ՈՎՍԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 4

Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Քանզի Տէրը երկրի բնակիչներուն հետ վէճ ունի, Քանզի երկրի վրայ ճշմարտութիւն չկայ ու ողորմութիւն չկայ Ու Աստուծոյ գիտութիւնը չկայ։
2 Երդումն ու ստախօսութիւնը, մարդասպանութիւնը, Գողութիւնն ու շնութիւնը շատցեր են Ու արիւնները արիւններու կը խառնեն։
3 Անոր համար երկիրը սուգ պիտի բռնէ Ու անոր բոլոր բնակիչները Դաշտի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն հետ պիտի նուաղին Ու ծովու ձուկերն ալ պիտի սպառին։
4 Սակայն մարդ թող չվիճի ու մարդ թող չյանդիմանէ, Քանզի քու ժողովուրդդ քահանային հետ վիճողներու պէս է։
5 Ուստի դուն ցորեկով պիտի գլորիս Ու մարգարէն ալ քեզի հետ գիշերով պիտի գլորի Եւ քու մայրդ բնաջինջ պիտի ընեմ։
6 Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ. Որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր, Ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս։ Որովհետեւ քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար, Ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ։
7 Անոնք որչափ բազմացան, Այնչափ ինծի դէմ մեղք գործեցին. Ուստի անոնց փառքը անարգութեան պիտի փոխեմ։
8 Անոնք իմ ժողովուրդիս մեղքը կ’ուտեն Եւ իրենց սրտերը անոնց անօրէնութեանը կու տան՝ ՝։
9 Ուրեմն ինչպէս ժողովուրդին՝ նոյնպէս ալ քահանային պիտի ըլլայ։ Զանոնք իրենց ճամբաներուն համեմատ պիտի պատժեմ Ու իրենց գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանեմ անոնց։
10 Պիտի ուտեն, բայց պիտի չկշտանան։ Պոռնկութիւն պիտի ընեն եւ պիտի չշատնան. Քանզի Տէրոջը ուշադրութիւն չըրին։
11 Շնութիւնը, գինին ու քաղցուն Սիրտը կը խաբեն։
12 Իմ ժողովուրդս իր փայտին կը հարցնէ Ու իր ցուպը իրեն կ’իմացնէ. Քանզի պոռնկութեան ոգին զանոնք գլխէ հանեց Ու իրենց Աստուածը լքելով պոռնկացան։
13 Լեռներուն գլուխները զոհ կը մատուցանեն, Բլուրներուն վրայ՝ կաղնիի, կաղամախի ու բեւեկնիի տակ, Անոնց հովանիին հաճելի ըլլալուն համար, խունկ կը ծխեն. Անոր համար ձեր աղջիկները պոռնկութիւն պիտի ընեն Ու ձեր հարսերը շնութիւն պիտի ընեն։
14 Ձեր աղջիկները պիտի չպատժեմ երբ պոռնկութիւն ընեն, Ո՛չ ալ ձեր հարսերը՝ երբ շնութիւն ընեն. Քանզի հայրերը իրենք պոռնիկներուն հետ կը մեկուսանան Ու հանրակիներուն հետ կը զոհեն, Ուստի անմիտ ժողովուրդը պիտի կործանի։
15 Թէեւ դուն պոռնկութիւն կ’ընես, ո՛վ Իսրայէլ, Յուդա թող յանցաւոր չըլլայ Ու Գաղգաղա մի՛ մտնէք ու Բեթաւան մի՛ ելլէք։ «Տէրը կենդանի է» ըսելով՝ երդում մի՛ ընէք։
16 Քանզի Իսրայէլ կամակոր երինջի պէս ապստամբեր է։ Հիմա Տէրը լայնարձակ տեղ մը գառներու պէս պիտի արածէ զանոնք։
17 Եփրեմ կուռքերու յարեր է. Զանիկա թող տուր։
18 Անոնց խնճոյքը ապականած է։ Շատ պոռնկութիւն ըրին։ Տուէք ըսելը կը սիրեն։ Ամօ՜թ անոնց իշխաններուն։
19 Հովը զանիկա իր թեւերուն վրայ պիտի կապէ Ու անոնք իրենց զոհերէն պիտի ամչնան։