ՈՎՍԵԱՅ
Գլուխ 2
Ձեր եղբայրներուն Ամմի, Ու ձեր քոյրերուն Րուհամա ըսէք։
2 Վիճեցէ՛ք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք, Քանզի անիկա իմ կինս չէ Ու ես անոր այրը չեմ։ Անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ,
3 Որ չըլլայ թէ զանիկա մերկացնեմ, Զանիկա իր ծննդեան օրուանը պէս թողում, Զանիկա անապատի դարձնեմ, Զանիկա անջուր երկրի պէս ընեմ, Զանիկա ծարաւով մեռցնեմ։
4 Անոր որդիներուն ողորմութիւն պիտի չընեմ, Քանզի անոնք պոռնկութեան որդիներ են։
5 Անոնց մայրը պոռնկութիւն ըրաւ, Զանոնք յղացողը խայտառակութիւն գործեց։ Վասն զի ըսաւ. «Իմ տարփածուներուս ետեւէն երթամ, Որոնք իմ հացս ու ջուրս, բուրդս ու քթանս, Իւղս ու խմելիքներս ինծի կու տան»։
6 Անոր համար ահա ես փուշերով ցանկ պիտի քաշեմ անոր ճամբուն՝ ՝ Ու անոր բոլորտիքը պատ պիտի շինեմ, Որպէս զի իր ճամբաները չկրնայ գտնել։
7 Եւ անիկա իր տարփածուներուն ետեւէն պիտի երթայ, բայց անոնց պիտի չհասնի։ Զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չկրնայ գտնել։ Այն ատեն պիտի ըսէ. «Երթամ իմ առաջուան էրկանս, Քանզի այն ատեն հիմակուընէ աղէկ վիճակի մէջ էի»։
8 Եւ մայրդ չգիտցաւ թէ ցորենն ու գինին ու իւղը ես իրեն կու տայի Եւ իրեն արծաթն ու ոսկին ես կը շատցնէի, Որոնցմով անոնք Բահաղի Կուռքեր շինեցին։
9 Անոր համար պիտի դառնամ ու իմ ցորենս իր եղանակին մէջ Ու իմ գինիս իր որոշ ժամանակին մէջ պիտի առնեմ Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու քթանս ետ պիտի առնեմ։
10 Հիմա անոր տարփածուներուն առջեւ Անոր անզգամութիւնը պիտի յայտնեմ։ Մարդ պիտի չգտնուի, որ զանիկա իմ ձեռքէս ազատէ։
11 Անոր բոլոր ուրախութիւնը, Անոր տօները, ամսագլուխներն ու շաբաթները Եւ բոլոր հանդիսաւոր օրերը պիտի խափանեմ։
12 Պիտի աւերեմ անոր որթատունկերն ու թզենիները, Որոնց համար կ’ըսէր թէ ‘Ասոնք տարփածուներուս ինծի տուած պարգեւներն են’, Եւ անտառի պիտի դարձնեմ զանոնք Ու դաշտի գազանները պիտի ուտեն զանոնք։
13 Զանիկա պիտի պատժեմ այն օրերուն համար, Որոնց մէջ անիկա Բահաղիմներուն խունկ կը ծխէր, Իր օղերովն ու մանեակներովը կը զարդարուէր Եւ իր տարփածուներուն ետեւէն կ’երթար Ու զիս մոռցեր էր», կ’ըսէ Տէրը։
14 «Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի հրապուրեմ, Զանիկա անապատը պիտի տանիմ, Անոր սրտին պէս պիտի խօսիմ։
15 Անկէ անոր այգիները Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ, Հոն իր մանկութեան օրերուն պէս, Եգիպտոսի երկրէն ելած օրուանը պէս երգեր պիտի երգէ։
16 Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Զիս ‘Իմ այրս’ պիտի կոչես, Ու անգամ մըն ալ զիս ‘Իմ Բահաղս’ պիտի չկոչես։
17 Անոր բերնէն Բահաղամի անունները պիտի ջնջեմ Ու անոնք անգամ մըն ալ իրենց անուններովը պիտի չյիշուին։
18 Անոնց համար այն օրը՝ Դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ Ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։ Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի վերցնեմ, Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ։
19 Քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ. Քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով, Ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ.
20 Այո՛, քեզ ճշմարտութիւնով ինծի պիտի նշանեմ Ու Տէրը պիտի ճանչնաս։
21 Եւ ‘Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, պատասխան պիտի տամ, Ես երկինքներուն պատասխան պիտի տամ Ու անոնք երկրին պատասխան պիտի տան
22 Ու երկիրը ցորենին, գինիին ու իւղին պատասխան պիտի տայ։ Անոնք Յեզրայէլին պատասխան պիտի տան։
23 Զանիկա ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ Ու «Չողորմեալին» պիտի ողորմիմ Եւ իմ ժողովուրդս չեղողին՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’, պիտի ըսեմ. Ան ալ ինծի՝ ‘Իմ Աստուածս ես’, պիտի ըսէ’»։