ՈՎՍԵԱՅ
Գլուխ 13
Երբ Եփրեմ դողալով կը խօսէր, Իսրայէլի մէջ ան բարձրացաւ, Բայց Բահաղով յանցաւոր եղաւ ու մեռաւ։
2 Հիմա նորէն մեղք կը գործեն Ու իրենց համար արծաթէ Ձուլածոյ կուռքեր ու արձաններ կը շինեն, Որոնք արհեստաւորի գործեր են։ Անոնց զոհ կը մատուցանեն ու կ’ըսեն. «Զոհ ընող մարդիկ թող հորթերը համբուրեն»։
3 Անոր համար անոնք՝ առաւօտեան ամպի պէս, Կանուխ իջած վաղանցիկ ցօղին պէս, Կալէն փոթորիկով վերցուած մղեղին պէս Ու ծխնելոյզէն ելած ծուխին պէս պիտի ըլլան։
4 Սակայն ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ Ու ինծմէ զատ ուրիշ աստուած մի՛ ճանչնար, Քանզի ինծմէ զատ ուրիշ Փրկիչ չկայ։
5 Ես քեզ անապատի մէջ՝ Խիստ անջրդի երկրի մէջ ճանչցայ։
6 Անոնք իրենց արօտին համեմատ կշտացան, Կշտացան ու անոնց սիրտը հպարտացաւ։ Անոր համար զիս մոռցան։
7 Ուստի անոնց առիւծի պէս պիտի ըլլամ, Ճամբուն քովի ինձի պէս դարանամուտ պիտի ըլլամ։
8 Իր ձագերը կորսնցուցած արջի պէս անոնց վրայ պիտի յարձակիմ Ու անոնց սրտին վարագոյրը պիտի պատռտեմ, Զանոնք առիւծի պէս պիտի ուտեմ։ Դաշտի գազանը պիտի պատառէ զանոնք։
9 Դուն քեզ կորսնցուցիր, ո՛վ Իսրայէլ, Բայց քու օգնութիւնդ միայն ինծմէ է։
10 Հիմա ո՞ւր է քու թագաւորդ, Որպէս զի քու բոլոր քաղաքներդ ազատէ Եւ ո՞ւր են այն իշխանները, որ քեզ պահեն, Որոնց համար ըսիր թէ «Ինծի թագաւոր ու իշխաններ տուր»։
11 Իմ բարկուիթւնովս քեզի թագաւոր տուի Ու իմ սրտմտութիւնովս հեռացուցի։
12 Եփրեմին անօրէնութիւնը կապուած է, Անոր մեղքը պահուած է։
13 Անոր վրայ ծննդական կնոջ ցաւերը պիտի հասնին։ Անիկա իմաստուն տղայ չէ, Ապա թէ ոչ՝ արգանդին բերանը այնչափ ատեն չէր կենար։
14 Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, Զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ։ Ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ. Ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ։ Իմ աչքերէս գութը պիտի ծածկուի։
15 Թէեւ անիկա եղբայրներուն մէջ պտղաբեր ըլլայ, Արեւելեան հովը պիտի գայ, Անապատէն Տէրոջը հովը պիտի ելլէ. Անոր աղբիւրը պիտի ցամքի, Անոր աղբերակը պիտի չորնայ. Անոր բոլոր թանկագին առարկաներուն գանձը պիտի կողոպտուի։
16 Սամարիա աւերակ պիտի ըլլայ, Քանզի իր Աստուծոյ դէմ ապստամբեցաւ. Անոնք սուրով պիտի իյնան, Անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնուին Ու յղի կիները պիտի ճեղքուին։