ԴԱՆԻԷԼ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 12

Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կենայ ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի։
2 Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար։
3 Եւ իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից։
4 «Դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։
5 Ես՝ Դանիէլս՝ տեսայ թէ ուրիշ երկու մարդիկ կայներ էին, մէկը գետին մէկ եզերքը ու միւսը՝ գետին միւս եզերքը։
6 Մէկը ըսաւ այն կտաւ հագած մարդուն, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր. «Այս սքանչելի բաներուն վերջը ե՞րբ պիտի ըլլայ»։
7 Եւ լսեցի որ այն կտաւ հագած մարդը, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր, իր աջ ու ձախ ձեռքերը երկինք վերցնելով՝ յաւիտեան կենդանի եղողին վրայ երդում ըրաւ, որ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ պիտի ըլլայ ու երբ սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը բոլորովին ցրուի, այս բոլորը պիտի կատարուին։
8 Ես լսեցի, բայց չհասկցայ ու ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, ասոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։
9 Անիկա ըսաւ. «Գնա՛, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են։
10 Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան։
11 Ու մշտնջենապէս այրուող զոհին վերցուելուն եւ աւերող պղծութեանը դրուելուն ժամանակէն՝ ՝ հազար երկու հարիւր իննիսուն օր պիտի ըլլայ։
12 Երանի՜ անոր որ պիտի սպասէ ու հազար երեք հարիւր երեսունըհինգ օրուան պիտի հասնի։
13 Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս»։