացաւ ու աղջիկ մը ծնաւ։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Անոր անունը Լօրուհամա դի՛ր, քանզի ա՛լ պիտի չողորմիմ Իսրայէլի տանը. հապա զանիկա բոլորովին պիտի վերցնեմ՝ ՝։
7 Բայց Յուդային տանը ողորմութիւն պիտի ընեմ ու զանոնք իրենց Տէր Աստուծմով պիտի փրկեմ։ Զանոնք աղեղով կամ սուրով կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով պիտի չփրկեմ»։
8 Երբ Լօրուհաման կաթէն կտրեց, նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։
9 Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Անոր անունը Լօամմի դի՛ր, քանզի դուք իմ ժողովուրդս չէք ու ես ձեզի Աստուած պիտի չըլլամ»։
10 «Բայց Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազի պէս պիտի ըլլայ, որ անչափ ու անթիւ է ու այն տեղ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք ‘Կենդանի Աստուծոյն որդիները պիտի կոչուին’։
11 Եւ Յուդայի որդիներն ու Իսրայէլի որդիները մէկտեղ պիտի հաւաքուին ու իրենց վրայ իշխան մը պիտի դնեն ու երկրէն պիտի ելլեն, քանզի Յեզրայէլի օրը մեծ պիտի ըլլայ»։