ՈՎՍԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 11

«Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի Ու իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։
2 Որչափ զանոնք կանչեցի, այնչափ անոնք իմ երեսէս հեռացան։ Բահաղիմներուն զոհ մատուցանեցին Ու կուռքերուն խունկ ծխեցին։
3 Ես Եփրեմին քալել սորվեցուցի. Զանոնք իրենց թեւերէն՝ ՝ կը վերցնէի, Սակայն չգիտցան թէ ես զիրենք բժշկեցի։
4 Զանոնք կարեկցութեան չուաններով, սիրոյ կապերով առաջնորդեցի Ու անոնց պարանոցէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց Եւ զանոնք քաղցրութեամբ կերակրեցի։
5 Անոնք Եգիպտոս պիտի չդառնան, Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ անոնց թագաւորը, Քանզի ինծի դառնալ մերժեցին։
6 Անոնց քաղաքներուն դէմ պատերազմ պիտի մղուի, Անոնց դռներուն նիգերը պիտի կոտրին Եւ զիրենք պիտի բնաջնջէ Իրենց խորհուրդներուն համար։
7 Իմ ժողովուրդս ինծի դէմ ապստամբելու հակամէտ է։ Թէեւ անոնք Բարձրեալին կը հրաւիրուին, Սակայն ոեւէ մէկը զանիկա չի բարձրացներ։
8 Քեզ ի՞նչպէս տամ, ո՛վ Եփրեմ, Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ո՛վ Իսրայէլ. Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի պէս ընեմ։ Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի պէս դնեմ։ Իմ սիրտս ներսիդիս կը խռովի, Կարեկցութիւններս ալ միանգամայն կը բռնկին։
9 Իմ սաստիկ բարկութիւնս պիտի չգործադրեմ։ Եփրեմը կրկին պիտի չաւերեմ, Քանզի ես Աստուած եմ եւ ո՛չ թէ մարդ, Քու մէջդ եղող Սուրբը ես եմ Ու բարկութեամբ պիտի չգամ՝ ՝։
10 Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան, Անիկա առիւծի պէս պիտի մռնչէ, Երբ անիկա մռնչէ, Արեւմուտքի կողմէն տղաքները արտորալով պիտի գան։
11 Անոնք Եգիպտոսէն՝ թռչունի պէս Ու Ասորեստանի երկրէն աղաւնիի պէս արտորալով պիտի գան։ Զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։