ՈՎՍԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 5

Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ քահանաներ Ու մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի տուն Ու ականջ տուէ՛ք, ո՛վ թագաւորի տուն, Վասն զի ձեզի համար դատաստան կայ։ Քանզի դուք Մասփայի մէջ՝ որոգայթ Եւ Թաբօրի վրայ տարածուած վարմ եղաք։
2 Մոլորածները սպաննութիւն ընելով մեղքի մէջ խորասոյզ եղան, Թէեւ ես անոնց ամենուն խրատ կու տայի՝ ՝։
3 Ես Եփրեմը կը ճանչնամ Ու Իսրայէլ ինծմէ պահուած չէ։ Այո՛, հիմա, ո՛վ Եփրեմ, դուն շնութիւն կ’ընես Ու Իսրայէլ պղծուած է։
4 Անոնք իրենց գործերը չեն շտկեր՝ ՝, Որ իրենց Աստուծոյն դառնան. Քանզի անոնց մէջ պոռնկութեան ոգի կայ Ու Տէրը չեն ճանչնար։
5 Ուստի Իսրայէլի հպարտութիւնը իր երեսին առջեւ պիտի խոնարհի՝ ՝ Եւ Իսրայէլ ու Եփրեմ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի գլորին։ Յուդան ալ անոնց հետ պիտի գլորի։
6 Անոնք իրենց ոչխարներովն ու արջառներովը Տէրը փնտռելու պիտի երթան, բայց պիտի չգտնեն։ Անիկա անոնցմէ պահուեցաւ։
7 Անոնք Տէրոջը անհաւատարմութիւն ըրին, Քանզի օտար տղաքներ ծնան. Հիմա իրենց վիճակներովը մէկտեղ Մէկ ամսուան մէջ պիտի սպառին՝ ՝։
8 Գաբաայի մէջ շեփոր հնչեցուցէ՛ք Եւ Ռամայի մէջ՝ փող։ Բեթաւանի մէջ բարձրաձայն կանչեցէ՛ք, Քու ետեւէդ, ո՛վ Բենիամին։
9 Յանդիմանութեան օրը Եփրեմ ամայի պիտի ըլլայ։ Իսրայէլի ցեղերուն մէջ ճշմարիտը ցուցուցի։
10 Յուդայի իշխանները սահմաններ փոխողներու պէս եղան, Անոնց վրայ ջուրի պէս պիտի թափեմ իմ բարկութիւնս։
11 Եփրեմ հարստահարուած ու դատաստանով խորտակուած է Քանզի յօժար կամքով ունայնութեան ետեւէն քալեց։
12 Ուստի ես Եփրեմին՝ ցեցի պէս Եւ Յուդայի տանը փայտի որդի պէս պիտի ըլլամ։
13 Երբ Եփրեմը իր ախտը եւ Յուդան իր վէրքը տեսաւ, Եփրեմ Ասորեստան գնաց Ու Յարեբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց։ Բայց անիկա ձեզ բժշկելու ու ձեր վէրքը առողջացնելու կարող չէ։
14 Քանզի ես Եփրեմին առիւծի պէս Եւ Յուդայի տանը առոյգ առիւծի պէս պիտի ըլլամ. Ես, ե՛ս պիտի պատառեմ ու պիտի երթամ։ Պիտի տանիմ ու ազատող մը պիտի չըլլայ։
15 Ես կրկին իմ տեղս պիտի դառնամ, Մինչեւ անոնք իրենց յանցաւոր ըլլալը խոստովանին ու իմ երեսս փնտռեն։ Երբ նեղութեան մէջ փութով զիս փնտռեն ու ըսեն.