ՈՎՍԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14


Գլուխ 10

Իրեն համար պտուղ կը բերէ։ Իր պտուղին շատութեանը չափ սեղաններ շատցուց, Իր երկրին գեղեցկութեանը պէս գեղեցիկ կուռքեր շինեց։
2 Անոնց սիրտը փոփոխական է, հիմա յանցաւոր պիտի երեւին։ Տէրը անոնց սեղանները պիտի փլցնէ, Անոնց կուռքերը պիտի կործանէ։
3 Վասն զի հիմա անոնք պիտի ըսեն. «Մենք թագաւոր չունինք, Քանզի Տէրոջմէն չվախցանք։ Թագաւորը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել»։
4 Ուխտ ըրած ատեննին սուտ երդում ընելով խօսեցան։ Պատուհասը արտին ակօսներուն մէջ թունաւոր խոտերու պէս պիտի բուսնի։
5 Սամարիայի բնակիչները Բեթաւանի հորթերուն պատճառով պիտի վախնան, Քանզի անոր վրայ անոր ժողովուրդը սուգ պիտի ընէ Ու անոր քուրմերը անոր փառքին համար պիտի դողան, Քանզի անիկա գերութեան տարուեցաւ։
6 Անիկա ալ Ասորեստան պիտի տարուի՝ Յարէբ թագաւորին պարգեւ ըլլալու համար։ Եփրեմ ամօթ պիտի զգայ Ու Իսրայէլ իր խորհուրդէն պիտի ամչնայ։
7 Սամարիայի թագաւորը՝ ՝ բնաջինջ պիտի ըլլայ Ջուրի երեսին վրայ եղող փրփուրի պէս։
8 Աւենի բարձր տեղերը եւ Իսրայէլի մեղքը աւերակ պիտի ըլլան։ Անոնց սեղաններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի բուսնի։ Լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեզ ծածկեցէ՛ք» Ու բլուրներուն՝ «Մեր վրայ ինկէ՛ք»։
9 Գաբաայի օրերէն ի վեր մեղք գործեցիր, ո՛վ Իսրայէլ. Հոն հաստատուեցան քուկիններդ։ Միթէ Գաբաայի մէջ չարութեան որդիներուն դէմ եղած պատերազմը պիտի չհասնի՞։
10 Կամակոր ժողովուրդին դէմ պիտի ելլեմ զանոնք պատժելու համար Եւ ժողովուրդները անոնց դէմ պիտի հաւաքուին, Երբ իրենց կրկնակի անօրէնութիւններուն համար պատժուին։
11 Ու Եփրեմ երինջ մըն էր, որ կը սիրէր կամնել, Բայց ես անոր պարանոցին գեղեցկութեանը վրայ լուծ մը անցուցի։ Եփրեմը կառքի պիտի լծեմ, Յուդան պիտի հերկէ, Յակոբը անոր ետեւէն պիտի տափանէ։
12 Ձեզի արդարութիւնով ցանեցէ՛ք Ու ողորմութիւնով հնձեցէ՛ք։ Չմշակուած երկիրը հերկեցէ՛ք, Քանզի Տէրը փնտռելու ատենն է, Մինչեւ ինք գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղացնէ։
13 Ամբարշտութեամբ ցանեցիք ու անօրէնութիւն հնձեցիք, Ստութեան պտուղը կերաք, Քանզի դուք ձեր կուռքերուն եւ մարտիկներուն ապաւինեցաք,
14 Ուստի ձեր ժողովուրդներուն մէջ խռովութիւն պիտի ելլէ Եւ ձեր բոլոր բերդերը պիտի կործանուին, Ինչպէս Սաղման պատերազմին օրը Բեթարբէլը կործանեց, Ուր մայրը իր տղաքներուն վրայ գետինը զարնուեցաւ։
15 Բեթէլ ձեզի ասոր պէս պիտի ընէ, Ձեր չափազանց չարութեանը համար։ Փոթորիկի մէջ Իսրայէլի թագաւորը բոլորովին պիտի ջնջուի։