ՈՎՍԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 7

Երբ Իսրայէլը պիտի բժշկէի, Եփրեմին անօրէնութիւնը Ու Սամարիային չարութիւնները յայտնուեցան. Քանզի անոնք նենգութեամբ կը գործեն։ Գողը ներս կը մտնէ Ու դուրսը աւազակները կը մերկացնեն։
2 Իրենք չեն մտածեր, Թէ ես իրենց բոլոր չարութիւնը կը յիշեմ։ Հիմա իրենց գործերը զիրենք պաշարեցին, Անոնք իմ երեսիս առջեւն են։
3 Իրենց չարութիւնովը՝ թագաւորը Ու իրենց ստութիւններովը իշխանները կ’ուրախացնեն։
4 Ամէնքն ալ շնացող են, Տաք թոնիրի կը նմանին, Որուն հացագործը կը դադրեցնէ կրակը խառնելը Խմորը շաղելէն ետք, մինչեւ որ թթուի։
5 Մեր թագաւորին տօնն է այսօր, Իշխանները գինիին տաքութենէն հիւանդացան։ Անիկա իր ձեռքը ծաղրողներուն երկնցուց։
6 Որովհետեւ անոնց սրտերը նենգութեամբ վառարանի մը նման բռնկած են։ Ամբողջ գիշերը բարկութիւնը բորբոքեցաւ, Առտուն բոցավառ կրակի պէս բռնկեցաւ։
7 Ամէնքը թոնիրի պէս տաքցան Ու իրենց դատաւորները կերան։ Անոնց բոլոր թագաւորները ինկան. Անոնցմէ ո՛չ ոք զիս կը կանչէ։
8 Եփրեմ ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ։ Եփրեմը չդարձուած շօթի պէս է։
9 Օտարները անոր զօրութիւնը կերան ու ինք չի գիտեր. Նոյնիսկ մազերուն մէջ ճերմակ ինկաւ ու ինք չի գիտեր։
10 Եւ Իսրայէլին հպարտութիւնը իր դէմ կը վկայէ, Սակայն անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն չեն դառնար Ու զանիկա չեն փնտռեր։
11 Եփրեմ միամիտ ու անխելք աղաւնիի պէս եղաւ։ Եգիպտացիները կը կանչեն, Ասորեստան կ’երթան։
12 Երբ անոնք երթան, անոնց վրայ իմ վարմս պիտի տարածեմ, Որպէս զի զանոնք երկնքի թռչունի պէս իջեցնեմ Ու զանոնք պատժեմ, ինչպէս ժողովուրդին մէջ տարածուեր էր։
13 Վա՜յ անոնց, քանզի ինծմէ փախան։ Կորուստը անոնց պիտի հասնի, քանզի ինծի դէմ յանցանք գործեցին։ Թէեւ զանոնք ես փրկեցի, Բայց անոնք ինծի դէմ սուտ խօսեցան։
14 Երբ անոնք իրենց անկողիններուն վրայ կ’ողբային, Իրենց սրտովը ինծի չաղաղակեցին։ Անոնք ցորենի ու գինիի համար կը հաւաքուին Ու ինծի դէմ կ’ապստամբին։
15 Թէպէտ զանոնք խրատեցի Ու անոնց բազուկները զօրացուցի, Սակայն ատիկա ինծի չարութիւն սեպեցին։
16 Անոնք կը դառնան, բայց, ո՛չ Բարձրեալին։ Անոնք խաբեբայ աղեղի պէս են։ Անոնց իշխանները իրենց լեզուին կատաղութեանը համար սուրով պիտի իյնան։ Ասիկա պիտի ըլլայ անոնց նախատինքը Եգիպտոսի մէջ։