ԴԱՆԻԷԼ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 6

Դարեհի առջեւ հաճոյ երեւցաւ, որ թագաւորութեանը վրայ հարիւր քսան կուսակալներ դնէ, որոնք բոլոր թագաւորութեանը մէջ ըլլան։
2 Անոնց վրայ երեք հրամանատար կարգեց, որոնցմէ մէկը Դանիէլն էր. որպէս զի կուսակալները ասոնց հաշիւ տան, որպէս զի թագաւորը չվնասուի։
3 Եւ Դանիէլ միւս հրամանատարներէն եւ կուսակալներէն նախապատիւ էր, վասն զի անոր վրայ գերազանց հոգի կար ու թագաւորը կը մտածէր զանիկա բոլոր թագաւորութեանը վրայ դնել։
4 Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասն զի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։
5 Ուստի այս մարդիկը ըսին. «Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք»։
6 Այն ատեն հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորին քով հաւաքուեցան ու անոր այսպէս ըսին.
7 «Ո՛վ Դարեհ թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցի՛ր։ Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականներն ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրամանով մը օրէնք մը հաստատուի։ ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի’։
8 Հիմա, ո՛վ թագաւոր, այս օրէնքը հաստատէ ու հրովարտակը ստորագրէ, որպէս զի Մարերու եւ Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ չփոխուի»։
9 Ուստի Դարեհ թագաւորը հրովարտակն ու արգելիչ օրէնքը ստորագրեց։
10 Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս։
11 Ուստի այս մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանիէլը գտան, որ իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր։
12 Այն ատեն մօտեցան ու թագաւորին առջեւ թագաւորին արգելիչ օրէնքին համար ըսին. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այդ խօսքը ճշարիտ է՝ Մարերու ու Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ»։
13 Այն ատեն անոնք թագաւորին ըսին. «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն Դանիէլը քեզ եւ քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չի դներ, ո՛վ թագաւոր ու օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։
14 Այն ատեն թագաւորը այս խօսքերը լսածին պէս՝ շատ տրտմեցաւ ու մտածեց Դանիէլը ազատել ու մինչեւ արեւուն մտնելը ջանաց զանիկա ապրեցնել,
15 Բայց այն մարդիկը թագաւորին քով եկան ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, գիտցիր թէ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքը այս է, որ թագաւորին հաստատած ոեւէ արգելիչ օրէնք ու հրաման չի փոխուիր»։
16 Այն ատեն թագաւորը հրամայեց, որ Դանիէլը բերեն եւ զանիկա առիւծներուն գուբը նետեն։ Թագաւորը Դանիէլին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ»։
17 Ու քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին։ Թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլին վիճակը չփոխուի։
18 Ետքը թագաւորը իր տունը գնաց ու գիշերը անօթի անցուց։ Իր առջեւ նուագարաններ բերել չտուաւ ու քունը փախաւ։
19 Թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ ու արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։
20 Երբ գուբին մօտեցաւ, տրտում ձայնով մը Դանիէլին պոռաց, եւ թագաւորը Դանիէլին ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։
21 Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր.
22 Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։
23 Այն ատեն թագաւորը շատ ուրախացաւ ու հրամայեց որ Դանիէլը գուբէն հանեն։ Դանիէլը գուբէն հանեցին ու անոր վրայ ոեւէ վնաս չտեսնուեցաւ, վասն զի իր Աստուծոյն հաւատաց։
24 Թագաւորը հրամայեց ու Դանիէլին վրայ չարախօսութիւն ընող մարդիկը բերին եւ զանոնք ու անոնց տղաքները ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին։ Անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ յարձակեցան ու անոնց բոլոր ոսկորները փշրեցին։
25 Այն ատեն Դարեհ թագաւորը բոլոր երկրի ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն այսպէս գրեց. «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ.
26 Ինծմէ հրաման ելաւ, որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ։
27 Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ եւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ եւ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց»։
28 Այսպէս Դանիէլ Դարեհի թագաւորութեանը ու Պարսիկ Կիւրոսի թագաւորութեանը ատեն յաջողութիւն գտաւ։