ՈՎՍԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 6

«Եկէ՛ք, Տէրոջը դառնանք, Քանզի անիկա զարկաւ ու անիկա մեզ պիտի բժշկէ։ Անիկա վիրաւորեց ու անիկա պիտի կապէ,
2 Երկու օրէն մեզ պիտի կենդանացնէ, Երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ Ու անոր առջեւ պիտի ապրինք։
3 Տէրը պիտի ճանչնանք ու զանիկա ճանչնալու ետեւէ պիտի ըլլանք. Անոր ելքը արշալոյսի պէս պատրաստուած է Ու անիկա մեզի պիտի գայ անձրեւի պէս, Երկիրը ոռոգող վերջին անձրեւին պէս։
4 Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Եփրեմ, Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Յուդա, Վասն զի ձեր բարութիւնը առաւօտեան ամպին պէս Ու շուտով ցնդող ցօղի պէս է։
5 Ասոր համար մարգարէներուն ձեռքով զանոնք կոտրեցի, Բերնիս խօսքերովը զանոնք մեռցուցի, Որպէս զի իմ դատաստաններս լոյսի պէս ելլեն։
6 Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ Ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը։
7 Իսկ անոնք Ադամի պէս ուխտազանց եղան Ու ինծի անհաւատարմութիւն ըրին։
8 Գաղաադ անօրէններու քաղաք է, Արեան հետքերով լեցուն է։
9 Ինչպէս աւազակներու գունդերը Մարդու համար դարանամուտ կ’ըլլան, Այնպէս ալ քահանաներուն խումբը Սիւքէմի ճամբուն մէջ սպաննութիւն Եւ եղեռնագործութիւն կ’ընեն։
10 Իսրայէլի տանը մէջ սոսկալի բաներ տեսայ, Եփրեմին պոռնկութիւնները հոն են, Իսրայէլ պղծուեցաւ։
11 Քեզի ալ հունձք մը պատրաստուած է, ո՛վ Յուդա, Երբ իմ ժողովուրդս գերութենէ դարձնեմ։