ԴԱՆԻԷԼ
Գլուխ 1
Յուդայի թագաւորին Յովակիմին թագաւորութեան երրորդ տարին Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։
2 Տէրը անոր ձեռքը տուաւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորը ու Աստուծոյ տանը անօթներուն մէկ մասը։ Անիկա զանոնք Սենաար երկիրը, իր աստուծոյն տունը տարաւ ու անօթները իր աստուծոյն գանձատունը դրաւ։
3 Թագաւորը իր ներքինապետին Ասփանէզին ըսաւ որ Իսրայէլի որդիներէն ու թագաւորական սերունդէն եւ իշխաններէն
4 ‘Բնաւ արատ չունեցող, գեղեցիկ դէմքով ու ամէն իմաստութեան հմուտ ու գիտութեան տեղեակ, հանճարեղ եւ թագաւորին պալատին մէջ կայնելու կարողութիւն ունեցող տղաքներ բերէ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներու գիրն ու լեզուն սորվեցնէ’։
5 Թագաւորը անոնց օրական ռոճիկ սահմանեց՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրէն ու իր խմած գինիէն, որպէս զի անոնք երեք տարի սնանին ու ետքը թագաւորին առջեւ կայնին։
6 Անոնց մէջ էին Յուդայի որդիներէն Դանիէլ, Անանիա, Միսայէլ ու Ազարիա։
7 Ներքինապետը անոնց անունները դրաւ. Դանիէլին՝ Բաղտասասար, Անանիային՝ Սեդրաք, Միսայէլին՝ Միսաք ու Ազարիային՝ Աբեդնագով։
8 Դանիէլ որոշեց որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովն ու անոր խմած գինիովը չպղծուի, ուստի ներքինապետէն թոյլտուութիւն խնդրեց, որ ասոնցմով ինքզինք չպղծէ։
9 Աստուած ներքինապետին առջեւ շնորհք ու գթութիւն գտնել տուաւ Դանիէլին։
10 Ներքինապետը Դանիէլին ըսաւ. «Ես կը վախնամ իմ թագաւոր տիրոջմէս, որ ձեր ուտելիքն ու խմելիքը սահմանեց. վասն զի ինչո՞ւ համար անիկա ձեր երեսները աւելի տկար տեսնէ քան ձեզի հասակակից եղող միւս տղաքներուն երեսները։ Ասով թագաւորին առջեւ գլուխս պիտի վտանգէք»։
11 Դանիէլ ըսաւ տնտեսին, որ ներքինապետը Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային վրայ դրեր էր.
12 «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներդ տասը օր փորձէ՛ ու մեզի ուտելու համար ընդեղէն ու խմելու համար ջուր տուր։
13 Դուն մեր դէմքը ու թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող տղոց դէմքը քննէ՛ եւ ինչպէս տեսնես՝ անոր համեմատ ըրէ քու ծառաներուդ»։
14 Անիկա ասոր համաձայնեցաւ ու զանոնք տասը օր փորձեց։
15 Տասը օր ետքը անոնց դէմքը՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող բոլոր տղաքներուն դէմքէն աւելի աղէկ ու գէր երեւցաւ։
16 Ուստի տնտեսը անոնց ազնիւ կերակուրը ու խմելու գինին կը վերցնէր ու անոնց ընդեղէն կու տար։
17 Աստուած այս չորս տղաքներուն՝ ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար տուաւ։ Դանիէլ ամէն տեսիլք ու երազ կը հասկնար։
18 Որոշուած օրերը լմննալէն ետքը, թագաւորը հրաման ըրեր էր, որ զանոնք իրեն տանին։ Ներքինապետը զանոնք Նաբուգոդոնոսորին առջեւ տարաւ։
19 Թագաւորը անոնց հետ խօսեցաւ եւ Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային պէս մէկը չգտնուեցաւ անոնց ամենուն մէջ։ Անոնք թագաւորին առջեւ կը կայնէին։
20 Թագաւորը՝ անոնց հարցուցած իմաստութեան ու գիտութեան վերաբերեալ բոլոր բաներուն մէջ՝ զանոնք իր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց գտաւ։
21 Դանիէլ մինչեւ Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին մնաց։