ՈՎՍԵԱՅ
Գլուխ 8
Փողը բերանդ դի՛ր։ Թշնամին Տէրոջը տանը վրայ արծիւի պէս պիտի գայ, Քանզի իմ ուխտս զանց ըրին Ու իմ օրէնքիս դէմ յանցանք գործեցին։
2 Իսրայէլ ինծի կ’աղաղակէ ու կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ Աստուածս, մենք քեզ կը ճանչնանք»։
3 Իսրայէլ բարին մերժեց, ուստի Թշնամին պիտի հալածէ զանիկա։
4 Անոնք թագաւորներ դրին, բայց ոչ ինծմով։ Իշխաններ ընտրեցին, բայց ես չգիտցայ։ Իրենց արծաթովն ու ոսկիովը իրենց կուռքեր շինեցին, Որպէս զի բնաջինջ ըլլան։
5 Քու հորթդ, ո՛վ Սամարիա, մերժուեցաւ. Իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքեցաւ. Մինչեւ ե՞րբ անմեղութիւնը ձեռք պիտի չբերեն։
6 Քանզի ասիկա ալ Իսրայէլէն է, Արհեստաւորը շինեց զանիկա, ուրեմն Աստուած չէ. Ուստի կտոր կտոր պիտի ըլլայ Սամարիայի հորթը։
7 Քանզի հով ցանեցին ու մրրիկ պիտի հնձեն. Անիկա հասուն ցորեն պիտի չբերէ Ու անոր արդիւնքէն ալիւր պիտի չըլլայ։ Եթէ ըլլայ ալ՝ օտարները պիտի ուտեն զանիկա։
8 Իսրայէլ կլլուեցաւ։ Հիմա ազգերուն մէջ անպէտ ամանի պէս պիտի ըլլան։
9 Քանզի անոնք առանձնակեաց վայրենի իշու պէս Ասորեստան գացին։ Եփրեմ վարձքով սիրականներ բռնեց։
10 Թէեւ ազգերէն օգնականներ վարձքով բռնեն ալ, հիմա զանոնք պիտի հաւաքեմ. Թագաւորն ու իշխանները օծելէ քիչ մը պիտի դադարին՝ ՝։
11 Քանզի Եփրեմ շատ սեղաններ շինեց, Որոնք իրեն մեղքի համար եղան։
12 Իմ օրէնքիս մեծ բաները անոր գրեցի, Սակայն օտար բանի պէս սեպուեցաւ։
13 Անոնք զհաբերութիւնը կը սիրեն, Անոնք միս կը զոհեն ու կ’ուտեն, Բայց Տէրը անոնցմէ չի հաճոյանար։ Հիմա անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ Եւ անոնց մեղքերը պիտի պատժէ. Անոնք Եգիպտոս պիտի դառնան։
14 Քանզի Իսրայէլ իր Ստեղծողը մոռցաւ ու մեհեաններ շինեց։ Յուդա պարսպապատ քաղաքները շատցուց. Բայց ես անոր քաղաքներուն վրայ կրակ պիտի թափեմ, Որը անոր ամրոցները պիտի այրէ։