ԴԱՆԻԷԼ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 5

Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ կոչունք տուաւ ու հազարին առջեւ գինի խմեց։
2 Երբ Բաղտասար գինիէն զուարթացաւ, հրամայեց որ իր հօրը Նաբուգոդոնոսորին Երուսաղէմի տաճարէն հանած ոսկիէ ու արծաթէ անօթները բերեն, որպէս զի թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեն։
3 Ուստի Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը տաճարէն հանուած ոսկի անօթները բերին եւ թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեցին։
4 Անոնք գինի խմեցին ու ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները գովեցին։
5 Նոյն ժամուն մարդու ձեռքի մատեր ելան ու աշտանակին դէմ, թագաւորական պալատին պատին ծեփին վրայ գրեցին եւ թագաւորը այն գրող ձեռքին թաթը տեսաւ։
6 Այն ատեն թագաւորին գոյնը փոխուեցաւ ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդուածները կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնուէին։
7 Թագաւորը բարձրաձայն աղաղակեց որ հմայողները, Քաղդեանները ու բաղդ նայողները գան։ Թագաւորը Բաբելոնի իմաստուններուն ըսաւ. «Ո՛վ որ այս գիրը կարդայ ու մեկնութիւնը ինծի իմացնէ, ծիրանի պիտի հագնի ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ պիտի դրուի եւ թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլայ»։
8 Ուստի թագաւորին բոլոր իմաստունները եկան, բայց չկրցան կարդալ ու անոր մեկնութիւնը թագաւորին իմացնել։
9 Այն ատեն Բաղտասար թագաւորը սաստիկ խռովեցաւ ու երեսին գոյնը փոխուեցաւ։ Անոր մեծամեծներն ալ սարսափեցան։
10 Թագուհին թագաւորին ու անոր մեծամեծներուն խօսքերը իմանալով՝ կոչունքին պալատը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. քու խորհուրդներդ քեզ չխռովեցնեն ու երեսիդ գոյնը թող չփոխուի.
11 Քու թագաւորութեանդ մէջ մարդ մը կայ, որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Քու հօրդ օրերը անոր վրայ լոյս, հանճար ու աստուածներուն իմաստութեանը պէս իմաստութիւն տեսնուեցաւ եւ քու հայրդ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զանիկա մոգերուն, հմայողներուն, Քաղդեաններուն ու բաղդ նայողներուն վրայ իշխան դրաւ։
12 Քանզի այն մարդուն քով, այսինքն Դանիէլին, որուն անունը թագաւորը Բաղտասասար դրաւ, գերազանց հոգի, գիտութիւն ու հանճար կայ երազները մեկնելու, առեղծուածները յայտնելու ու դժուարին խնդիրները լուծելու։ Դանիէլը թող կանչուի ու անիկա մեկնութիւնը պիտի իմացնէ»։
13 Այն ատեն Դանիէլը թագաւորին առջեւ տարուեցաւ։ Թագաւորը խօսեցաւ ու Դանիէլին ըսաւ. «Իմ թագաւոր հօրս Հրէաստանէն բերած Հրէաստանի գերիներէն եղող Դանիէլը դո՞ւն ես,
14 Վասն զի քեզի համար լսեցի թէ քու ներսդ աստուածներու հոգի կայ եւ քու քովդ լոյս, հանճար ու գերազանց իմաստութիւն կը գտնուի։
15 Հիմա իմ առջեւս իմաստուններ ու հմայողներ բերուեցան, որպէս զի այս գրուածը կարդան ու զայն մեկնեն, բայց անոնք չկրցան այս խօսքը մեկնել։
16 Ես քեզի համար լսեցի թէ մեկնելու եւ դժուարին խնդիրներ լուծելու կարող ես։ Եթէ դուն այդ գրուածը կարենաս կարդալ եւ զայն մեկնել, ծիրանի պիտի հագնիս եւ քու պարանոցդ ոսկի մանեակ պիտի դրուի ու թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլաս»։
17 Այն ատեն Դանիէլ պատասխան տուաւ ու թագաւորին ըսաւ. «Քու պարգեւներդ քեզի ըլլան ու նուէրներդ ուրիշին տուր. բայց ես այն գրուածը թագաւորին պիտի կարդամ ու մեկնեմ զայն։
18 Ո՛վ թագաւոր, Բարձրեալն Աստուած քու հօրդ Նաբուգոդոնոսորին թագաւորութիւն ու մեծութիւն եւ պատիւ ու փառք տուաւ.
19 Անոր տուած մեծութենէն բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր երեսէն կը դողային ու կը վախնային։ Անիկա ուզածը կը մեռցնէր եւ ուզածը ողջ կը թողուր։ Անիկա ուզածը կը բարձրացնէր եւ ուզածը կը ցածցնէր։
20 Բայց, երբ անոր սիրտը հպարտացաւ ու անոր հոգին ամբարտաւանութեամբ լեցուեցաւ, իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ ու պատիւը անկէ առնուեցաւ։
21 Անիկա մարդոց որդիներուն մէջէն վռնտուեցաւ ու անոր սիրտը անասուններու պէս եղաւ եւ անոր բնակութիւնը վայրենի էշերու հետ եղաւ։ Արջառներու պէս խոտ կը կերցնէին անոր ու անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ գիտցաւ թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալն Աստուած կը տիրէ ու իր ուզած մարդը անոր վրայ կը դնէ։
22 Ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէեւ այս բոլորը գիտէիր,
23 Այլ երկնքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր ու անոր տանը անօթները քու առջեւդ բերին եւ դուն ու քու մեծամեծներդ, քու կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք։ Դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գովեցիր, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ բան մը գիտեն։ Բայց այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ եւ որունն են քու բոլոր ճամբաներդ, չփառաւորեցիր.
24 Անոր համար այն ձեռքի թաթը անոր կողմէ ղրկուեցաւ, որ այս գրուածքը գրեց։
25 Այսպէս գրուած է. ‘ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ՈՒ ՓԱՐՍԻՆ’
26 Այս խօսքին մեկնութիւնն այս է. ‘Մանէ, Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրեց ու զանիկա վերջացուց։
27 Թեկէղ, կշիռքով կշռուեցար եւ պակաս գտնուեցար։
28 Փարսին, քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ եւ Մարերու ու Պարսիկներու տրուեցաւ’»։
29 Այն ատեն Բաղտասար հրամայեց ու Դանիէլին ծիրանի հագցուցին ու պարանոցը ոսկի մանեակ դրին եւ անոր համար մունետիկ կանչել տուին՝ թէ ‘Թագաւորութեանը երրորդ իշխանը եղաւ’։
30 Նոյն գիշերը Քաղդէացիներու Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ։ Մարերու Դարեհ թագաւորը առաւ թագաւորութիւնը, երբ հազիւ վաթսունըերկու տարեկան էր։