ԴԱՆԻԷԼ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 8

«Բաղտասար թագաւորին թագաւորութեանը երրորդ տարին
2 Տեսիլքի մէջ Եղամի գաւառին Շուշան մայրաքաղաքն էի, Ուլա գետին քով։
3 Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ գետին քով խոյ մը կայնած էր։ Անիկա երկու եղջիւր ունէր։ Եղջիւրներէն մէկը միւսէն բարձր էր։ Այն բարձրը ետքէն ելաւ։
4 Տեսայ այն խոյը, որ իր եղջիւրներով դէպի արեւմուտք, դէպի հիւսիս ու դէպի հարաւ կը զարնէր ու բնաւ գազան մը անոր առջեւ չէր կրնար կայնիլ եւ անոր ձեռքէն ազատուող չկար. այնպէս որ անիկա իր ուզածին պէս ըրաւ ու մեծցաւ։
5 «Երբ կը մտածէի, ահա արեւմուտքէն արագընթաց արու այծ մը՝ քօշ մը՝ տեսայ, որուն ոտքերը գետնին չէին դպչիր։ Քօշը իր աչքերուն մէջտեղ ուշագրաւ եղջիւր մը ունէր։
6 Անիկա հասաւ մինչեւ երկու եղջիւր ունեցող խոյը, որը տեսայ թէ գետին քով կայնած էր ու իր կատաղի զօրութիւնովը խոյին վրայ յարձակեցաւ։
7 Տեսայ թէ երբ խոյին մօտեցաւ, զայրացաւ եւ խոյին զարկաւ ու անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Խոյը ոյժ չունէր, որ դիմանար։ Ան զինք գետինը զարկաւ ու կոխկռտեց։ Մէ՛կը չկար, որ խոյը անոր ձեռքէն ազատէր։
8 Երբ քօշը խիստ մեծցաւ, ուժովցածին պէս՝ այն մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ եւ անոր տեղ դէպի երկնքի չորս հովերը ուրիշ չորս աչքառու եղջիւրներ ելան։
9 Անոնցմէ մէկին մէջէն պզտիկ եղջիւր մը ելաւ։ Անիկա դէպի հարաւ, դէպի արեւելք ու դէպի փառաւոր երկիրը խիստ մեծցաւ
10 Ու մինչեւ երկնքի զօրքը մեծցաւ եւ քանի մը զօրք ու աստղեր գետինը ձգեց ու զանոնք կոխկռտեց
11 Մինչեւ որ զօրքերու Իշխանը ինքզինք բարձրացուց ու անկէ մշտնջենապէս այրուող զոհը վերցուեցաւ եւ անոր սրբարանին բնակարանը կործանուեցաւ։
12 Ու զօրք մը ամբարշտութեամբ մշտնջենապէս այրուող զոհին դէմ դրաւ ու ճշմարտութիւնը գետինը զարկաւ։ Ինչ որ ըրաւ՝ յաջողեցաւ։
13 Լսեցի որ սուրբ մը կը խօսէր եւ ուրիշ սուրբ մը առաջին խօսողին ըսաւ. ‘Մշտնջենապէս այրուող զոհին ու աւերող ամբարշտութեանը ու սրբարանին զօրքին կոխկռտուելուն տեսիլքը մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ’։
14 Առաջինը ինծի ըսաւ. ‘Մինչեւ երկու հազար երեք հարիւր օր, ետքը սրբարանը պիտի մաքրուի’։
15 «Երբ ես՝ Դանիէլս՝ տեսիլքը տեսայ ու մեկնութիւնը կ’ուզէի հասկնալ, ահա իմ առջեւս մարդու կերպարանքով մէկը կանգնեցաւ։
16 Ես Ուլա գետին մէջէն մարդու ձայն լսեցի, որ կը կանչէր ու կ’ըսէր.
17 ‘Ո՛վ Գաբրիէլ, տեսիլքը ատոր հասկցուր’։ Գաբրիէլը իմ կեցած տեղիս մօտ եկաւ, վախցայ ու երեսիս վրայ ինկայ։ Անիկա ինծի ըսաւ. «Հասկցի՛ր, որդի՛ մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է»։
18 Երբ անիկա ինծի հետ կը խօսէր, ես թմրած՝ երեսիս վրայ գետինը ինկած էի։ Անիկա ինծի դպաւ ու զիս իմ կեցած տեղս կայնեցուց
19 Ու ըսաւ. ‘Ահա քեզի կ’իմացնեմ բարկութեանս վերջը ըլլալիքը, վասն զի այս տեսիլքը վերջի ժամանակին համար է։
20 Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։
21 Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։
22 Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը։
23 Անոնց թագաւորութեանը վերջը, երբ ամբարիշտները իրենց ամբարշտութեան չափը լեցնեն, պնդերես ու խորագէտ թագաւոր մը պիտի ելլէ։
24 Անոր իշխանութիւնը պիտի զօրանայ, բայց ո՛չ թէ իր զօրութիւնովը ու անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ եւ իր կատարածներուն մէջ պիտի յաջողի, պիտի կործանէ զօրաւոր մարդիկն ու սուրբերու ժողովուրդը։
25 Իր խորամանկութեամբ պիտի յաջողի իր նենգաւոր ճամբաներուն մէջ ու իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ ու խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ եւ իշխաններուն Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։
26 Իրիկուան ու առտուան տեսիլքը, որ ցուցուեցաւ՝ ճշմարիտ է. բայց դուն տեսիլքը գոցէ, քանզի վերջի օրերու համար է’։
27 «Ու ես՝ Դանիէլս՝ մարեցայ եւ քանի մը օր հիւանդացայ։ Ետքը ելայ թագաւորին գործով զբաղեցայ ու տեսիլքին համար զարմացումի մէջ էի։ Մէկը չկար որ ինծի հասկցնէր»։